Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւթ Չաւուշողլու քննադատեց կարիքներու գնահատման առաքելութիւն մը Հայաստան ուղարկելու ԵԱՀԿի որոշումը: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Նիուզ»ը։
Ելոյթ ունենալով Մերսին նահանգին մէջ՝ ան դիտել տուաւ, թէ ԵԱՀԿը ինքնիրեն իբրեւ «Անլուծելի հարցերու կեդրոն» հռչակած է, իսկ Հայաստանի վերաբերեալ վերջին որոշումը կը հակասէ կազմակերպութեան պահանջներուն ու յանձնառութեան:
«Սեփական դիրքորոշումը պարտադրելու փորձը եւ սթաթուս քոյի ձեւաւորումը անընդունելի է», նշեց Չաւուշողլու։
Ան յիշեցուց հայ-ատրպէյճանական տագնապին վերաբերեալ ԵԱՀԿի երկարամեայ ձախողած միջնորդական ջանքերը: «Տարիներու ընթացքին, անոնք պարզապէս ձգձգեցին գործընթացը: Իսկ այսօր, առաքելութիւն կամ դիտորդներ ուղարկելով՝ կը փորձեն անտեսել Ատրպէյճանի դիրքորոշումը: Հայաստանին աջակցելու ցանկութիւնը ակնյայտ է», շեշտեց ան։
Ըստ անոր՝ Եւրոպական Միութեան մէջ եւս առանձնայատուկ անկեղծութիւն չկայ: «Եւրոպական Միութիւնը չի կատարեր համաձայնագիրներու պարտաւորութիւնները», յայտարարեց Չաւուշողլու՝ նոյն ամանակ նշելով, որ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ երկխօսութեան որեւէ դրական զարգացում դրական կ՛ազդէ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ բանակցութիւններուն վրայ: «Վերջապէս, ամէնէն աւելի պիտի շահի ինքնին Եւրոպան», աւելցուց Չաւուշօղլու։