
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութինը հանդիպում մը ունեցաւ Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի նորընտիր նախագահ Փօլ Գրիգորեանի եւ Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամ Ատրին Նազարեանի հետ՝ քննարկելով Քալիֆորնիոյ հայ համայնքը յուզող շարք մը հարցեր, ներառեալ՝ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ անկայուն վիճակը, Լոս Անճելըսի մէջ միջհամայնքային լարուածութիւնները եւ քաղաքին նոր սահմաններուն գծով սկսած հետախուզութիւնը, նկատի ունենալով այն իրողութիւնը, որ վերջերս բացայայտուած էին փաստեր, որոնք կասկածի տակ կը դնեն նոր սահամանագծումը։
«Արդիւնաբեր հանդիպում մը ունեցանք Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի նորընտիր նախագահ Փօլ Գրիգորեանի եւ Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամ Ատրին Նազարեանի հետ։ Շնորհակալութիւն կը յայտնենք անոնց, որ առիթ ընծայեցին մեզի՝ թափանցիկ խորհրդակցութիւններ ունենալու քաղաքին եւ մեր համայնքին դիմագրաւած շարք մը բարդ հարցերու շուրջ», կը յայտնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան, որ աւելցուց, թէ կողմերը խոստացան համագործակցութիւնը սերտացնել։
Գրիգորեան իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին, որ «մեր բոլորին շահերէն բխող արդիւնաբեր խորհրդակցութիւններու մասնակցեցաւ»։
Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Գրիգորեանի անձնակազմի պետ Գարօ Թորոսեան եւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի անձնակազմի անդամներ։