Պելոռուսի նախագահը հայ-ատրպէյճանական սահմանին տիրող իրավիճակը քննարկեց ՀԱՊԿի ընդհանուր քարտուղար Սթանիսլաւ Զասի հետ։ Այս մասին, ըստ «Ազատութեան», հաղորդեցին Պելոռուսի պաշտօնական աղբիւրները:
Լուքաշենքօ դարձեալ պնդեց, որ հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւնները ՀԱՊԿի գործը չեն:
«Որոշ խաղեր կ՛ընթանան: Ես կը հասկնամ, թէ ի՛նչ խաղեր են, թէ ինչո՛ւ Եւրոպական Միութիւնը կը ներգրաւեն այնտեղ, ինչու հոն կը բերեն ԵԱՀԿը: Ինչո՞ւ: Հասկնալի է չէ՞ ինչու: Անոնք ի՞նչ պիտի ընեն հոն, եթէ այնտեղ արդէն միջնորդ կայ: ՀԱ՞ՊԿն ալ ներգրաւել: Կարծես, թէ այլ զբաղում չկայ», Լուքաշենքոյի խօսքերը մէջբերեց «Բելտա» պետական լրատուական գործակալութիւնը: