ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Ո՞ր ածականը յարմար պիտի գար, երբ ամէն բանէ աւելի յարգի է ազգին լեռնաշխարհը, մայրը, գիրերու գիւտարարը, եւ այն ամէնը, որ անոր միտքի թանկագին յղացումն է…։ Հայը որոշեց գին չնշանակել անոնց: Մեր մայրենին այդ բոլորը – ներառեալ Աղթամարը ու Անին – երկիւղածութեամբ անուանեց՝ «անգին»:
Այսօր, յարգելի ընթերցող, երբ ազգը կը հպարտանայ ազգասիրութեան ամենաբարձր պատիւին արժանացած իր անգին զաւակներով, երբ հայոց միտքի արգանդէն անգին նոր ստեղծագործութիւններ ծնունդ կ՛առնեն, որոշեցի այցելել մեր գրականութեան պարարտ այգին, քաղել ընտիր տողիկներ ու ձեզի պարգեւել ընտիր փունջ մը:
«Անգին» բառը, հակառակ իր «ան» մասնիկին, ըստ հայկական մշակութային եւ բարոյական ըմբռնումին՝ դրական բառ է: Ան «գին»ի բացակայութիւնն է, ուր առարկան վաճառքի առարկայ չէ: Ան ո՛չ թէ զուրկ, այլ վեր է նիւթական բոլոր չափերէն:
Անգին բառը հայկական գրականութեան մէջ ունեցաւ ջերմագին երկրպագուներ: Թերթեցէք մատեաններու էջերը ու դուք կը տեսնէք, թէ սեւազգեստ երէցներէն մինչեւ սիրավառ աշուղներ, բոլոր հայերը իրենց անգին շնորհը, գրիչն ու շունչը նուիրած են իրենց անգինին: Այժմ տեսնենք, թէ ո՛ր գեղեցիկը արժանացաւ այդ ածականին:
Մեր հեղինակները 10րդ դարուն նկատեցին «անգին»ը: Անոնցմէ առաջիններէն էր Նարեկացին, որ մեզի պարգեւեց «անգին գանձ» արտայայտութիւնը: Հայր սուրբը նկատի ունէր բարոյական, հոգեւոր գանձը: Հինգ դար յետոյ, փոխուեցաւ մեր աշխարհահայեացքը, բացուեցան մեր աչքերը ու մեր լեռնաշխարհի նիւթական գեղեցկութիւնները մեզի համար մէկ առ մէկ «անգին» դարձան: Սահակ Սիրացու տաղասացը իր հողեղէն սիրածին նայեցաւ ու ըսաւ. «Աչքերդ կանթեղ է, ուներդ կամար… / Ակռաներդ մարգարիտ, ալմաստ, անգին քար»: Յակոբ Սսեցին ըսաւ, թէ որքա՛ն ընտիր է իր եարը. «Ա՜յ անգին գոհար, դու դժար (դժուար) գտուար»: Պետրոս անուն տաղասացը, իր սիրածի սէրէն հարբած՝ որոշեց երթալ եւ շնորհակալ ըլլալ «զՔրիստոս Աստուած», որ իրեն պատրաստած է «Գարնան վարդ… եաղութ, զմրութ, անգին ճօհար»: Նոյնքան գեղեցիկ ու պաշտելի էին այլ աշուղներու եարերը. «Լեզուդ ի բերանդ, անգին ջաւհար է»՝ Գրիգորիս, «Քո ստեղծողին տամ գոհութիւն… Անգին զար ջուհարէն անոյշ»՝ Քոսա Երէց, «Երբ որ զերեսդ տեսանէ, արեգական լոյսն արգելի, / Երբ խշրվեներդ կու նայի, լուսինն եղեւ անգին գեր»ջ՝ Մարտիրոս Խարասարցի, «Անգին մարգարիտ ի մէջ սատաֆին / Բոլորեալ լուսին, աստղ առաւօտին»՝ Ղազար Սեփաստացի, «Քո սէրն է անգին ղումաշ»՝ միջնադարեան տաղ: 1768ին, Կ. Պոլսոյ մէջ երբ մահացաւ Պաղտասար Դպիրը, լոյս տեսաւ իր «Տաղարան Փոքրիկ» գիրքը, ուր տեղ գտան «սիրոյ եւ կարօտանաց» երգեր: Այդ անգին գործերէն մէկը նուիրուած էր հեռաւոր սիրոյ: Բանաստեղծը խոր թախիծով հեծկլտաց. «Ո՛չ մեռած, ո՛չ կենդանի, կիսամեռեալ եմ… / Իմ աննման անգին ակն, մի՛ մոռանար զիս»: Հալէպ ծնած ու մեծցած Յովհաննէս Ղալէմքարը 1650ականներուն քահանայ ձեռնադրուեցաւ: Ան ամուսնացաւ Ալմաստ անունով օրիորդի մը հետ: Գեղեցիկ կինը, սակայն, երիտասարդ տարիքին՝ 1660ական թուականներուն մահացաւ: Բանաստեղծ հոգեւորականը, այդ կորուստին դառնութեամբ գրեց. «Ո՛վ մահ, հետ ինձ ինչ արիր, իրիցկինս ինձմէ բաժանեցիր, / Մնացի խեղճ, ողորմելի, զիս իւր տեսուն զրկեցիր… Է՛, Ալմաստ, անգին ճուհար… / Երեք օր պառկար, մեռար, օր յիսնէ շուտով բաժնեցար»:
Յարգելի ընթերցող, ձեզ կը վստահեցնեմ, որ եթէ թերթէք Սայաթ Նովայի «դաւթար»ը ու նայիք աշուղին գրական ժառանգին, դուք կը տեսնէք, որ ահագին են «անգին» եարին նուիրուած գովասանքները: Սայաթ Նովան անմրցելի է «անգին» ածականի գործածութեան մէջ: Եարը եւ անոր ատամները Հնդկաստանէն եկած, կամ՝ «անտակ ծովի միջէն հանած» անգին քար, լալ, ակ, ալմաս եւ գովհար է. «Դու անգին քար իս, գովելի… Անտակ ծովի միջէն հանած անգին գովհար իս, գովելի… Անգին լալ իս… Հեքիաթներու անգին ակ իս… Լիզուտ քաղցր, բառըտ քաղցր, ակռքնիրըտ անգին քար ա»:
Գեղեցկուհին ու անոր հետ ապրուած պահերը «անգին» ածականով նկարագրելու աւանդութիւնը շարունակեց գեղապաշտ սերունդը: Ահա քանի մը հեշտագին խօսք.
«Ո՜հ, անգին, արբանք մ՛է այս որ կը խնկէ իմ հոգին… Ու ի՜նչ սիրով ըմպեցի ջո՛ւրդ անգին»՝ Ռուբէն Սեւակ, «Երբ մարեցաւ – աստղը բարի՝ / Գլուխս իր ուսին դրի… / Ահ, լոկ այդ տե՜ղ / -Թաւի՛շ անգին»՝ Մատթէոս Զարիֆեան, «Քեզ եմ կանչում ես նորից, իմ հեռաւո՛ր, իմ անգին… Ննջիր, ի՛մ անգին», Վահան Տէրեան:
«Անգին» ածականը միշտ չէ, որ երկրածին գեղեցիկին նուիրուեցաւ: Կարնոյ Սալաձոր գիւղը ծնած Դաւիթ Սալաձորցի «որբուկ» տաղասաց-քահանան, 1600ականներուն նայեցաւ Մարիամ Աստուածածնի սրբապատկերին ու գրեց. «Դու ես եաղութ, դուն ես ճօհար… դուն անգին քար. / Կոյս Մարիամ Աստուածածին»: Դվնկի Մանուկը «անգին» ածականով գովաբանեց բաղիշեցի Վարդան վարդապետը. «Անգին մարգարիտ կու թափի. / Բերան Վարդան վարդապետին, / Անգին մարգարիտ կու խօսի. / Բերան Վարդան վարդապետին»: Այդ օրերուն, պանդուխտ հայը կարօտակէզ կը յիշէ իր անգին երկիրը ու կ՛երգէ «Ղարիպի տաղեր»: Պանդուխտը չուրախանար, երբ օտարը իրեն առաջարկէ տեսակ-տեսակ հարստութիւններ. «Եթէ զշաքարն է մաղած ու բերած ինձ կերակուր կու տան, չուրախանայր… Եթէ դարպաս է շինած ոսկով՝ զարդարած անգին մարգարտով, չուրախանայր»: Եփրեմ Ղափանցին բացատրեց, թէ Ս. Թորոս եւ Ս. Մինաս եկեղեցիները Էտիրնէ քաղաքի պահապաններն են. «Զի այս երկուքս անգին ակներ, / Են պահապան միշտ վասն մեր»:
1610 թուականին, բանաստեղծ Դաւիթ եպիսկոպոս Գեղամեցին «Ողբք ի Ջուղա» երկարաշունչ քերթուածին մէջ անցեալով նկարագրեց քաղաքի տաճարներու պերճութիւնը. «Աւետարանքն եւ սուրբ խաչերն / Անգին ակամբք էր զարդարած»: Անտէր հայուն վիշտը նկարագրեց նաեւ Պետրոս Դուրեանը. «Ալ չկա՜յ վառ թագդ առջի, / Որուն ականց տեղ անգին՝ / Դառնաթախիծ մտածմանց՝ / Քրտունքներ սառ՝ քար կտրած ՝ / Կնճռոտ ճակատդ պճնեցին»: Առաքել Շոռոթեցի արքեպիսկոպոս տաղերգուն քննեց մարդկային բնութիւնը, ապա խրատեց, թէ որքա՛ն ալ «գազանանանք» եւ «կռուի դիմակ» հագնինք՝ պահ մը պէտք է որ նմանինք հրեշտակին ու «Պահ մի սիրեմք միմեանց անգին»:
1900ականներուն, «անգին» ածականը հայոց լեզուին մէջ գոյականներ որակելու լայն դաշտ ունեցաւ: Իր կնոջ ուղղած նամակին մէջ, Գրիգոր Զօհրապ գրեց՝ «անգին գանձ». ան նկատի ունէր ընտանիքը. «Խենթ եմ, որ ասանկ անգին գանձեր ձեռքիս մէջ, քովիկս ունիմ եւ ինքզինքս աշխարհքիս է՛ն դժբախտ մարդը կը համարիմ», Փարիզ, 1908: Գեղամ Բարսեղեանի համար, Վանայ ծովու ափ մը կղզին էր «անգին». «Ըսէ՛, ըսէ՛, ով անգին ու վիրաւոր Աղթամար»: Հայր Ղեւոնդ Ալիշանը Մեսրոպ Մաշտոցին եւ Անի քաղաքամօր արժանի տեսաւ «անգին» ածականը. «Ազգիս դպրութեան անգին հայրն եւ հեղինակն Ս. Մեսրովբ Մաշտոց», («Հայբուսակ կամ հայկական բուսաբառութիւն», 1895), «Մեր ազնիւ եւ անգին Անի», («Նշմարք Հայկականք», 1870): Օրթագիւղի Ս. Հռիփսիմեանց վարժարանի աշակերտուհիներու պարգեւաբաշխութեան հանդէսին համար գրած երգին մէջ, Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան հայուհիներէն ակնկալեց, որ անոնք փունջ մը քաղեն, «վայելուչ պար առնեն» ու վշտահար Հայաստանին մօտենան, ապա՝ քաղեն «Փունջ մ՛ալ անգին իմաստից» եւ զայն իրեն մատուցեն: Հայ առաջին կին խմբագիր եւ լրագրող Էլպիս Կեսարացեանը Պոլսոյ կայսերական Պէշիկթաշ թաղի իր բնակարանի գրասեղանին վրայ, հայուհիներու բարոյական կրթութեան համար բաց նամակ մը գրի առաւ ու ըսաւ. «Ցանկալի է մարդոյս ազգասիրական կամ բարեսիրական հռչակը… անգին համբաւը»: Դանիէլ Վարուժանի համար ամէնէն թանկագին փայլը՝ բանուորի կաթիլ մը քրտինքն էր. «Մայիս Մէկ. Ինծի՛ եկէք, ես կախարդն եմ Մայիսին. Ձեր քրտինքն ես կ՛ընեմ գոհար ցօղն անգին»: Եղիշէ Չարենցը քերթուած մը ձօնեց ամէնէն սրբազան էակին՝ մօրը. «Յիշում եմ դէմքը քո ծեր, մայր իմ անոյշ ու անգին, / Լոյս խորշոմներ ու գծեր, մայր իմ անոյշ ու անգին»:
«Անգին» ածականը 1900ական թուականներու սկիզբը Պոլսոյ մէջ, ի՜նչ պատիւ երկվանկ ածականի մը համար, դարձաւ հայուհիներու անուն՝ «Անգինէ»: Իսկ իբրեւ հազուագիւտ բառ, հաճեցաւ իր սիրուն երեսը ցոյց տալ քանի մը գիրքի կողքին վրայ. «Անգին Քարը», Թիֆլիս, 1916, «Անգին. քերթուածներ», Գահիրէ, 1946, «Մայր Իմ Անոյշ ու Անգին. բանաստեղծութիւնների ժողովածու. դպրոցական միջին եւ բարձր տարիքի համար», Երեւան, 1984:
«Անգին» ածականը շողշողաց նաեւ հայկական երգարուեստին մէջ: Այս բառով երգահաններ գովերգեցին Հայաստանը, ընտիր ընկերը, եւ անշուշտ՝ սիրունատես եարը: Ահա քանի մը երգ հայոց անզուգական երգարանէն. «Շէն շինարար իմ Հայաստան, անգին գոհար իմ Հայաստան», «Անգին ընկեր իմ բարեկամ, դու իմ սրտում ես յաւէտ», «Դուն ստեղծուել ես ինձ համար, անգին ծաղիկ իմ նոր բուսած», «Խաբար բերէք անգին եարէն, ինչո՞ւ այդպէս խռով գնաց»: Իսկ այսօր, հրաժեշտի համար կ՛առաջարկեմ լսել Աւետիք Իսահակեանի անզուգական «Պինկէօլ» երգը եւ ուրախանալ, որ հայ տաղանդներ իրենց միտքի արգանդի երկունքով կը յղանան արժէքներ անգին:
«Անգին եարիս լոյս երեսին կարօտ եմ,
Նազուք մէջքին, ծով-ծամերին կարօտ եմ.
Քաղցր լեզուին, անոյշ հոտին կարօտ եմ,
Սեւ աչքերով էն եղնիկին Պինկէօլի»: