ՔԱՊՈՒԼ, «Ռոյթըրզ».- Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 13ին, Քապուլէն հարաւ գտնուող շրջանի մը մէջ ՆԱԹՕի խաղաղապահ ուժին զինուորներուն դէմ անձնասպանական յարձակումի մը հետեւանքով սպաննուեցաւ տասը հոգի, ներառեալ խաղաղապահ զինուոր մը, մինչ նոյն օրը հաղորդուեցաւ, թէ հարաւային Աֆղանիստանի մէջ տեղի ունեցած բախումներուն ընթացքին սպաննուած են «Թալեպան»ի անդամ 25 զինեալներ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.