Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ 6-7 Նոյեմբերի գիշերը սահմանի արեւելեան հատուածին մէջ, հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ կրակոցներ արձակուեցան: Հայկական կողմը կորուստներ չունի:
Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը պնդեց, որ հայկական զինուած ուժերը նոյն երեկոյեան ռմբակոծեցին Քարվաճառի շրջանի ատրպէյճանական զինուժի դիրքերը, որուն իբրեւ պատասխան դիմուած է «համարժէք քայլեր»ու:
Սահմանային այս կացութեան արձագանգեց Ռուսիա, որուն նախագահին բանբերը՝ Տմիթրի Փեսքով, կոչ ուղղեց Պաքուին եւ Երեւանին՝ զերծ մնալու վտանգաւոր քայլերէ եւ զինադադարի դրութեան խախտումէն:
«Իսկապէս, Սոչիի եռակողմ հանդիպման աւարտին ընդունուած յայտարարութիւնը կ՛ընդգծէր երկու կողմերուն՝ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի՝ բացառապէս քաղաքական-դիւանագիտական, խաղաղ ուղիով լուծման մտադրութիւնը: Առ այդ, մենք կը շարունակենք կոչ ուղղել երկու կողմերուն՝ զերծ մնալու վտանգաւոր գործողութիւններէ եւ քայլերէ, որոնք կրնան պատճառ դառնալ շփման գիծի երկայնքով լարուածութեան սրումին», յայտնեց Փեսքով: