Կլէնտէյլի կամ Փասատինայի հայ կեանքէն ներս հազուադէպ են բացառաբար զուտ համանուագային, 75 կամ աւելի անդամներէ բաղկացած նուագախումբի մը կողմէ տրուած համերգները։ Մենք հերթականօրէն կը վայելենք «Լարք»ի երգչախումբ-նուագախումբը խմբավար Վաչէ Պարսումեանի ճպոտին ներքեւ՝ կրօնաշունչ մեծ պաստառի դասական երկերու ընդմէջէն (Հէնտէլ, Մոցարթ…)։ Ինչ որ ունկնդրեցինք Ուրբաթ, Նոյեմբեր 10, 2006ի երեկոյեան Փասատինայի Լէյք պողոտայի եկեղեցւոյ մէջ, անսպասելի տարազի տակ կազմակերպուած համերգ մըն է, բոլորովին ոչ հայկական. ան կը կրէ «A Symphonic Collaboration» անունը։ Յատուկ յանձնառութեամբ Երեւանէն հրաւիրուած էր հայկական Ֆիլհարմոնիքի գեղարուեստական ղեկավար-խմբավար Եդուարդ Թոփչեանը՝ առաջնորդելու համար Ազուսայի «Փասիֆիք» համալսարանի սիմֆոնիք նուագախումբը։ Մաէստրօ Թոփչեանին կ՚ընկերանար, կրկին Երեւանէն, թաւջութակահար Կարէն Քոչարեանը։ Խօսք առին եւ երեւոյթը բացատրեցին այդ նոյն համալսարանին հայազգի տնօրէնուհի դոկտ. Այլին Պէզճեան եւ եկեղեցւոյ առաջնորդներէն Ռոճըր Պոշ։
Հրաշքի պէս բան մըն է մեզի համար այս հայասիրութեան նշանը եղող հրաւէրը, նաեւ հանդիսութեան արձանագրած պանծալի յաջողութիւնը՝ 1000է աւելի երաժշտասէրներու ներկայութեան։ Հրաշքը կը կայանայ մեր երկու արժէքաւոր հայրենակիցներու ընտրութեան մէջ, երբ ողջ Ամերիկայի տարածքին ո՛չ երեւելի խմբավար կը պակսի, ոչ ալ տաղանդաւոր թաւջութակահար։ Մտածումի, համարումի եւ յարգանքի աներեւոյթ ոսկէ թելերով գոյացած հրաշք։
Ինչպէ՞ս, կամ ի՞նչ հիման վրայ որոշուած էր յայտագիրը՝ չենք գիտեր։ Բայց երբ Կարէն Քոչարեանին հետ միատեղ բեմ ելան, Պեթհովէնի Երրեակ քոնչերթոյին մէջ, ամերիկացի ջութակահար եւ դաշնակահար մը միաժամանակ՝ «collaboration» անունը որ տրուած էր երեւոյթին, իրաւամբ իրագործուեցաւ։ Համահաւասար ուժերու ներդաշնակ համադրութեամբ, մաէստրօ Թոփչեանի աչալուրջ ղեկավարութեան ներքեւ, ներկայացուեցաւ Պեթհովէնի լաւատես (հազուադէպ երեւոյթ՝ «Ֆիտելիօ»ի հեղինակին դժբախտ կեանքին մէջ) այս գործը, որ, ըսենք անցողակի, աւելի փոքր, սենեկային կամ սալոնային սրահի կը յարմարի եւ ոչ՝ 1300 հոգինոց տաճարին. ուստի բնական էր, որ եկեղեցիին ետեւի կէսը գրաւող հանդիսատեսները լսած չըլլան Կարէնի թաւջութակին մեղմագոյն նրբերանգները կամ ջութակին նրբին անցքերը։
Միւս կողմէն, այս Երրեակին լարաւոր լուսաթափանց նրբահարումներուն կտրուկ կը հակադրուէր Ա. Խաչատուրեանի «Սպարտակ» բեմանուագի առաջին նուագաշարը (Սուիթ թիւ 1)։ Եթէ նոյն բեմանուագի երկրորդ Սուիթը, որ տրուեցաւ վերոյիշեալէն առաջ, դեռ ունի ռոմանթիք զգայնութիւններուն հետաքրքրող երկարաշունչ առինքնող ջերմ մեղեդի մը, առաջինը սակայն աւելորդ ծանրութիւն մը բերաւ ամբողջ յայտագիրին, իր պոռոտ եւ կրկեսային աղմկարարութեամբ։ Պիտի գա՞յ այն օրը, երբ՝ բանիմաց եւ ճաշակի տէր օտար հանդիսատեսին քիչ մը տարբեր հայ արժէքներ ներկայացնելու մասին պիտի մտածենք։ Պէտք է գիտնանք եւ ընդունինք քաջութեամբ, որ մեր սիրելի Խաչատուրեանը երբեմն երկրորդական կամ նոյնիսկ ձախողած կտորներ ալ յօրինած է, ուստի զգուշանանք այդպիսիները հանրութեան ներկայացնելէ։ Ի վերջոյ մենք ունինք տասնեակէ մը աւելի շա՛տ արժէքաւոր յօրինողներ եւ ոչ նուազ՝ որակաւոր գործեր։ Ե՞րբ պիտի տրուին Աւետ Տէրտէրեանի սիմֆոնիաները, կամ Յ. Դելլալեանի «Մահը» սիմֆոնիք պոէմը, կամ Սպենդիարեանի «Երեք արմաւենիները», կամ Ալան Յովաննէս կամ Պօղոս Ճելալեան («7 Սեքուանցաներ»)։ Դաշնակահարները կը նուագեն, հա՛ կը նուագեն, ա՛լ մեր ականջներէն դէպի դո՛ւրս հոսող «Թոքաթթա»ն (Խաչատուրեանի միջակ գործերէն մին՝ հեղինակին իսկ խոստովանութեամբ), իսկ խմբավարներն ալ կը մտածեն հաւանաբար՝ «որեւէ կտոր Խաչատուրեան անունը կրող՝ եոլա կ՚երթայ…»։ Ո՛չ։ Այս տարի Ալեքս. Սպենդիարեանի (1871-1928) ծննդեան 135 ամեակն է. պիտի ուզէի, որ բանիմաց մաէստրօ Թոփչեան, Շոսթաքովիչի կողքին, Ուրբաթ երեկոյեան մեզի ներկայացուցած ըլլար, օրինակ, «Երեք արմաւենիները» կամ, ինչու չէ, «Ալմաստ»էն սիմֆոնիք հատուած մը, կամ, մեծ չափով ամերիկացիներու ներկայութիւնը վայելող այս համերգին, տրուած ըլլար հայ-ամերիկացի մեծանուն Ալան Յովհաննէսի կամ Ռիչըրտ Եարտըմեանի սիմֆոնիք կտորներէն հատուածներ։ Իսկ անպայման Խաչատուրեան նուագուելու պարտադրանքին առաջ, ինչո՞ւ չտալ, օրինակ, նոյն հեղինակին գրեթէ անծանօթ, թաւջութակի եւ նուագախումբի համար գրուած «E major Concerto»ն կամ, նոյներով՝ թաւջութակի «Concert-Rhapsody» աւելի մատչելի կտորը, տրուած ըլլալով սիրելի թաւջութակահար Կարէնի ներկայութիւնը եւ իր փայլուն տաղանդը։ Մենք առիթներէն լաւագոյնս օգտուիլ ջանալու ենք՝ ինչ որ ալ արժէ մեզի այդ արժանապատուութիւնը։ Խաչատուրեանի մեծ տաղանդը գրեթէ վարկաբեկող «Պաքանալիա»ն ներկայացնելը «մարիֆէթ» մը չէ. վարժ նուագախումբ մը առանց խմբավարի ալ պիտի կարենար ներկայացնել զայն…։ Հայաստանի մէջ կը շարունակեն տակաւին մտածել, որ Կլէնտէյլի մէջ հայերը միմիայն պարահանդէսէ եւ կերուխումէ կ՚ախորժին, ուստի կը դժկամակին նորութիւններ կամ համեմատաբար հին արժէքներ մեզի հրամցնելէ. թող գիտնան, որ ժամանակները փոխուած են, եւ կամ, եթէ դեռ մասամբ այդպէս է, թող հայրենի մեծերը ջանան սատարել այդ սրտցաւ թեթեւամտութիւնը դէպի լաւը փոխակերպելու վեհ գործին։ Այդկէ ետք միայն սպասելի է, որ այսպիսի իրապէս հպարտութիւն առթող «համագործակցութիւն»ներ իրագործուին մերիններուն եւ լրջախոհ ամերիկացի ընկերակցութիւններու միջեւ։
Ե. Թոփչեանի իրական դիմագիծը ի յայտ եկաւ համերգին ամբողջ Բ. մասը գրաւող Շոսթաքովիչի «5րդ Սիմֆոնիա»ի (55 վայրկեան) մեկնաբանութեան ընթացքին։ 1937ին գրուած այս պրոլետար սիմֆոնիան, 1953ի յաղթական 10րդ Սիմֆոնիայէն շատ առաջ, մեզ կը մխրճէ խորհրդային աշխարհը խորհրդանշող անջրպետին գիրկը։ «Արուեստը կը պատկանի ժողովուրդին» ամբոխավար գաղափարաբանութեան հարազատ մէկ պատկերն է, գոնէ իր Ա. եւ Դ. շարժերուն մէջ, այս երկարապատում եւ հետաքրքրական երկը։ Բացարձակապէս առանց նոթատետրի օգնութեան, Թոփչեան լարուած վիճակի մէջ պահեց ունկնդիրներուն ծովածաւալ զանգուածը։ Այս երկը շատ հեշտութեամբ կրնար իյնալ՝ միաժամանակ 5 գալարափողերէ, 3 թրոմպոններէ, 2 թրոմփեթներէ, 2 թուպաներէ եւ հարուածայիններէ յորդող, գռեհիկ ու ճչացող խուժանային ձայնախումբերու գիրկը… Այդպէս չեղաւ եւ չէր կրնար ըլլալ՝ մաէստրոյին ներիմացութեան եւ իր հաւասարակշռիչ ղեկավարութեան շնորհիւ, ի մասնաւորի գրաւիչ եւ, հոս պէտք է շեշտել, անհատակորիզ Բ.՝ «Լարկօ» շարժին մէջ։ Եւ հոս, այս «Լարկօ»ին վերամբարձ եւ խորը թաթխուած քնարականութեան հմայքին շնորհիւ, մէջբերուած քաղաքական խիւս ունեցող՝ արուեստը զանգուածի մակարդակին հաւասարեցնող վերի խօսքը, կարելի է փոխարինել Առնօ Բաբաջանեանի այդ օրերուն քաջաբար արտայայտած սա միտքով. «Երբեք չեմ կրնար համամիտ ըլլալ այն յօրինողներուն հետ, որոնք կը ջանան աղքատացնելու գնով հասարակացնել կամ գերպարզաբանել արուեստը, իբրեւ թէ ժողովուրդին մատչելի ըլլալու մարմաջէ մղուած»։ Բաբաջանեանի համար գոյութիւն ունի ստեղծագործող անհա՛տ մը , որուն պարտականութիւնն է ազնիւ որակի պարզ եւ համեմատաբար մատչելի երաժշտական տարրերով կառուցել վսեմ խորանը ձայնային տաճարի՝ հոն ներմուծելով դարու ամէնէն յառաջադէմ գաղափարները։ Ի՞նչ կ՚արժէ աժանագին ֆոլքլորական թեմաներ գործածելով երկ մը կառուցել, եթէ անկէ բացակայ են այդ ժողովուրդի հոգին կամ իղձերը։ Շոսթաքովիչի 5րդ սիմֆոնիային մէջ հեղինակը, թէեւ իր պարտքը վճարած է ստալինեան աժաննոց գաղափարաբանութեան, սակայն իր ծածուկ հոգիին մենախօսութիւնը չէ ծածկած Բ. շարժին մէջ, որ թերեւս ինքն իր համար գրած ըլլայ, ողջունելով անո՛նք, որոնք կրնան քալել իր բացած արահետներէն։ Նոյն շեփորները այս Բ. շարժին մէջ տարբեր գոյն, մանաւանդ տարբեր երանգ եւ շունչ ունին, քան Ա. եւ Դ. շարժերուն մէջ, եւ այդ քիչ մը գաղտնի աշխարհը լաւագոյնս ընդգծած էր մաէստրոն, նոյնպէս Գ. շարժին մէջ, ուր նոյնպէս չկայ արդիւնաբերութեան արբեցումի խաբուսիկ աղմուկներու սին ուրախութիւնը։ Գաղափարաբանութիւններու քաղաքա-ընկերային գոլորշիները խոտոր կը համեմատին ստեղծագործական անշօշափելի ոլորտներուն հետ եւ կրնան խոտորեցնել միջակ որակի հեղինակ մը, որ ի հարկէ, Շոսթաքովիչի նման տիտանի մը պարագան չէ։
Մենք անհամբեր պիտի սպասենք Եդուարդ Թոփչեանի յաջորդ գալուստին եւ շատ անհամբեր ենք լսելու իր առաջնորդութեան ներքեւ այս անգամ Աւետ Տէրտէրեանի 5րդ սիմֆոնիան։ Երազելը արտօնուած է, տրուած ըլլալով մեր տաղանդաւոր մեծերու փառաւոր գոյութիւնը։