Վայոց Ձորի Ջերմուկ քաղաքի անմիջական հարեւանութեամբ՝ Հայաստանի բռնագրաւուած տարածքին մէջ, Ատրպէյճան անօրինական շինարարութեան եւ ամրացման աշխատանքներ կը կատարէ: Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին այս հաստատումը կատարեց «Թաթոյեան» հիմնարկի ղեկավար, Հայաստանի մարդու իրաւունքներու նախկին պաշտպան Արման Թաթոյեան՝ ընդգծելով, որ այդ աշխատանքները սկսած են Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին նկատմամբ 13-14 Սեպտեմբեր 2022ին կատարուած ատրպէյճանական յարձակումէն ետք:
Իբրեւ փաստ՝ Թաթոյեան հրապարակեց լուսանկարներ Հայաստանի բռնագրաւուած տարածքին մէջ ատրպէյճանական զինուած ուժերուն կողմէ իրականացուած շինարարական եւ ամրացման աշխատանքներէն:
Ան շեշտեց, որ Վայոց Ձորի եւ Սիւնիքի մարզերուն մէջ հիմնադրամի ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, որ Հայաստան կը գտնուի շատ լուրջ հարցի մը առջեւ, ինչ որ պայմանաւորուած է ատրպէյճանական ներխուժումներով եւ Հայաստանի գիւղերուն հարեւանութեամբ ու ճամբաներուն վրայ անոնց ներկայութեամբ:
«Ադրբեջանցիների գործողութիւնները վկայում են, որ չեն պատրաստւում հեռանալ Հայաստանից: Ջերմուկի անմիջական հարեւանութեամբ՝ ՀՀ օկուպացուած (գրաւուած) տարածքներում Ադրբեջանն իրականացնում է անօրինական շինարարութեան եւ ամրացման աշխատանքներ՝ կառուցում են զինուորական ճանապարհներ, դիրքեր, բունկերներ (պատսպարաններ) եւ այլն: Կառուցուած ճանապարհը, ըստ մեր ուսումնասիրութեան, 10-12 մ լայնութիւն ունի», նշեց Թաթոյեան:
Ան ընդգծեց, որ Ջերմուկի մօտ բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ կան նաեւ խոտհարքներ, արօտավայրեր եւ վարելահողեր:
Ըստ անոր՝ Ատրպէյճանի վերջին յարձակումէն ետք յառաջացած հարցերը կը վերաբերին ոչ միայն մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան, այլ նաեւ ազգային ապահովութեան, որովհետեւ թիրախի տակ են ոչ միայն գիւղերը, այլ նաեւ «Տաթեւ» ջրելեկտրակայանը, Ջերմուկի ջրելեկտրակայանը, Կապանի պոչամբարը եւ այլ ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող կառոյցներ:
Թաթոյեան շեշտեց, որ ապահովական գօտի ստեղծելու գաղափարը պէտք է մնայուն կերպով յառաջ տանիլ՝ փաստերը օգտագործելով եւ միջազգային գործիքակազմները ճիշդ կիրարկելով: Ան յայտնեց, որ այդ գօտիին կարեւորութիւնը իրենք միշտ լուսարձակի տակ առած են, նաեւ միջազգային կազմակերպութիւնները անդրադարձած են անոր անհրաժեշտութեան:
«Այս անվտանգութեան գօտիները նաեւ կոչւում են ապահով գօտիներ, փրկութեան գօտիներ, պաշտպանութեան գօտիներ եւ դրանց էութիւնն այն է, որ, եթէ կայ զինուած հակամարտութիւն կամ մարդկանց վրայ զինուած յարձակման վտանգ՝ հակամարտող երկրները պէտք է չէզոքացնեն այդտեղից զինուած ուժերը, որպէսզի մարդիկ կարողանան հանգիստ ապրել: Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտեն հէնց այդպէս էլ հիմնաւորել է, որ անհրաժեշտ է ապահովել մարդկանց սեփականութեան, անվտանգութեան իրաւունքները, խոշտանգումներից ազատ լինելը», ըսաւ ան:
Անդրադառնալով Եւրոպական Միութեան դիտորդներու գործունէութեան՝ ան ընդգծեց, որ բոլոր միջազգային առաքելութիւնները կը նկատուի շատ կարեւոր քայլ:
«Ես միշտ եմ բարձրացրել միջազգային դիտորդների հարցը: Երբ ես գնացի մարզեր եւ տեսայ իրավիճակը, հէնց այդ պահից նշեցի, որ պէտք է լինեն միջազգային գնահատողներ: Մեր մասով նշեմ, որ մեր խմբի իրականացրած փաստահաւաք աշխատանքները կ՛ուղարկենք ե՛ւ ԵՄ դիտորդական առաքելութեանը, ե՛ւ ԵԱՀԿ դիտորդական առաքելութեանը եւ կը խնդրենք, որպէսզի հաշուի առնեն: Եթէ այս փաստերն ու հարցերը հաշուի չեն առնուելու, ապա այդ առաքելութիւնների գործունէութիւնը կը դառնայ անիմաստ», եզրափակեց Թաթոյեան: