ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Հաճնոյ Հերոսամարտի 102րդ տարեդարձը արժանավայել կերպով տօնուեցաւ Կիրակի, 30 Հոկտեմբերին։
Նախ, Փասատինայի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն՝ հերոսամարտին զոհուած նահատակ զինուորներուն եւ վեց հազար անմեղ բնակիչներուն հոգիներուն համար։
Պատարագիչն էր Դամասկոսի Հայոց թեմի առաջնորդ Արմաշ եպիսկոպոս Նալպանտեան։ Սրբազան հայրը հոգեհանգստեան արարողութենէն առաջ, օրհնեց մատաղը եւ վեր առաւ նահատակ զինուորներու վճռակամութիւնը՝ դիմադրելու քեմալական զօրքին, որոնք ութը երկար ամիսներ պայքարեցան գրաւելու համար արծուաբոյն Հաճընը։
Պատարագէն ետք տեղի ունեցաւ աւանդական մատաղի (հերիսա) մատակարարութիւնը՝ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Փասատինայի համալիրի «Պոյաճեան» սրահին մէջ, որ պատէ-պատ լեցուած էր հաճընցի թէ այլ կիլիկեցի 350 հայրենակիցներով։

Օրուան հանդիսավարն էր հաճընցի մօրմէ սեռած երիտասարդ սարկաւագ Ալեքս Կիրակոսեան։ Ան հրաւիրեց կոչնականները յոտնկայս ունկնդրելու Միացեալ Նահանգներու, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Հաճնոյ Հայրենակցական միութեան քայլերգները։
Կիրակոսեան ապա հրաւիրեց Հաճնոյ Հայրենակցական միութեան ատենապետ տոքթ. Զաւէն Քէօշկէրեանը, որ բացման խօսքէն ետք հրաւիրեց Արմաշ սրբազանը, որպէսզի կատարէ ճաշի օրհնութիւնը։
Ճաշի սպասարկութենէն ետք, Քէօշկէրեան ներկայացուց օրուան բանախօսը՝ տոքթ. Վարդան Թաշճեանը։
Տոքթ. Թաշճեան ծնած է Պէյրութ. ան վկայուած է տեղւոյն Սէն Ժոզէֆ համալսարանէն եւ դարձած ծանօթ մանկաբոյժ։ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին պատճառով, ան գաղթած է Միացեալ Նահանգներ եւ հաստատուած Քալիֆորնիա, ուր 1989ին տիրացած է ընդհանուր բժշկութեան եւ վիրաբուժութեան արտօնագիրին։ Ան մօտէն առնչութիւն ունեցած է հայ բժիշկներու համաշխարհային գործունէութիւններուն հետ եւ 2019ին մասնակցած է Երեւանի մէջ տեղի ունեցած Հայաստանի 5րդ բժշկական միջազգային համագումարին։ 2017ին լոյս տեսած էն անոր «Բժիշկ, Հիւանդ Եւ Դեղորայք» գիրքը։
Տոքթ. Թաշճեան Հաճնոյ Հերոսամարտին մասին ուշագրաւ մէջբերումներ կատարեց Գէորգ Կառվարենցէն, Սարգիս Ճէպէճիէն եւ Արշակ Չոպանեանէն, որոնցմէ եզրակացուց ,որ «Հաճընը ինկաւ, բայց չմեռաւ»։ Յարգելի բանախօսը դիտել տուաւ թէ Հաճնոյ հերոսամարտը ծանօթ է օտարներուն եւ ֆրանսացի մտաւորականէ մը մէջբերում մը կատարեց եւ բացատրեց, թէ հերոսամարտէն պիտի գար նոր սերունդ մը։ Ան ապա իբրեւ ապացոյց նշեց Արամ Խաչատուրեանը, Վիքթոր Համբարձումեանը եւ դեռ վերջերս Նոպելեան մրցանակ ստացած քալիֆորնիաբնակ դոկտ. Արտեմ Փաթափութեանը։
Իսկ իբրեւ եզրակացութիւն՝ միասնականութիւնը ջատագովելով, տոքթ. Թաշճեան իր յօրինած բանաստեղծութիւնը արտասանեց։
Գեղարուեստական յայտագիրը գործադրուեցաւ հաճընցի մօրմէ սեռած՝ սիրուած երգիչ Դաւիթ Սամուէլեանի կատարողութեամբ, որուն երգեհոնի վրայ կ՛ընկերակցէր Արամ Լէփէճեան։ Դաւիթը՝ իր ազգային-ազատագրական երգերով մեծապէս խանդավառեց բոլոր կոչնականները, անխտիր։
Յիշեցնենք, որ Հաճնոյ Հայրենակցական միութիւնը հիմնուած է Փասատինայի մէջ, 1928ին։
