
ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՎԱՀԱՆ Յ. ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները ամէն տարի Նոյեմբեր 11ին կը տօնէ Վեթերաններու օրը, օր մը, որ կ՛ոգեկոչէ յիշատակը այն բոլորին, որոնք իրենց կեանքը զոհած են իրենց հայրենիքին համար. օր մը, որ յարգանքի տուրք կ՛ընծայէ ապրող այն բոլոր վեթերաններուն, որոնք վերապրողներ են պատերազմներու արհաւիրքին:
Եւրոպական երկիրներ, ինչպէս Անգլիա եւ Ֆրանսա, նոյն օրը, Նոյեմբեր 11ը, կը տօնեն որպէս Զինադադարի օր՝ յիշատակելու համար Համաշխարհային առաջին պատերազմի վերջաւորութիւնը, զինադադարը, որ տեղի ունեցաւ Նոյեմբեր 11, 1918ին:
1919ին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ուուտրօ Ուիլսըն Նոյեմբեր 11ը հռչակեց որպէս Զինադադարի օր՝ պատերազմի ողբերգութիւնը յիշեցնելու համայն ամերիկացի ժողովուրդին: 1954ին, Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսը՝ Զինադադարի իրը փոխեց Վեթերաններու օրուան՝ ի յարգանս Ամերիկայի բոլոր վեթերաններուն, զինեալ ուժերու մէջ ծառայող արանց եւ կանանց:
Վեթերաններու օրուան առթիւ, երբ կը մտածենք ամերիկացի բոլոր վեթերաններուն մասին, չենք կրնար, որպէս հայ, չմտածել նաեւ այն բոլոր հայազգի վեթերաններու մասին, որ իրենց կեանքը զոհեցին իրենց «երկրորդ հայրենիք» եղող Ամերիկայի համար:
Բայց աւելին, որպէս հայ, Վեթերաններու օրուան առթիւ, չենք կրնար չյիշել մեր հայրենիքի՝ Հայաստանի, ինչպէս նաեւ Արցախի վեթերանները, որոնք, ինչպէս երէկ, այսօր ալ իրենց կեանքը ողջակէզի սեղանին վրայ դնելու պատրաստակամութիւնը կը ցուցաբերեն: Իրօք, ի՞նչ սրտառուչ երեւոյթ է, երբ մարդ մը իր հայրենիքին համար յօժարակամ է ոչ միայն իր ժամանակը, իր տաղանդը, իր ուժերը նուիրելու, այլ նոյնիսկ իր կեանքը զոհելու:
Վեթերաններու օրը նաեւ պատգամ մը ունի մեզի այն իմաստով, որ մենք ալ կոչուած ենք վերարտադրելու, պահելու եւ պահպանելու անշահախնդիր հայրենասէր վեթերաններուն ոգին: Վեթերանները այն նուիրեալ անձերն են, որոնք իրենց հայրենիքին ազատութեան համար զոհած եւ զոհուած են, տուած ու տրուած են: Ամէն քաղաքացիի առանձնաշնորհումն ու պատասխանատուութիւնն է ընել իր լաւագոյնը այդ վսեմ իտէալին համար: Ամէն քաղաքացի, զինեալ ուժերու մէջ ըլլայ թէ ոչ, բարոյական պարտաւորութիւնն ունի պահպանելու եւ պաշտպանելու իր հայրենիքին ազատութիւնը: Ազատութիւնը անքակտելիօրէն զօդուած է հաւատարմութեան հետ: Քաղաքական ազատութիւնը ոչ միայն առանձնաշնորհում է եւ իրաւունք է, այլ նաեւ մեծ պատասխանատուութիւն:
Ոչ մէկ ռամկավար պետութիւն (դեմոկրասի) կրնայ ապրիլ, մեծնալ եւ ուռճանալ առանց իր քաղաքացիներու հաւատարմութեան: Թերեւս ասիկա ի միտի ունենալով էր, որ ամերիկացի մեծանուն նախագահ Ճան Քենետի առիթով մը ըսաւ․ «Մի՛ հարցներ, թէ հայրենիքը ի՛նչ կրնայ ընել քեզի համար, այլ հարցուր, թէ դո՛ւն ի՛նչ կրնաս ընել հայրենիքին համար»: Ահա այս հոգեբանութիւնն է, որ կը կերտէ ու կը պահէ ժողովրդավար սկզբունքներով կառավարուող հաւատարմութիւն մը:
Ասիկա ճշմարիտ է ե՛ւ Ամերիկայի համար ե՛ւ Հայաստանի համար, ե՛ւ որեւէ ժողովրդավար երկրի համար: Երկրի մը քաղաքացիները պէտք է իրազեկ ըլլան իրենց իրաւունքներուն, բայց նաեւ գիտակցելու են այն պատասխանատուութիւններուն, որ կ՛ակնկալուի լիիրաւ քաղաքացիէ մը: Երկրի մը քաղաքացիները իրենք զիրենք նուիրելու են հայրենիքին շահերը պաշտպանելու արտաքուստ թշնամիներէ, միանգամայն նաեւ պահպանելու իւրաքանչիւր քաղաքացիի անհատական իրաւունքները:
Իւրաքանչիւր սերունդ ունի իր դերն ու պարտքը իր հայրենիքի նկատմամբ: Այդ սերունդի ամէն մի անդամը գիտակցելու է, թէ հայրենիքին ծառայելը, հայրենիքի պահպանումին եւ վերելքին սատարելը ե՛ւ փառք է ե՛ւ պարտք է:
Ռուս գրագէտ Թուրկենեւ սովոր էր ըսելու․ «Հայրենիքը կրնայ ըլլալ առանց մեզմէ որեւէ մէկուն, բայց մենք չենք կրնար ըլլալ առանց հայրենիքի»: Ամէն քաղաքացի, ամէն հայ ունենալու է կեանքի այս փիլիսոփայութիւնը:
Վեթերաններու օրը նաեւ կը պատգամէ մեզի, որ մեր հայեացքը միայն անցեալին չսեւեռենք, այլ նաեւ ապագային, քանի որ ապագան կերտողները մենք պիտի ըլլանք՝ ներկայի մեր տեսիլքով եւ ջանքերով: Վաղուան հունձքը այսօրուան սերմանումէն կախեալ է:
Արդ, որպէս հայ եւ որպէս ամերիկահայ պէտք է մենք մեզի հարցնենք, թէ ի՞նչ տեսակ բարոյական ժառանգութիւն պիտի թողունք յետնորդ սերունդներուն: Արդեօք, ազատութեան, արդարութեան, մարդկային արժանապատուութեան գիտակցութիւնը պիտի կրնա՞նք դրոշմել ապագայ սերունդի պատկանող անդամներու սրտերուն ու հոգիներուն մէջ:
Վեթերաններու օրը առիթ մը կ՛ընծայէ մեզի ոչ միայն մեր երախտագիտութիւնը յայտնելու՝ հայրենիքին եւ մեր «երկրորդ հայրենիք»ին համար զոհուող բոլոր վեթերաններուն, այլ նաեւ ուխտելու թէ մենք ապրողներս ալ մեր լաւագոյնը պիտի ընենք մեր հայրենիքին եւ «երկրորդ հայրենիք»ին ֆիզիքական ապահովութեան եւ վերելքին համար: