Հայաստանի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարները՝ Արարատ Միրզոյեան եւ Սերկէյ Լաւրով, 11 Նոյեմբերին ունեցան հեռաձայնային զրոյց մը։ Այս մասին, ըստ «Արմէնփրէս»ի, հաղորդեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը։
Նախարարները խօսեցան 23 Նոյեմբերին, Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք ՀԱՊԿի Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նստաշրջանի նախապատրաստական աշխատանքներուն մասին, ինչպէս նաեւ քննարկեցին երկկողմ եւ տարածաշրջանային օրակարգի շարք մը այժմէական հարցեր:
Երեւան աւելի ուշ փոխանցեց, որ նախարարները քննարկեցին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին եւ Արցախին վերաբերեալ հարցեր: