
Ուրբաթ, 4 Նոյեմբերի երեկոյեան, Արամ Ա. կաթողիկոսի օրհնութեամբ եւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի ձեռամբ, Ազգային առաջնորդարանին մէջ, «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով պարգեւատրուեցաւ վաստակաշատ կրթական մշակ Ռիթա Գաբրիէլեան: Հայրապետական կոնդակի ընթերցումը կատարեց Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան:

Առաջնորդ սրբազանը այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ բարձր գնահատեց Գաբրիէլեանի՝ իբրեւ ուսուցիչ եւ կրթական մշակ առաւել քան չորս տասնամեակներու ուսուցչական եւ կրթական ծառայութիւնը՝ Լիբանանի Սոֆիա Յակոբեան Ազգային քոլեճէն սկսեալ մինչեւ Լոս Անճելըսի Շամլեան Ազգային վարժարանի փոխտնօրէնի պաշտօնը:
Հանդիսութեան ներկայ էին Ազգային վարչութեան անդամ Գեւիկ Պաղտասարեան, Ազգային Խնամակալ մարմինի ատենապետ Սարգիս Ուրֆալեան, անդամներ՝ դոկտ. Յասմիկ Պարան եւ Արմէն Աբրահամեան: Խնամակալ մարմինի սրտագին շնորհաւորութիւնները փոխանցեց դոկտ. Պարան, մինչ Շամլեան Ազգային վարժարանի տնօրէնուհի Թալին Քարկոտորեան Գաբրիէլեանը պարգեւատրելը նկատեց հայ մշակոյթի նուիրեալներուն ուղղուած գնահատանքի բարձրագոյն արտայայտութիւն:
Պարգեւատրեալը՝ Ռիթա Գաբրիէլեան, իր կագին ուղղեց շնորհակալական խօսք՝ վեհափառ հայրապետին, առաջնորդ սրբազանին, բոլոր խօսք առնողներուն եւ իր անսահման ուրախութիւնը յայտնեց՝ ամբողջ 41 տարիներ իր անձը ե ժամանակը նորահաս սերունդներու դաստիարակութեան գործին նուիրաբերած ըլլալուն համար:
Յայտնենք, որ պարգեւատրման հանդիսութեան ներկայ եղան նաեւ Գաբրիէլեանի ընտանեկան պարագաները եւ հիւրեր, որոնք խնդակցական բարեմաղթութիւններ փոխանցեցին իրենց հարազատին:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
