Իրանի ու Ատրպէյճանի լարուած յարաբերութիւնները աւելի եւս սկսան սրիլ. արդարեւ, Պաքու 14 Նոյեմբերին յայտարարեց, թէ Ազգային ապահովական ծառայութիւնը (ԱԱԾ) բացայայտեց եւ ձերբակալեց Ատրպէյճանի հինգ քաղաքացիներ, որոնք լրտեսութիւն կը կատարէին յօգուտ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան: Անոնց դէմ մեղադրանք առաջադրուեցաւ՝ դաւաճանութեան յանցանքով: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ազատութիւն»ը:
Ձերբակալուածներու կարգին են Կասպեան նաւթային նաւատորմի նաւերէն մէկուն նաւապետը՝ Զահիր Ասքեֆրով, որ, ըստ Ատրպէյճանի ԱԱԾին, վարձուած է Իրանի գաղտնի ծառայութիւններուն կողմէ, եւ դրամական պարգեւի դիմաց իրանեան յատուկ ծառայութիւններուն տեղեկութիւններ փոխանցած Կասպից ծովուն մէջ կատարուող զօրավարժութիւններուն, Ատրպէյճանի մէջ գործող օտար ընկերութիւններուն եւ նաւահանգիստներ բերուող բեռներուն մասին:
Քննութիւնը կը պնդէ, որ իրանեան յատուկ ծառայութիւններուն կողմէ վարձուած երկու այլ ատրպէյճանցիներ լուսանկարահանած են նաւթային եւ կազային երթուղիները, պաշտպանութեան նախարարութեան ու Սահմանային ծառայութեան անօդաչու թռչող սարքերը եւ ռազմական կառոյցներ:
Դաւաճանութեան եւ լրտեսութեան մէջ մեղադրուող չորրորդ կասկածելին, ըստ Ատրպէյճանի ԱԱԾին, իրանցիներուն տեղեկութիւն փոխանցած է Ատրպէյճանի մէջ գործող արտասահմանեան կառոյցներուն, երկրին հասարակական ու քաղաքական իրավիճակին, զօրամասերուն եւ անոնց հրամանատարական կազմին մասին: Իսկ վերջին ձերբակալուածը «Թելեկրամ»ի օգնութեամբ ռազմական նշանակութիւն ունեցող այլ տուեալներ փոխանցած է:
Լրտեսական ցանցը, ըստ նոյն՝ պաշտօնական աղբիւրներուն, գործած է 2018էն սկսեալ, բացայայտուած է, սակայն, հիմա՝ Պաքուի եւ Թեհրանի միջեւ շաբաթներ շարունակուող փոխադարձ մեղադրանքներու լոյսին տակ, եւ երկու երկիրները իրենց արտաքին գործոց նախարարութիւնները կանչած են միմիանց դեսպանները եւ բողոքագիր փոխանցած՝ թշնամալից յայտարարութիւններու ու ոչ-բարեկամական քայլերու համար:
Աւելի կանուխ, Պաքու յայտարարեց, թէ բացայայտած եւ ձերբակալած է Իրանի կողմէ Ատրպէյճանի մէջ հիմնադրուած ապօրինի զինուած խումբի մը 17 անդամներ: Թեհրան իռ կարգին պնդեց, որ ատրպէյճանական հետք գտած է շաբաթներ առաջ Շիրազ քաղաքին մէջ գործադրուած արիւնալի ահաբեկչութեան ետին:
«Աւանդաբար սառն յարաբերութիւններ ունեցող հարեւանների միջեւ լարուածութիւնը խորացաւ ղարաբաղեան 44օրեայ պատերազմից յետոյ, երբ Ադրբեջանը սկսեց փակել Իրանից Հայաստան տանող ճանապարհը, յետոյ էլ պահանջեց Հայաստանից «Զանգեզուրի միջանցք» տրամադրել: Թեհրանը մի քանի անգամ եւ ամենաբարձր մակարդակով յայտարարել է, թէ տարածաշրջանում սահմանների փոփոխութիւնն անթոյլատրելի է համարում, յետոյ էլ լայնածաւալ զօրավարժութիւններ անցկացրել Ադրբեջանի հետ սահմանին», կը յայտնէ «Ազատութիւն»ը:
Ըստ աղբիւրին՝ կիրքերը առաւել թէժացան, երբ նախորդ շաբաթ, երբ Թրքական երկիրներու գագաթնաժողովին, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ թափանցիկ ակնարկներով դիմեց Իրանի մէջ ապրող միլիոնաւոր ատրպէյճանցիներուն՝ ըսելով. «Թրքական երկիրներու սահմաններէն դուրս ապրող մեր հայրենակիցներուն՝ մայրենի լեզուով կրթութիւն ստանալու իրաւունքը պէտք է ըլլայ մեր օրակարգին վրայ, եւ այդ ուղղութեամբ պէտք է անհրաժեշտ քայլերու ձեռնարկուին: Դժբախտաբար, Ատրպէյճանէն դուրս ապրող 40 միլիոն ատրպէյճանցիներուն մեծ մասը զրկուած է այդ կարելիութենէն»:
Թեհրանի մէջ հասկցան, թէ որո՛ւն ուղղուած էին Ալիեւի խօսքերը։ Իսկ Իրանի խորհրդարանի անդամները 14 Նոյեմբերին մեղադրեցին դրացի երկրի ղեկավարը՝ պատմութիւն չգիտնալուն մէջ եւ յիշեցուցին, որ ինքնին Ատրպէյճանը անջատուած է Իրանէն, ոչ թէ հակառակը:
Այս մասին յաւելեալ տեղեկութիւն հաղորդեց «Արմինֆօ»ն՝ դիտել տալով, որ Իրանի խորհրդարանի անդամները, որոնց կարգին ատրպէյճանալեզու նահանգներու ներկայացուցիչները, 13 Նոյեմբերին քննադատեցին Ալիեւի սադրիչ վերջին յայտարարութիւնները:
«Թոռնիկը չի կրնար ժխտել իր մեծ հօր գոյութիւնը, առ այդ, Ատրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահին յայտարարութիւնները անհիմն են», յայտարարեց Իրանի խորհրդարանի փոխնախագահ Ալի Նիքզատ:
«Կ՛առաջարկեմ Ատրպէյճանի նախագահին՝ կարդալ Կիւլիստանի պայմանագիրը իր երկրին պատմութիւնը հասկնալու համար: Եթէ անիկա չիրագործուէր, Ատրպէյճան պիտի ըլլար Իրանի կազմին մէջ, եւ Ալիեւ չէր կրնար այդ երկրին նախագահը ըլլալ», յայտարարեց երեսփոխան Սէյիտ Ալպորզ Հոսէյնին: Ան շեշտեց, որ Ատրպէյճանի նախագահը իրաւունք չունի նման յայտարարութիւններ ընելու դրացի երկիրներու տարածքային ամբողջականութեան մասին: «Իրանի արտաքին գործոց նախարարը եւ խորհրդարանը պէտք է արձագանգեն այսպիսի յայտարարութիւններու, որովհետեւ տարածաշրջանին աւելի քան երբեւէ խաղաղութիւն պէտք է», ըսաւ ան:
Թաւրիզ քաղաքի ներկայացուցիչ Մոհամմետրեզա Միր Թաժետինի նոյնպէս մեկնաբանեց Ալիեւի յայտարարութիւնները՝ յիշեցնելով, որ Ատրպէյճան առանձնացած է Իրանէն, իսկ եթէ խօսքը միանալու մասին է՝ Նախիջեւանը պէտք է միանայ Իրանին: