Հայաստան կ՛այցելէ Միացեալ Նահանգներու Եւրոպական հրամանատարութեան ծրագրաւորման, քաղաքականութեան, ռազմավարութեան եւ կարողութիւններու գծով տնօրէն զօր. Տանիէլ Տ. Լասիքաս:
Հայաստանի Ապահովութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան, 16 Նոյեմբերին ընդունելով զայն՝ ներկայացուց զինուած ուժերու կառուցուածքային եւ բովանդակային բարեփոխումներու ուղղութեամբ Հայաստանի կառավարութեան աշխատանքները:
Ան ողջունեց Լասիքասի այցելութիւնը Հայաստան եւ բարձր գնահատեց Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւններու զարգացման թափը, որ կ՛ընդգրկէ նաեւ ապահովութեան ոլորտը: