16 Նոյեմբերին, Ազգային ժողով-կառավարութիւն հարցում-պատասխան օրակարգին ընթացքին, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձաւ Ատրպէյճանի հետ բանակցութիւններու ընթացքին։ Ան դիտել տուաւ, որ խաղաղութեան մանրամասն համաձայնագիրի պարագային կրնան դժուարութիւններ ունենալ: «Այսպէս ասած, շրջանակային համաձայնագրի մոդելի (նախատիպի) մօտեցում, երբ որ շրջանակն է գծւում, առանց շատ մեծ կոնկրէտութիւնների (յստակութիւններու)», ըսաւ ան: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ազատութիւն»ը։
Ըստ Փաշինեանի՝ եթէ Հայաստան համաձայնած է տարանջատել հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւնները Արցախի հարցէն, այդ չի նշանակեր, որ Հայաստան հրաժարած է Արցախի հայութեան ապահովութենէն եւ իրաւունքներէն: «Եւ եթէ մենք այս խնդիրը լուծում ենք, ի հարկէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը պատրաստ է փոխադարձաբար տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան ճանաչման հենքի վրայ շրջանակային պայմանագիր կնքել Ադրբեջանի հետ խաղաղութեան վերաբերեալ», յայտնեց ան:
Փաշինեան անուղղակի նշեց, թէ ինչո՛ւ Արցախի կագավիճակի հարցը վերափոխուեցաւ ապահովութեան եւ իրաւունքի հարցի: «Նաեւ ռուսական դիրքորոշումը ընդունելն է պատճառը, որ մենք առաջ ենք քաշում ոչ թէ կարգավիճակի, այլ Լեռնային Ղարաբաղի հայերի անվտանգութեան եւ իրաւունքների ապահովման հարցը», աւելցուց ան։
Փաշինեան նաեւ ծաւալուն կերպով անդրադարձաւ ռուսական առաջարկներուն` յայտարարելով, որ իշխանութիւններու դիրքորոշումը եւ ընդդիմութեան ու Արցախէն հնչող դիրքորոշը նոյնն է, եւ որ Հայաստան շատ աւելի կանուխ համաձայնութիւն տուաւ այդ առաջարկին:
Փաշինեան այդ առաջարկը ձեւակերպեց այսպէս. «Կառավարութիւնը հէնց շատ վաղուց` դեռեւս 2021 թուականի Յունուարից էդ պայմանաւորուածութիւնը ընդունել է: Դրա մասին չի խօսել` զուտ կոռեկտութիւնից (բարեկրթութենէ) ելնելով, բայց քանի որ, եւ ես շնորհակալ եմ Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահին, որ թեման այնուամենայնիւ պարզաբանելու հնարաւորութիւնը մեզ համար ընձեռեց, եւ եթէ մեր կառավարութեան դիրքորոշումը խուսափողական է, մենք ըստ էութեան էսօրուայ մեր դիրքորոշումը այն է, ինչ մեզնից պահանջում էր ընդդիմութիւնը` չիմանալով, որ մենք այդ դիրքորոշումը վաղուց ենք որդեգրել»:
Փաշինեան յայտնեց, թէ յոյս ունի, որ 26 Նոյեմբերին, ՀԱՊԿի երեւանեան գագաթնաժողովին, ռազմական դաշինքը յստակ կերպով պիտի աջակցի Հայաստանի այն դիրքորոշման, որ Ատրպէյճանի զինուած ուժերը պէտք է դուրս գան Հայաստանի բռնագրաւուած տարածքներէն եւ գրաւեն 2021 թուականի Մայիսի դրութեամբ ունեցած դիրքերը:
Ան վստահեցուց, որ միջազգային հանրութեան կողմէ այդ աջակցութիւնը կայ: «Որովհետեւ թւում է, թէ հակառակը պէտք է լինէր, ՀԱՊԿը պէտք է պաշտպանէր յստակ, եւ մենք միւս գործընկերների հետ պէտք է աշխատէինք դիրքորոշում կառուցելու համար, բայց հիմա ուղիղ հակառակը ունենք. հիմա չենք ուզում ՀԱՊԿ-Ադրբեջան պատերազմ հրահրել: Ո՛չ: Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիների վերաբերմունքը ՀԱՊԿի նկատմամբ եւ մեր յարաբերութիւնների ապագայի նկատմամբ ձեւաւորուելու է հէնց այս հարցի հետ կապուած», ըսաւ Փաշինեան:
Ան փակագիծերը բանալով ըսաւ, որ բռնագրաւուած տարածքներէն դուրս գալու փոխարէն, Ատրպէյճան կը պահանջէ, որ Հայաստան դուրս գայ Ատրպէյճանի բռնագրաւուած տարածքներէն, առանց յստակացնելու, թէ ո՛ր տարածքները նկատի ունի Պաքուն:
Հակառակ անոր որ Փաշինեան ուրիշ երկիրով շրջապատուած հողամասերուն անունները չտուաւ, բայց հիւսիս-արեւելք համակարգման թիւերը (coordinates) տուաւ` յայտարարելով, որ Հայաստան պատրաստ է լուծումներու: «Մենք չենք մերժում դա: Ինչո՞ւ նաեւ: Որովհետեւ հէնց էդ նոյն տարածքներում հայկական չորս գիւղերի տարածքների մեծամասնութիւնը օկուպացուած (գրաւուած) է: Ես կարող եմ բերել կոնկրետ (յստակ) օրինակ. Տաւուշի մարզի Բերքաբեր գիւղի վարելահողերի մօտ 70 տոկոսը օկուպացուած է: 1991 թուականին այ դա եղել, 92-94 թուականը: Ցոյց տուէք սահմանի գիծը եւ ցոյց տուէք, թէ էդ սահմանի ձեր ցոյց տուած գիծը ինչ իրաւական հիմնաւորում ունի: Էդ դէպքում նաեւ մենք պատրաստ ենք, ինչպէս ասել եմ իմ վերջին հարցազրոյցներից մէկում, իրադրութիւնը զարգացնել մինչեւ ամբողջ սահմանի երկայնքով ո՛չ ադրբեջանական, ո՛չ հայաստանեան օկուպացուած տարածքներ չլինեն: Մենք պատրաստ ենք գնալ այդ լուծումների, եւ ես էդ պատասխանատուութիւնը պատրաստ եմ վերցնել ինձ վրայ»:
Խաղաղութեան պայմանագիրի ժամկէտներուն մասին խօսելով` Փաշինեան խոստովանեցաւ, որ իրատեսական չէ սահմաններու սահմանազատումը աւարտել մինչեւ խաղաղութեան պայմանագիրի կնքումը կամ ուժի մէջ մտնելը: Բայց Հայաստան այդ հարցին իր լուծումը կ՛առաջարկէ: «Զօրքերի յետքաշման սխեմայով (ուրուագիծով) մենք առաջարկում ենք վերցնել ուղղակի 1990 թուականին փաստացի գոյութիւն ունեցածը, զօրքերի հայելային հետքաշում իրականացնել, մոնիտորինգի (հսկումի) մեխանիզմ (գործիքակազմ) ստեղծել, զօրքեր ընդհանրապէս սահմանային հատուածում չունենալ, այդ ամբողջ հատուածը յանձնել սահմանապահ ծառայութեանը, էս թեման առնուազն սահմանի գծի մասին պատկերացումը ֆիքսել (ամրացնել), նոր հանգիստ պայմաններում գնալ դելիմիտացիայի (սահմանազատման) գործընթացի, որը իսկապէս կարող է շատ երկար տարիներ տեւել»: