Արցախի ներքին գործոց նախարարութեան ոստիկանութիւնը հաղորդեց, թէ ատրպէյճանական մարտական դիրքէն 16 Նոյեմբերի ցերեկը կրակ արձակուեցաւ գիւղատնտեսական աշխատանքներ կատարող քաղաքացիներու ուղղութեամբ։
Ըստ ոստիկանութիւն դիմած քաղաքացիին՝ կէսօրուան ժամը 11:40ի շուրջ, Ամարասի հովիտին մէջ գտնուող Ասկերանի շրջանի Սարուշէն համայնքին պատկանող գիւղատնտեսական հողատարածքներուն մէջ աշխատանքներ կատարելու ընթացքին, Ատրպէյճանի բանակի ծառայողները յարակից մարտական դիրքէն հրաձգային զանազան զինատեսակներով անկանոն կրակ բացին դաշտին մէջ աշխատող քաղաքացիներու ուղղութեամբ:
«Հրադադարի ռեժիմի (դրութեան) խախտման պատճառով դադարեցուել են գիւղատնտեսական աշխատանքները: Քաղաքացիական անձանց շրջանում տուժածներ չկան», կը նշուի ոստիկանութեան յայտարարութեան մէջ:
Դէպքին մասին կառոյցը տեղեակ պահեց եւ համապատասխան նիւթեր տրամադրեց ռուսական խաղաղապահ զօրակազմին:
Նոյն օրը առաւօտեան Ատրպէյճան մեղադրեց Հայաստանը եւ Արցախը՝ զինադադարի խախտման համար, բան մը, որ Հայաստանի եւ Արցախի պաշտպանական գերատեսչութիւնները ապատեղեկատուութիւն որակեցին: