Պաքու խստօրէն դատապարտեց Ֆրանսայի Ծերակոյտին կողմէ 15 Նոյեմբերին ընդունուած բանաձեւը, որուն միջոցաւ ֆրանսացի օրէնսդիրները կոչ կ՛ուղղեն՝ պատժամիջոցներ սահմանելու Ատրպէյճանի դէմ, ինչպէս նաեւ կը պահանջեն Ատրպէյճանի զօրքերը դուրս բերել Հայաստանի տարածքէն: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն»ը։
«Ֆրանսայի Ծերակոյտի բանաձեւը սադրիչ բնոյթ ունի եւ կը վնասէ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին», իր տարածած յայտարարութեան մէջ կը յայտնէ Ատրպէյճանի դիւանագիտական գերատեսչութիւնը:
«Ծերակոյտի բանաձեւին մէջ իրականութենէն հեռու, կեղծ եւ շինծու իրողութիւններ մատնանշուած են: Փաստաթուղթը չունի իրաւական որեւէ ուժ եւ անգամ մը եւս ցոյց կու տայ խաղաղ գործընթացին մէջ յառաջընթացին նպաստելու իր մտադրութեան մասին յայտարարող Ֆրանսայի միակողմանի եւ կողմնակալ քաղաքական դիրքորոշումը», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կ՛անդրադառնայ նաեւ Ծերակոյտի բանաձեւի այն հատուածին, որ կը վերաբերի Արցախի բնակչութեան ապահովութեան երաշխաւորման՝ նշելով. «Այդ տարածաշրջանին մէջ ապրող հայ բնակչութեան իրաւունքները եւ ապահովութիւնը Ատրպէյճանի ներքին հարցն են եւ կը պահպանուին Ատրպէյճանի սահմանադրութեան դրոյթներուն համապատասխան»: