
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը ողջունեց Հայաստանին աջակցող եւ Ատրպէյճանի դէմ պատժամիջոցներ պահանջող՝ Ֆրանսայի Ծերակոյտի բանաձեւին վաւերացումը, միաժամանակ կոչ ընելով Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին, որ հետեւի Փարիզի օրինակին։
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը նաեւ ամերիկահայութեան կոչ կ՛ընէ, որ հետեւեալ բանաձեւներուն կամ առաջադրութիւններուն զօրակցելու նպատակով՝ դիմեն իրենց քոնկրեսականներուն.
ԹԻՒ 240 ԲԱՆԱՁԵՒ
Էտըմ Շիֆի ներկայացուցած այս բանաձեւը կը պահանջէ Նոյեմբեր 2020էն ի վեր Ատրպէյճանի կողմէ գերի պահուող բոլոր հայերուն անյապաղ ազատ արձակումը։
ԹԻՒ 1351 ԲԱՆԱՁԵՒ
Շիֆի ներկայացուցած այս բանաձեւը կը դատապարտէ Հայաստանի եւ Արցախի վրայ Ատրպէյճանի յարձակումները եւ զինադադար հաստատելու կոչ կ՛ընէ։ Անիկա նաեւ ամերիկեան յաւելեալ միջամտութեան, եւ Ատրպէյճանին տրամադրուող ռազմական աջակցութիւնները կասեցնելու կոչ կ՛ընէ ու կը պաշտպանէ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը։ Բանաձեւը նաեւ ամերիկեան յաւելեալ աջակցութիւն կը պահանջէ Հայաստանի եւ Արցախի համար։
ԹԻՒ 1400 ԲԱՆԱՁԵՒ
Ճեքի Սփիրի ներկայացուցած այս բանաձեւը Հայաստանի եւ Արցախի դէմ Ատրպէյճանի պատերազմական ոճիրները կը դատապարտէ եւ Ուաշինկթընէն կը պահանջէ պատժամիջոցներ որդեգրել Պաքուի դէմ, իսկ միջազգային ատեաններէն՝ հետապնդել նշեալ ոճիրները։
ԹԻՒ 797 ԲԱՆԱՁԵՒ
Ծերակուտականներ Պապ Մենենտեզի եւ Մարքօ Ռուպիոյի ներկայացուցած այս բանաձեւը կը դատապարտէ Հայաստանի եւ Արցախի վրայ Ատրպէյճանի յարձակումները եւ զինադադարը յարգելու կոչ կ՛ընէ Պաքուին։ Անիկա նաեւ Ատրպէյճանին տրամադրուող ռազմական բոլոր աջակցութիւնները կասեցնելու կոչ կ՛ընէ եւ հայերու տարրական իրաւունքները ոտնակոխելու գծով ատրպէյճանցի պաշտօնատարներուն դէմ պատժամիջոցներ սահմանելու նպատակով հետաքննութիւն կը պահանջէ։
ՅԱՒԵԼՈՒԱԾՆԵՐ ԹԻՒ SA5752 ԵՒ SA5754
2023ի Ազգային պաշտպանութեան արտօնութիւններու օրինագիծին (NDAA) Մենենտեզի կողմէ ներկայացուած այս յաւելուածները նպատակ ունին յաջորդաբար կասեցնելու Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն տրամադրուող ռազմական աջակցութիւնները, ինչպէս նաեւ ամերիկեան F-16 ռազմական օդանաւերու վաճառքը՝ Թուրքիոյ։
Թիւ SA5752 յաւելուածը նաեւ կ՛առաջարկէ նախագահէն խլել Ատրպէյճանի զինումը կասեցնելու նպատակով վաւերացուած թիւ 907 յաւելուածը շրջանցելու իրաւասութիւնը։
ՅԱՒԵԼՈՒԱԾ ԹԻՒ SA6345
NDAA-ին ներկայացուցած ծերակուտական Քրիս Վան Հոլընի այս յաւելուածը կը պահանջէ Թուրքիայէն չծախել ամերիկեան F-16 ռազմական օդանաւերը արդիականացնելու սարքաւորումները։
ՅԱՒԵԼՈՒԱԾ ԹԻՒ SA6441
NDAA-ի ներկայացուցած ծերակուտական Ալեքս Փըտիայի այս յաւելուածը կը պահանջէ դատապարտել Հայաստանի դէմ արգիլուած զէնքեր գործածելու Ատրպէյճանի քայլերը եւ հետաքննութիւն կը պահանջէ ամերիկեան ճարտարագիտութիւնը Թուրքիոյ կողմէ շահագործուելու գծով, յատկապէս «Պայրաքթար» անօդաչու թռչող սարքերուն մէջ։