
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Չորեքշաբթի գիշեր յստակացաւ, թէ անցեալ շաբաթ տեղի ունեցած Լոս Անճելըսի քաղաքապետի ընտրութիւններէն յաղթական դուրս եկած է քոնկրեսական Քերըն Պես, որ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի զօրակցութիւնը ապահոված էր։
Իր ընտրապայքարին համար մօտաւորապէս 100 միլիոն տոլար ծախսած Ռիք Քըրուսոն պարտութեան մատնած Պես պիտի հանդիսանայ Լոս Անճելըսի 241 տարուան պատմութեան մէջ առաջին կին քաղաքապետը եւ միայն երկրորդ սեւամորթ քաղաքապետը։
Պես Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամ ընտրուած էր 2004ին եւ 2008ին ընտրուած էր անոր խօսնակը, իսկ 2010ին ընտրուած էր Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան անդամ, ներկայացնելով 37րդ ընտրատարածքը եւ զօրակցելով շարք մը հայանպաստ բանաձեւերու:
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը, խորհրդակցելէ ետք Հոլիվուտի, Սան Ֆերնանտօ հովիտի եւ Լա Քրեսենթա հովիտի Հայ Դատի յանձնախումբերուն հետ՝ որոշած էր նեցուկ կանգնիլ Պեսին, որ օրին խորին շնորհակալութիւն յայտնած էր Հայ Դատին այդ կեցուածքին համար, խոստանալով պատասխանատութեան կանչել Ատրպէյճանի իշխանութիւնները եւ նեցուկ կանգնիլ Արցախի ժողովուրդին։
Տեղական մակարդակի վրայ, Պես խոստացաւ շարունակել հակահայ արարքներու դէմ իր ջանքերը, միաժամանակ խոստանալով աւելի մեծ թիւով բարձրաստիճան հայ պաշտօնատարներ նշանակել քաղաքային կառավարութեան մէջ։

«Վերջին երկու տասնամեակներուն, Պես արժէքաւոր զօրակից մը եղած է հայութիւնը յուզող հարցերուն, նախ նահանգային մայրաքաղաք Սաքրամենթոյի եւ թէ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ, իսկական բարեկամ մը հանդիսանալով հայութեան։ Վստահ ենք, որ ան պիտի շարունակէ հայութեան նեցուկ կանգնիլ իր նոր պաշտօնին մէջ եւս», կը յայտնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան:
Պես վերջին տասնամեակին շարունակաբար Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին բարձրագոյն նիշերը ստացած է Ներկայացուցիչներու տան մէջ իր հայանպաստ կեցուածքներուն համար, որոնց շարքին էր անոր համահովանաւորութիւնը քոնկրեսական Էտըմ Շիֆի ներկայացուցած թիւ 1351 բանաձեւին, որ կը դատապարտէ Հայաստանի եւ Արցախի վրայ Ատրպէյճանի չհրահրուած յարձակումները եւ Ուաշինկթընէն կը պահանջէ, որ անմիջապէս կասեցնէ Ատրպէյճանին տրամադրուող ռազմական աջակցութիւնները։
«Այս պահուն, երբ հայութիւնը գոյութենական պայքար կը մղէ, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը հաստատ կը մնայ ամերիկահայութեան շահերը պաշտպանելու իր առաքելութեան մէջ, առանց նկատի ունենալու կուսակցական (Դեմոկրատ, Հանրապետական կամ անկախ) քաղաքականութիւնը», Պեսի զօրակցելու որոշումը յայտարարելու ընթացքին շեշտած էր Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութիւնը՝ յիշեցնելով, որ Հայ Դատը կը զօրակցի բոլոր անոնց, որոնք կը խոստանան պաշտպանել հայութեան ընկերային-տնտեսական, քաղաքական եւ մարդկային իրաւունքները եւ որոնք կը զօրակցին Հայաստանի գերիշխանութեան իրաւունքին ու տարածքային ամբողջութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան։
Նշենք, որ Չորեքշաբթի օր նաեւ յստակացաւ, որ հանրապետականները առնուազն 218 աթոռ ապահոված են Ներկայացուցիչներու տան ընտրութիւններուն ընթացքին, դեմոկրատներէն խլելով անոր մեծամասնութիւնը։