
ՓՐՈՖ. ՄԱՐԶՊԵՏ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ
(Ծնեալ՝ 20 Յունիս, 1940ին)
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ ամուսնոյն, հօր, եղբօր եւ հարազատին` դոկտ. Սարգիս (Մարզպետ) Մարկոսեանի մահը, որ պատահեցաւ Շաբաթ, 12 Նոյեմբեր 2022ին, Լոս Անճելըսի մէջ։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Շաբաթ, 3 Դեկտեմբեր 2022ին, առաւօտեան ժամը 10:30ին, Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ, 5300 White Oak Ave. Encino, CA 91316:
Սգակիրներ՝
Այրին՝ Սեդա (Պապահէքեան) Մարկոսեան
Զաւակները՝ տոքթ. Խաչեր, Արենի եւ կրտսեր Մարզպետ
Եղբայրը՝ Խաչեր Մարկոսեան
Յարութիւն եւ Վանուհի Մարկոսեան
Քոյրը՝ Սեդա (Մարկոսեան) Խտըշեան եւ զաւակները՝ Գալուստ եւ Նանար
Աներորդին՝ Մանուկ Պապահէքեան
Միլէտ եւ Կարինէ Ապպուտ եւ զաւակները
Սեւակ եւ Նայիրի Տումանեան եւ զաւակները
Տոքթ. Ժորժ եւ Սօսէ Պէրպէրեան եւ զաւակները
Գէորգ եւ Սոնա խտըշեան եւ զաւակները
Տոքթ. Մհեր եւ Մարիէթ Խտըշեան եւ զաւակները
Փրոֆ. Սիմոն եւ Արփի Փայասլեան
Յովիկ եւ Քրսիթին Մարկոսեան եւ զաւակները
Սահակ եւ Էմիլի Մարկոսեան եւ դուստրը
Քրիս եւ Ցօղիկ Հեքիմեան եւ զաւակները
Տէր եւ տիկ. Վաչէ Պուլղուրճեան
Սագօ եւ Սալբի Սիմիթեան եւ զաւակները
Ալեքս եւ Շողիկ Տէր Գալուստեան եւ զաւակները
Եւ համայն Մարկոսեան, Պապահեքեան, Խտըշեան, Պուլղուրճեան, Սիմիթեան, Տէր Գալուստեան, Ապպուտ եւ Տումանեան ընտանիքները, հարազատներն ու բարեկամները
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին (Armenian National Committee of America, 1711 N Street Northwest, Washington DC, 20036), ի յիշատակ Մարզպետ Մարկոսեանին։
ՄԱՐԶՊԵՏ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆի՝ երկար տարիներու Ազգային վարժարաններու ծառայող կրթական մշակին մահուան տխուր առիթով, Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը իր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնէ հանգուցեալի ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։
ՄԱՐԶՊԵՏ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆի՝ Ֆերահեան Ազգային վարժարանի նախկին տնօրէնին, մահուան տխուր առիթով, վարժարանին տնօրէնութիւնը, պաշտօնէութիւնն ու Ուսումնական մարմինը իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։
ՄԱՐԶՊԵՏ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆի մահուան տխուր առիթով, ՀՅԴ «Արշաւիր Շիրակեան» կոմիտէութեան ընկեր-ընկերուհիները իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի այրիին, զաւակներուն, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։