Յունաստանի Հայ Դատի յանձնախումբը հրապարակեց Քորինթոսի քաղաքապետին արձագանգը՝ ատրպեճանական այն յայտարարութեան, որ իբրեւ թէ Հարաւային Քորէայի մէջ վերջերս Շուշիի համագործակցութեան պայմանագիրները կնքած է կարգ մը քաղաքներու, որոնց շարքին՝ յունական Քորինթոս քաղաքին հետ:
«Ես յստակօրէն կը վստահեցեմ, որ չեմ պատրաստուիր ստորագրել կամ նոյնիսկ Քորինթոսի քաղաքապետական խորհուրդին մէջ քննարկել Շուշի քաղաքին հետ համագործակցութեան պայմանագիրը: Ես չեղարկած եմ Շուշի քաղաքին հետ համագործակցութեան պայմանագիրի մտադրութեան մասին ստորագրութիւնը», կ՛ ըսուի Քորինթոսի քաղաքապետի նամակին մէջ:
Յիշեցնենք, որ քաղաքապետին նշած պայմանագիրին ստորագրութենէն ետք, Յունաստանի Հայ Դատի յանձնախումբը բողոքի նամակ մը յղած էր Քորինթոսի քաղաքապետին։