«Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հակամարտութիւնը, ըստ ինծի, ՀԱՊԿի իրաւասութեան սահմաններուն մէջ չէ», հաստատեց Ռուսիոյ Դաշնակցային խորհուրդի փոխնախագահ Քոնսթանթին Քոսաչով «Argumenty i Fakty» թերթին տուած հարցազրոյցին ընթացքին:
«Նիուզ»ը կը տեղեկացնէ, թէ, ըստ Քոսաչովի, ՀԱՊԿի անդամ երկիրներէն իւրաքանչիւրը ի՛նք կ՛որոշէ իր վերաբերմունքը այդ կազմակերպութեան նկատմամբ: «Ինչ կը վերաբերի Ռուսիոյ, յայտնի է, որ մենք ամէնէն անկեղծ կերպով կը նպաստենք հարցի կարգաւորման: Ընդ որում, մեր ջանքերը հաւասարապէս պահանջուած են թէ՛ մէկ, թէ՛ միւս կողմէ: Այլ ձեւով կարելի չէ ընթանալ. իրավիճակը միայն այդպէս կրնայ զարգանալ: Այս հակամարտութեան միայն մէկ կողմին աջակցելու դիրքորոշումը կը նշանակէր խորացնել զայն: Պէտք է որդեգրել խաղաղ լուծման դիրքորոշում եւ օգնել, որ այս հարցի կարգաւորման պայմանները ընդունելի ըլլան բոլոր կողմերուն համար», նշեց ան:
«Օրինակ, արդեօք ուքրանական տագնապին որեւէ ձեւով նպաստա՞ծ է այն, որ Արեւմուտքը առանձինն դիրքորոշում որդեգրեց այս հարցին նկատմամբ: Ո՛չ, անիկա միայն հեռացուց զայն: Նայէք Թուրքիոյ կամ Չինաստանի, միւս հզօր խաղացողներուն՝ շատ աւելի հաւասարակշռուած դիրքորոշման: Ես չեմ իտէալականացներ նոյնինքն Թուրքիոյ քաղաքականութիւնը՝ հայ-ատրպէյճանական տագնապին մէջ, անիկա կը պաշտպանէ մէկ կողմի դիրքորոշումը, եւ, ըստ իմ տեսակէտին, այստեղ անիկա կը սխալի: Բայց Ուքրանիոյ տագնապին նկատմամբ անիկա շատ աւելի խոհեմ կը գործէ՝ իբրեւ միջազգային պատասխանատու խաղացող», դիտել տուաւ Քոսաչով:
Above declaration proves denial OF 7 nation alliance original agreement;
After this, in case Pashinian refuse Friendly Hands for HELPING , Trade,
turning FREE country, BOWING IN FRONT OF 6 UNFRIENDLY PRESIDENTS
NUMBERS OF OFFICIALS, CAPITULATES BY SIGNING *IMPOSED* TERMS,
CRUCIAL, -LAST CHANCE – FOR ARMENIA FREEING FROM SERFDOM IN
102 YEARS, WILL FACE UNANIMOUS WORLD ARMENIANS DISAPPROVAL,
BE RIGHTLY PRONOUNCED, *FATHERLAND’S TRAITOR*, LIABLE HIGHEST
PUNISHMENT: DEATH BY HANGING. WE HOPE HE LISTENS BLOOD APPEAL
AVOIDING TREACHERY, BE *LIKE KING ARCHAG IN FRONT OF SHABOUH*:
ACTUALLYs PUTIN. THIS WEEK IS THE MOST IMPORTANT, FATAL, FINAL,
*YES OR NO* FOR FREE ARMENIA CHOICE !!!!!.