Ատրպէյճանի զինուժը հրաձգային զինատեսակներով քանի մը ուղղութիւններով կրակեց պաշպանութեան բանակի դիրքերուն, ինչպէս նաեւ Մարտունիի շրջանի Մաճկալաշէնի մերձակայքը գիւղատնտեսական աշխատանքներ կատարող քարշակին ուղղութեամբ:
«Ազատութիւն»ը կը տեղեկացնէ, թէ դէպքը, ըստ Արցախի պաշտպանական նախարարութեան, պատահեցաւ 21 Նոյեմբերին: Ըստ պաշտօնական հաղորդագրութեան ` հայկական կողմը կորուստներ չունի:
Զինադադարի խախտման մասին հաղորդումները վերջին շրջանին դարձան պարբերական:
Մաճկալաշէնի ղեկավար Լեռնիկ Աւանեսեան դէպքին մասին ըսաւ հետեւեալը. «Տրակտորներն աշխատելիս են եղել, էդ ուղղութեամբ է եղել, թիրախաւորած չեն եղել, ուղղակի մի քանի օր է, անկապ կրակում են: Աշնանացան աշխատանքները կատարելիս կրակել են, ուզում են խանգարեն»:
Դաշտերը, որոնց ուղղութեամբ կրակած են ատրպէյճանցիները, կը պատկանին Սարուշէն գիւղին: Ըստ համայնքի ղեկավար Կարէն Գասպարեանի՝ իրենց համագիւղացին չէ վիրաւորուած, բայց հիմա ապահովական պատճառներով այդ տարածքին մէջ գիւղացիները կը զգուշանան աշխատելէ, միւս հատուածներուն մէջ աշնանացանը կը շարունակուի։ «էդ կողմում հիմա դադարեցրել ենք, բայց միւս կողմում աշխատում են», յայտնեց ան՝ աւելցնելով, որ դաշտերէն ատրպէյճանցիներուն դիրքերը շատ հեռու չեն` ուղիղ գծով 800 մեթրէն 1 քիլոմեթր է: Ատրպէյճանցիները աշխուժացած էին նաեւ նախորդ տարի, դարձեալ աշնանացանի ընթացքին:
Արցախի ներքին գործոց նախարարութենէն կը յայտնեն, որ ոստիկանութեան Մարտունիի շրջանային բաժինը պատահած միջադէպին վերաբերեալ փաստերը հաւաքագրեց եւ փոխանցեց ռուսական խաղաղապահ զօրակազմին:
«44օրեայ պատերազմին յաջորդող 2 տարիների ընթացքում բազմաթիւ են հրադարդարի խախտման դէպքերը», յայտարարեց Արցախի մարդու իրաւունքերու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան: Ան համոզուած է, որ վերջին օրերուն տեղի ունեցող խախտումները ոչ թէ յատուկենտ դէպքեր են, այլ՝ համակարգուած քաղաքականութեան հետեւանք: Այս ձեւով, ըստ Ստեփանեանի, ատրպէյճանցիները կը փորձէ քանի մը հարցեր լուծել։ «Նախ վախեցնել մարդկանց՝ այդ շփման գծի մերձակայ տարածքներում բնակուող քաղաքացիական բնակչութեանը, եւ երկրորդ` զրկել այդ մարդկանց եկամուտի հիմնական աղբիւրից, որը եւ գիւղատնտեսութիւնն է կազմում: Եւ դրանով յուսալքութեան եւ անտանելի իրավիճակի մէջ յայտնուած մարդը պարզ է, որ կը թողնի ու կը հեռանայ այդ համայնքներից: Սա են ադրբեջանական քաղաքականութեան հիմնական նպատակները», շեշտեց Ստեփանեան:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը եւս տեղեկացուց, որ սահմանին ատրպէյճանական կողմէ զինադադարի հերթական խախտում արձանագրուած է։
Միւս կողմէ Պաքուն մնայուն կերպով հայկական կողմերը կը մեղադրէ զինադադարի դրութեան խախտման համար: 22 Նոյեմբերին երկու անգամ նման հաղորդագրութիւն հրապարակեց Ատրպէյճանի ռազմական գերատեսչութիւնը՝ մեղադրելով թէ՛ Հայաստանը եւ թէ Արցախը: Վերջին տեղեկագիրին մէջ կը նշուի նաեւ, որ պատասխան միջոցներու ձեռնարկուած է: Երեւանէն ու Ստեփանակերտէն այդ մէկը ապատեղեկատուութիւն նկատեցին: