Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Պաքուի մէջ գումարուած Ասիական քաղաքական կուսակցութիւններու միջազգային համաժողովի մասնակցողներուն ուղղած իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ հայ-ատրպէյճանական հակամարտութեան կարգաւորման անհրաժեշտութեան:
«Պատմական փորձառութիւնը կը վկայէ, որ հակամարտութիւնները չեն կրնար յաւերժ տեւել. Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ միջազգային իրաւունքի եւ արդարութեան հիման վրայ խաղաղութեան եւ ապահովութեան հաստատումը դարաշրջանի եւ ժամանակի պահանջն է», ըսաւ ան՝ «Խաղաղութիւն եւ ապահովութիւն. կուսակցութիւններու դերը» թեմայով իր խօսքին մէջ: «Ազատութիւն»ը կը տեղեկացնէ, որ ան նաեւ նշեց, հետեւեալը. «Ներկայ ժամանակաշրջանին, երբ միջազգային յարաբերութիւններու համակարգին մէջ լուրջ ցնցումներու լոյսին տակ կը ձեւաւորուի նոր աշխարհակարգ մը, քաղաքական կուսակցութիւնները պէտք է վերանային իրենց դիրքորոշումները եւ տարբեր մակարդակներու իրադարձութիւններուն վրայ ազդելու հնարաւորութիւնները: Ասիկա զգայուն եւ առաջնահերթ հարց է նաեւ Ատրպէյճանի համար, որ կատարած է ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի չորս բանաձեւերուն պահանջները: Անոնք գրեթէ 30 տարիէ ի վեր չեն կատարուած, Ատրպէյճան երկրորդ ղարաբաղեան պատերազմին իբրեւ արդիւնք, 202ին ազատագրեց իր գրաւուած տարածքները եւ վերջ դրաւ ռազմական յարձակումներուն, որոնցմէ այդքան տարիներ տուժած է»: