
ՍՈՆԱ ՊԱՏԱԼԵԱՆ
Սահակ Մեսրոպ Հայ Քրիստոնեայ վարժարանի 43րդ ուսումնական տարեշրջանը բացուեցաւ 8 Սեպտեմբերի առաւօտեան:
Ծնողներ, բարերարներ, նախկին տնօրէն՝ Բ. Արոյեան եւ աշակերտներ փութացած էին դպրոց՝ դիմաւորելու դպրոցիս վերամուտը:
Ակներեւ էր կարօտը հանդէպ դպրոցին, պաշտօնէութեան եւ ընկերներուն, որոնք կ՛ողջագուրուէին եւ կը զրուցէին ամրան արձակուրդին մասին:
Աշակերտները դասարանային շարքերով շարուած էին որոշուած տեղերը, իրենց կողքին ունենալով իրենց դասատուները:
Բարի գալուստի խօսքը ուղղեց տնօրէնուհի Մարալ Պոյաճեան: Ան յայտնեց իր գոհունակութիւնը՝ համաճարակին պատճառով յառաջացած դժուարութիւնները յաղթահարելով՝ դարձեալ մէկտեղուելու առիթին համար, որուն շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ շարունակել հայ եւ քրիստոնեայ վարժարանին առաքելութիւնը՝ դաստիարակելու մեր մատղաշ սերունդը, ունենալով մեծ հեռանկարներ եւ նոր յոյսեր:
Հայկական եւ ամերիկեան ուխտերը կատարելէ ետք, ուրախալի էր վայելելու քանի մը ոգեւորիչ հոգեւոր երգեր:
Ապա պատուելի Աֆշարեան, պատուելի Սվաճեան եւ պատուելի Մկրտիչեան ողջունեցին ներկաները, աղօթեցին, խրախուսեցին աշակերտները եւ իրենց օրհնութիւնները փոխանցեցին՝ իրագործելու նոր նպատակներ եւ ծրագիրներ:
Վերամուտի առաջին զանգը հնչեց դպրոցիս հիմնադիրներէն Միքայէլ Եուսուֆեանի ձեռամբ, որմէ ետք աշակերտները, առաջնորդութեամբ իրենց դասատուներուն՝ ուղղուեցան իրենց դասարանները, ստանալու համար հայեցի դաստիարակութիւն եւ ուսումնական գետնի վրայ ապահովելու նորանոր յաջողութիւններ:
Ծնողներ, գոհունակ սրտով իրենց զաւակները վստահեցան դպրոցիս առաքելութեան, մաղթելով նոր յաջողութիւններ բոլորին:
Վերամուտը սկսանք նոր աւիշով տոգորուած նոր տեսլականով եւ նոր երազներով:
Դպրոցիս տնօրէնութիւնը եւ պաշտօնէութիւնը վերանորոգելով իրենց ուխտը, պիտի շարունակեն գիտելիքներ ամբարել եւ փոխանցել աշակերտներուն, որոնք պիտի ըլլան ապագայի մեր տիպար առաջնորդները: