Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամները հանդիպում մը ունեցան Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինոյի հետ, քննելով շրջանի հայութիւնը յուզող շարք մը հարցեր եւ Հայ Դատի առաջնահերթութիւնները։
Փորթանթինօ տեղեկութիւններ փոխանցեց Հայաստանի եւ Քալիֆորնիոյ միջեւ տնտեսական յարաբերութիւնները սերտացնելու ջանքերուն մասին, որոնք նոր թափ ստացան նահանգին եւ Հայաստանի միջեւ Սեպտեմբեր 2019 ին կնքուած համաձայնութեան շնորհիւ, որուն արգասիքն էր նաեւ Երեւանի մէջ Քալիֆորնիոյ Առեւտուրի եւ ծառայութիւններու գրասենեակին բացումը։
Փորթանթինօ նաեւ խոստացաւ Հայաստանէն Քալիֆորնիա ապրանքներու օդային փոխադրութիւններու ծաւալը բարձրացնելու ջանքերուն նպաստել, օժանդակելու համար Հայաստանէն արտադրութիւններու ներածումը։

Իր կարգին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը խոստացաւ ամէն ձեւով աջակցելու Հայաստանի եւ Քալիֆորնիոյ միջեւ յարաբերութիւնները սերտացնելու՝ Փորթանթինոյի ջանքերուն, մատնանշելով յատկապէս մաքուր ուժանիւթի, արդի արհեստագիտութիւններու, առողջապահական ծառայութիւններու, արուեստներու եւ շարք մը այլ մարզերու մէջ փոխշահաւէտ գործակցութիւնը սերտացնելու կարեւորութիւնը։
Հայ Դատի ներկայացուցիչները նաեւ շեշտեցին Քալիֆորնիոյ նահանգային իշխանութիւններուն կողմէ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը ջատագովելու եւ ատրպէյճանական բարբարոսութիւնները դատապարտելու կարեւորութիւնը։
«Ծերակուտական Փորթանթինօ հայութեան ամէնէն մօտիկ քաղաքական պաշտօնատարներէն է եւ մօտէն ծանօթ է հայութիւնը յուզող հարցերուն։ Ինչպէս միշտ, այս անգամ եւս թափանցիկ եւ անկեղծ խորհրդակցութիւններ ունեցանք հայութիւնը յուզող շարք մը հարցերու շուրջ, շեշտելով յատկապէս հայութեան դէմ Պաքուի յարձակումները դատապարտելու կարեւորութիւնը», յայտնեց Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան։