ԹԷԼ ԱՒԻՒ, «Ռոյթըրզ».- Իսրայէլի ոստիկանութիւնը յայտարարեց, թէ յստակ փաստեր ունի, որ նախագահ Մոշէ Քացաւ բռնաբարած է իր մօտ աշխատող կիներ։
Քացաւ նախապէս յայտարարած էր, թէ նման բան տեղի չէ ունեցած եւ թէ ինք զոհն է բամբասանքի եւ անհիմն ամբաստանութիւններու։
Ոստիկանութեան եւ արդարադատութեան նախարարութիւնները հրապարակեցին միացեալ հաղորդագրութիւն մը, ընդգծելով, որ փաստերը անվիճելի են։
Թղթածրարը յանձնուեցաւ ընդհանուր դատախազին, որ կրնայ պաշտօնապէս ամբաստանել նախագահը: Այդ պարագային նախագահը պէտք է հրաժարի:
Սակայն անկէ առաջ իսկ, շարք մը ղեկավարներ կոչ ըրին նախագահին, որ հրաժարականը ներկայացնէ:
Նախագահը դատելու իսրայէլեան ոստիկանութեան յանձնարարականէն ետք, Իսրայէլի նախագահը որոշեց երկրին խորհրդարանին (Քնեսէթ) բացման հանդիսութեան չմասնակցիլ։ Շարք մը երեսփոխաններ սպառնացած էին Քնեսէթի սրահէն հեռանալ, եթէ նախագահը ներկայ գտնուի։