
ՎԱՀԷ ԳՐԱՃԵԱՆ
(Ծնեալ՝ 30 Հոկտեմբեր 1929ին, Պէյրութ, Լիբանան)
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, հօրեղբօր, մօրեղբօր եւ հարազատին՝ Վահէ Գրաճեանի մահը, որ պատահեցաւ Երեքշաբթի, 29 Նոյեմբեր 2022ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Ուրբաթ, 16 Դեկտեմբեր 2022ին, կէսօրէն ետք ժամը 1ին, Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ, 5300 White Oak Ave., ապա թաղումը՝ Hollywood Hills Forest Lawn գերեզմանատան մէջ։
Սգակիրներ՝
Այրին՝ Ժորժէթ Գրաճեան
Զաւակը՝ Խաչիկ Գրաճեան եւ զաւակները՝ Ճէյմզ եւ Տանիէլ
Դուստրը՝ Վերա եւ Հայկ Գամպուրեան եւ զաւակը՝ Վահէ
Դուստրը՝ Պէթի եւ Յարութ Մոմճեան եւ զաւակները՝ Ալիք եւ Արմէն
Աներորդին՝ Ասատուր եւ Անահիտ Գույումճեան եւ զաւակները
Քենեկալը՝ Գէորգ Ուրֆալեան եւ զաւակները
Քենին՝ Մարօ եւ Իլիաս Նասր եւ զաւակները
Եղբօր կինը՝ Լիզա Գրաճեան եւ զաւակները
Եղբօր կինը՝ Սոնա Գրաճեան եւ զաւակները
Եւ համայն Գրաճեան, Պօլեան, Գույումճեան, Ուրֆալեան, Տէքրմէնճեան, Նասր, Գամպուրեան եւ Մոմճեան ընտանիքները, հարազատներն ու բարեկամները
Յուղարկաւորութեան արարողութենէն ետք հոգեճաշ պիտի մատուցուի Կլենտէյլի Phoenicia ճաշարանին մէջ, 343 N. Central Ave.
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ (Holy Martyrs Armenian Apostolic church, 5300 White Oak Ave., Encino, CA 91316)։
***
ՎԱՀԷ ԳՐԱՃԵԱՆի` Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ ծխական շրջանի նախկին հոգաբարձու եւ Ազգային երեսփոխանին մահուան տխուր առիթով, Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ հովիւը, հոգաբարձութիւնը, երեսփոխանական կազմը, դպրաց դասը, կիրակնօրեայ դպրոցի ուսուցչական կազմն ու Ծնողա-օժանդակ մարմինը իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի կնոջ, զաւակներուն, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն: