Երասխ- Ջուլֆա-Օրդուբադ-Մեղրի-Հորադիզ երկաթուղիի վերաբացման վերաբերեալ տակաւին յստակ արդիւնք չկայ։ Այս հաստատումը կատարեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 7 Դեկտեմբերին Ազգային ժողով-կառավարութիւն հարցում-պատասխան օրակարգին ընթացքին՝ տեղեկացնելով, որ օր մը առաջ տեղի ունեցած Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ փոխվարչապետերու հանդիպման ընթացքին քննարկուեցաւ այդ հարցը։ Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ազատութիւն»ը։
Պաքու մնայուն կերպով կը պնդէ, որ Երեւան պարտաւոր է Լաչինի միջանցքի օրինակով «Զանգեզուրով միջանցք» տրամադրել Ատրպէյճանին. անիկա առանց մաքսակէտերու տեղադրման թոյլ պիտի տայ ուղիղ կապ հաստատել Ատրպէյճանի արեւմտեան շրջաններուն եւ Նախիջեւանի ինքնավար հանրապետութեան միջեւ: Երեւան կը հերքէ նման պարտաւորութիւն ստանձնած ըլլալը՝ շեշտելով, որ պատրաստ է հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման, բայց յարգելով երկու երկիրներու ինքնիշխանութիւնը:
«Չեմ կարող ասել, որ որեւէ կոնկրետ (յստակ) արդիւնք ունենք, ցաւօք սրտի, բայց ուզում եմ վերահաստատել, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը պատրաստ է եւ շահագրգռուած է այդ ծրագրի իրականացմամբ, եւ մեր առաջարկը շարունակում է մնալ ուժի մէջ, եւ Հայաստանն պատրաստ է օր առաջ սկսել երկաթուղու վերականգնումը, եւ մենք նախկինում բարձրաձայնել ենք մեր պատկերացումները, եւ այդ պատկերացումների շուրջ ընդհանրութեան արձանագրման պահից պատրաստ ենք սկսել երկաթուղու վերականգնման աշխատանքները: Եւ, ի հարկէ, կարծում եմ` աւելորդ է ասել մեր ընկալումը, որ երկաթուղին եւ ճանապարհները պէտք է գործեն Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնսդրութեան շրջանակներում: Ցանկացած պահի, երբ որ մենք այս արձանագրումը թղթի վրայ կ՛անենք, այդ պահից մենք պատրաստ ենք սկսել աշխատանքները», յայտարարեց Փաշինեան:
Անդրադառնալով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ մայրուղիներու ապաշրջափակման հարցին` վարչապետը վերահաստատեց, որ պատրաստ են բանալու աւելի կանուխ յիշատակուած անցագրային 3 կէտերը: Օգոստոսին կառավարութիւնը շրջանառութեան մէջ դրաւ նախագիծ մը, ըստ որուն, անցակէտեր պիտի տեղադրուին Գեղարքունիքի, Արարատի եւ Սիւնիքի սահմանային բնակավայրերուն մէջ: Ատրպէյճանի արտաքին գերատեսչութիւնը, սակայն, «անիրատեսական» նկատեց Երեւանի այս առաջարկը:
«Պատրաստ ենք նոր ճանապարհային ենթակառուցուածքների ստեղծմանը, կառուցմանը լաւագոյն երթուղիով, որովհետեւ դա մեր ճանապարհն է, եւ ենթադրում ենք, յոյս ունենք դրանով մեծ միջազգային տրանզիտ (տառանցում) նաեւ ապահովել, եւ կրկին մեր` Հայաստանի օրէնսդրութեան շրջանակներում պատրաստ ենք րոպէ առաջ սկսել այդ ճանապարհների բացումը, վերակառուցումը, կառուցումը, եւ այստեղ քաղաքական կամքի բացակայութիւն կամ դեֆիցիտ (բաց, պակասորդ) չունենք», դիտել տուաւ Փաշինեան:
Շուրջ մէկ տարի շարունակուող Երասխ-Ջուլֆա- Օրդուբադ-Մեղրի-Հորադիզ երկաթուղիի վերաբացման, ինչպէս նաեւ փոխադրամիջոցներու հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման շուրջ եռակողմ բանակցութիւնները առ այսօր որեւէ յստակ արդիւնք չեն տուած, կողմերուն դիրքորոշումները կը շարունակեն հակասել իրարու:
Փաշինեան նաեւ անդրադարձաւ այն հարցին, թէ ի՛նչ էր Հայաստանի ակնկալութիւնը Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութենէն (ՀԱՊԿ) եւ ինչու անիկա հրաժարեցաւ Երեւանի մէջ տեղի ունեցած գագաթաժողովին իբրեւ արդիւնք Հայաստանին օգնութիւն տրամադրելու փաստաթուղթի ստորագրութենէն:
«Ի՞նչն է եղել մեր ակնկալիքը` ֆիքսել (ճշդել) թէ Հայաստանում որն է ՀԱՊԿի պատասխանատուութեան գօտին, որովհետեւ սա սկզբունքային հարց է ճիշդ յարաբերութիւններ կառուցելու համար», յայտարարեց ան։
Ըստ Փաշինեանի՝ երկրորդ ակնկալիքը եղած է տեղի ունեցածին յստակ քաղաքական գնահատական տալը: Ան յիշեցուց Մայիս 2021ին Սոթք-Խոզնավար հատուածին մէջ ատրպէճանցիներուն ներխուժումը Հայաստան, որուն ընթացքին մարտական գործողութիւններ չեղան: «Մենք ակնկալում ենք, որ գնահատական տրուի, թէ ինչ է տեղի ունեցել, եւ այս կոնտեքստում (բնագիրին մէջ, պարունակին մէջ) շեշտւում է, որ օգնութեան առաջարկ է եղել, եւ մենք հրաժարուել ենք ինչ-որ օգնութիւնից: Շատ կարեւոր է պարզաբանել` էնտեղ կայ մի տող` ցուցաբերել Հայաստանին օգնութիւն, այդ թւում`ռազմատեխնիկական (ռազմա-գիտարուեստական): Պարզ չէ, թէ ինչ օգնութիւն է առաջարկւում եւ այդ օգնութեան ընդունումն առանց յստակ գնահատականների կը նշանակի ընդունում են ստատուս քուոն (հաստատուած իրավիճակը), որ հաստատուած է մեր սահմաններում», պարզաբանեց Փաշինեան:
Ըստ անոր՝ առանց յստակ քաղաքական գնահատականի ՀԱՊԿի դիտորդական առաքելութիւնը ընդունիլ կը նշանակէ ճշդել եւ համակերպիլ սթաթուսի քոյի հետ: Ան յիշեցուց, որ Փրակի հանդիպման արդիւնքներով ճշդուած է, որ կողմերը կը ճանչնան իրարու տարածքային ամբողջականութիւնը` Ալմա Աթայի 1991ի հռչակագիրի հիման վրայ: Անկէ ետք միայն կարելի եղած է դիտորդական առաքելութեան գործուղում Հայաստան, որովհետեւ յստակ եղած են Հայաստանի սահմանները: «Էս ամէն ինչով արդեօք անվտանգային մարտահրաւէրները քչացե՞լ են Հայաստանի շուրջ, ո՛չ, չեն քչացել, հնարաւոր է` նոյնիսկ աւելացել են, բայց մեր գնահատականներն այն են, որ այս փաստաթղթերը եղածով ընդունելու պարագայում չէին նուազելու, ընդհակառակը` շարունակելու էին աճել», եզրափակեց Փաշինեան: