8 Դեկտեմբերին, Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի գլխաւոր դատախազներ Աննա Վարդապետեանի, Իկոր Քրասնովի եւ Քեամրան Ալիեւի եռակողմ հանդիպումը՝ ռուսական կողմին նախաձեռնութեամբ:
Ըստ Հայաստանի գլխաւոր դատախազութեան՝ Աննա Վարդապետեան յայտնեց, թէ յոյս ունի, այս հանդիպումը կարելիութիւն պիտի տայ արձանագրելու յստակ արդիւնքներ, պիտի ծառայէ Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն կողմէ 9 Նոյեմբեր 2020ին ստորագրուած եռակողմ յայտարարութեան 8րդ կէտի՝ մարդասիրական պահանջներու ամբողջական կատարման:
«Հայաստանի համար առաջնահերթութիւն են եռակողմ յայտարարութեամբ ամրագրուած մարդասիրական պահանջների կատարումը, մինչդեռ դրանք Ադրբեջանի կողմից մինչ օրս լիարժէք կատարուած չեն», ըսաւ Վարդապետեան՝ ընդգծելով, որ Հայաստան ամբողջութեամբ կատարած է 8րդ կէտի՝ «բոլորը բոլորի դիմաց» սկզբունքն ամրագրող պահանջները:
«Յայտարարութեան ստորագրումից երկու տարի անց Ադրբեջանի Հանրապետութիւնում շարունակում են պահուել հայ ռազմագերիներ: Ադրբեջանի այս վարքագիծը ոչ մի կերպ չի նպաստում եռակողմ յայտարարութեան նպատակների իրականացմանը», ըստ հաղորդագրութեան՝ շեշտեց Հայաստանի գլխաւոր դատախազ Աննա Վարդապետեան:
Անդրադառնալով նաեւ երեք երկիրներու գլխաւոր դատախազներուն մասնակցութեամբ այս ձեւաչափով տեղի ունեցած նախորդ հանդիպումներուն ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն՝ Վարդապետեան դիտել տուաւ, որ Հայաստան կատարած է բոլոր պայմանաւորուածութիւնները եւ կ՛ակնկալէ եռակողմանի յայտարարութեան 8րդ կէտի կատարման առիթով շօշափելի արդիւնքներ: