
«ԳԱՆՁԱՍԱՐ»
Վարանդ Մելքոնեան ծնած է Իրաք: Ան զաւակն է Մելքոն եւ Անժէլ Մելքոնեաններուն: Պատանեկան տարիքէն իսկ Վարանդին համար ՀՄԸՄը դարձած էր իր երկրորդ ընտանիքը: Նախնական կրթութիւնը Կաթողիկէ վարժարանին մէջ ստանալէ ետք, Վարանդը յաճախած է Պետական երկրորդական վարժարանը, զոր աւարտելով՝ մասնակցած է Պաքալորիայի քննութեան՝ բերելով երկրորդ բարձրագոյն նիշը ամբողջ երկրին մէջ:
Այնուհետեւ, Վարանդ յաճախած է Արհեստագիտութեան համալսարանը, իսկ 1977ին փոխադրուած է Միացեալ Նահանգներ: Այստեղ Վարանդը անդամակցած է ՀՄԸՄի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին, ուր իբրեւ պարզ անդամ կամ վարչական ունեցած է բեղուն գործունէութիւն: Վարանդի գործունէութիւնը, անշուշտ, չէ սահմանափակուած Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին մէջ, անոր ներկայութիւնը կը տեսնենք ամէնուրեք՝ Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանի ՀՄԸՄի կեանքի բոլոր ոլորտներուն մէջ: Վարանդը կը հաւատար որ «հայ ազգին զօրակցիլը հրամայական մըն է, իսկ հայութեան բարօրութեան նպաստելը պէտք է ըլլայ իւրաքանչիւր հայու կեանքին նպատակը»:
Շատերու արդէն ծանօթ է, որ Վարանդ Մելքոնեան յաջողակ գործարար մըն է: Ան սեփականատէրն է Home Organizers Inc. հաստատութեան, որուն հովանիին տակ գտնուող Closet world, Close By Design, Garage Envy, Blind World, Organize.com եւ Brio Water Technologies ընկերութիւնները կը գործեն Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի տարածքին՝ իրենց 65 մասնաճիւղերով:
1989ին, Վարանդը կ՛ամուսնանայ մէկ այլ նուիրեալ ՀՄԸՄականի՝ քոյր Հուրի Ճիվէլէկեանի հետ: Մելքոնեան զոյգի հայաբոյր այս օճախը կը բախատաւորուի երեք զաւակներով՝ Արման, Արլին եւ Արէն: Իսկ աւելի ուշ, Վարանդը կը դառնայ մեծ հայր իր զաւակին՝ Արմանի ամուսնութեամբ Քամի Գահուէճեամի հետ:
Մելքոնեան ամոլին համար բարեսիրական եւ ազգային միութենական բազամազան նախաձեռնութիւններու, զանազան ծրագիրներու եւ կազմակերպական աշխատանքներու գործնապէս սատարելու եւ նիւթապէս զօրավիգ կանգնելու մօտեցումը եղած է կեանքի եղանակ: Անոնք իրենց յաջողութիւններուն բաժնեկից դարձուցած են հայ ժողովուրդը՝ Հայաստանին, Արցախին եւ սփիւռքեան տարբեր օճախներուն տրամադրած իրենց զօրակցական օժանդակութիւններով: Մեծ է նաեւ Մելքոնեան ամոլին բերած նիւթական նպաստը՝ ամերիկեան բարեսիրական ծրագիրներու օժանդակութեան մէջ:
Հակառակ իր գերզբաղուածութեան Վարանդը գործնական մասնակցութիւն ունեցած է Հայ Դատի յանձնախումբի, USC Համալսարանի Հայկական ամպիոնի եւ Հայ Ոսկրածուծի նուիրատաուներու հիմնարկութեան աշխատանքներուն մէջ:
Բոլորիս ծանօթ է որ Վարանդ Մելքոնեան ունեցած է հարազատներ եւ բարեկամներ Հալէպի մէջ: Ան Հալէպը մշտապէս համարած է Սփիւռքի մեծ կռուաններէն մէկը: Բնականաբար ալ Վարանդը Հալէպի գաղութի բարգաւաճման եւ անոր վերականգման աշխատանքներուն եւ ճիգերուն մշտապէս սատարելու եւ զօրավիգ կանգնելու պատրաստակամութիւն յայտնած է:
Պատերազմի տարիներուն, Վարանդը ներդրում ունեցած է հայ համայնքի կայունութեան նպաստող աշխատանքներուն: Ան մեկենասը եղած է Հայ Դատի յանձնախումբին հրատարակած «Արդար Հատուցում» գիրքի արաբերէնի թարգմանութեան: Իսկ Հալէպի Հայ Երիտասարդութեան միութեան գործունէութիւնը քաջալերելու համար, Վարանդը իր բարեսիրական նպաստը բերած է Սուրիոյ Երիտասարդական Միութեան «Փոթորիկ» կեդրոնի վերանորոգման ծրագիրներուն:
Վարանդ Մելքոնեան արժանացած է առաւել քան 50 մրցանակներու եւ պարգեւներու: Կ՛արժէ յիշել Արամ Ա. կաթողիկոսին շնորհած «Կիլիկիոյ Ասպետ» շքանշանը, Հայկական Ոսկրածուծի նուիրատուներու հիմնարկութեան «Տարուան Դէմքը» մրցանակը, Հայ Մշակութային հիմնարկութեան գլխաւոր մրցանակը, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի «Ժառանգութիւն» մրցանակը, «Էլիս Այլընտ» պատուոյ շքանշանը, ինչպէս նաեւ Քալիֆորնիոյ նահանգապետարանէն, Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տունէն եւ Ծերակոյտէն, Քալիֆորնիոյ ներկայացուցիչներու տունէն եւ զանազան քաղաքապետարաններէ ստացած պարգեւները:
Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեան ամոլը ստանձնած է նաեւ ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 40րդ մարզախաղերու պատուոյ նախագահութիւնը:
Միութենական վաստակի, բայց մանաւանդ ազգային բարեսիրական բեղուն գործունէութեան նախանձելի եւ միաժամանակ օրինակելի զոյգ մը կը հանդիսանան Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեանները: Միութենական մեր կեանքին մէջ, յաճախ չէ որ կը տեսնենք աշխատողի եւ նուիրատուի համատեղումը մէկ անձի մէջ:
Վարանդի առանձնայատկութիւնը եւ արժանիքը այս համատեղումին մէջ կը կայանայ: Անխոնջ աշխատողը ազգային միութենական կեանքի մէջ եւ առատաձեռն բարեգործը, որ դեռ մեծ իրագործումներու բարեյուսութեամբ կը նայի ապագային: