
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Պիշքեկի մէջ տեղի ունեցող ԵԱՏՄ գագաթնաժողովի ծիրին մէջ հանդիպում պիտի ունենայ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ: Լուրը, ըստ «Արմէնփրէս»ի, փոխանցեց Ռուսիոյ նախագահի օգնական Եուրի Ուշաքով:
9 Դեկտեմբերին, Պիշքեկի մէջ տեղի պիտի ունենայ ԵԱՏՄ գագաթնաժողովը, որուն պիտի մասնակցի Ռուսիոյ Փութին: 1 Յունուար 2023էն սկսեալ, ԵԱՏՄի նախագահութիւնը պիտի անցնի Ռուսիոյ:
