ԹԻՖԼԻՍ, «Ռոյթըրզ».- Վրաստանի իշխանութիւնները իրենց դժգոհութիւնը յայտնեցին անցնող շաբաթավերջին ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ վաւերացուած այն բանաձեւին նկատմամբ, որ կը պահանջէր վրացական յաւելեալ ուժերու հեռացումը Աբխազիոյ հետ սահմանակից շրջանին մէջ գտնուող Քոտորի կիրճէն:
Վրացի պաշտօնատարներ աւելցուցին, թէ վրացական ուժերու տեղաշարժ տեղի պիտի չունենայ, որովհետեւ շրջանին մէջ նոր ուժեր չեն տեղադրուած եւ հոն կը մնան միայն վրացի ոստիկաններ եւ դէտեր, սակայն Ռուսիա եւ Աբխազիա կը պնդեն, թէ հոն հաստատուած են նաեւ վրացի զինուորներ:
ՄԱԿի բանաձեւը հարուած մըն էր Թիֆլիսի, որ մեծ ակնկալութիւններ ունէր, որ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչը իր վէթոյի իրաւասութիւնը գործածելով առաջքը պիտի առնէր բանաձեւին վաւերացման:
Միջազգային դէտեր կը յայտնեն, թէ այս հարցին մէջ Մոսկուայի նեցուկ կանգնելու Ուաշինկթընի որոշումը կը բխի Իրանի ու Հիւսիսային Քորէայի տագնապներուն մէջ ռուսական յաւելեալ աջակցութիւն ապահովելու կարիքէն: