ՄԱԿ, «Ռոյթըրզ».- ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդը անցնող շաբաթավերջին միաձայնութեամբ որոշում կայացուց ելեւմտական եւ ռազմական բնոյթի պատժամիջոցներ որդեգրել Հիւսիսային Քորէայի դէմ՝ Փիոնկեանկի կատարած հիւլէական ռումբի փորձարկման իբրեւ պատասխան:
Ճափոնի վարչապետ Շինզօ Ապէ յայտարարեց, թէ Թոքիօ կրնայ յաւելեալ պատժամիջոցներու դիմել Հիւսիսային Քորէայի դէմ, մինչ Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Քանտըլիզա Ռայս կը պատրաստուէր այցելել Ճափոն, Հարաւային Քորէա եւ Չինաստան:
Ապահովութեան խորհուրդը Փիոնկեանկի փորձարկումը որակեց «յստակ սպառնալիք՝ աշխարհի խաղաղութեան եւ ապահովութեան դէմ»:
Բանաձեւը կ՚արգիլէ ռազմական սարքեր եւ արհեստագիտութիւն արտածել դէպի Հիւսիսային Քորէա:
ՄԱԿի մօտ Հիւսիսային Քորէայի դեսպան Փաք Կիլ Իոն Ապահովութեան խորհուրդի անդամներուն առած այս քայլը «աւազակախումբերու վայել» նկատեց եւ դուրս եկաւ ժողովասրահէն, զգուշացնելով, թէ Փիոնկեանկ ամերիկեան որեւէ յաւելեալ ճնշում «պատերազմի յայտարարութիւն» պիտի նկատէ:
Չինաստանի իշխանութիւնները Երկուշաբթի օր սկսան խստօրէն խուզարկել Հիւսիսային Քորէայի հետ սահմանէն անցնող փոխադրակառքերը, սակայն շեշտեցին, թէ պատրաստ չեն փոխադրանաւեր կասեցնելու եւ անոնց պարունակութիւնը խուզարկելու:
Նաեւ, ամերիկեան իշխանութիւնները Երկուշաբթի օր յայտարարեցին, թէ քննութիւնները հաստատած են, թէ Հիւսիսային Քորէայի մէջ տեղի ունեցածը հիւլէական ռումբի մը փորձարկում էր: