
Արդէն չորրորդ օրն է, որ Ատրպէյճան շրջափակուած կը պահէ Արցախը Հայաստանին կապող Լաչինի միջանցքը, մարդասիրական խոր տագնապի մատնելով Արցախի բնակչութիւնը, որուն հայթայթուող բնական կազի գիծը նոյնպէս փակուած կը մնայ Պաքուի կողմէ:
Թշնամական այս մթնոլորտին մէջ, Արցախի ժողովուրդը պարտադրուած՝ կը դիմագրաւէ ձմեռնային խիստ պայմանները՝ առանց կենսական իր մթերքները ապահովելու միջոցները ունենալու: Շրջափակման շարունակումով՝ ժողովուրդը կ՛ապրի զինուորական դրութեան մէջ, ուր պահանջուած է որդեգրել խիստ տնտեսավարման եւ խնայողական միջոցներ:
Արցախը կը գտնուի թուրք-ատրպէյճանական առանցքին կողմէ բնաջնջուելու եզրին:
Այս իրավիճակին մէջ, Հայաստանի եւ Արցախի իշխանութիւնները կոչ ըրին միջազգային հանրութեան՝ գործելու եւ ձեռնածալ չմնալու: Հակառակ անոր որ Միացեալ Նահանգները, Եւրոպական Միութիւնը եւ Ֆրանսա կոչ ըրին Պաքուին՝ վերջ տալու այս շրջափակումին, հայ ժողովուրդը նախապէս ալ տեսած է միջազգային ուժերու դժկամութիւնը վճռական եւ կտրուկ քայլերու դիմելու՝ նոյնիսկ միջազգային օրէնքներու եւ կարգերու բացայայտ խախտումի պարագաներու:
Նոյն ժամանակ, Ռուսիա, որ խաղաղապահ ուժերու գումարտակ մը ունի Արցախի մէջ, ըստ երեւոյթին, տագնապը լուծելու կարողութիւնը չունի, ոչ ալ ի վիճակի է գործադրելու իրեն վստահուած Արցախի բնակչութեան ապահովութիւնը երաշխաւորելու պարտականութիւնը:
ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն խստօրէն կը դատապարտէ Արցախը վտանգող եւ շրջանին մէջ հայութիւնը բնաջնջելու նպատակով, աւելի ընդարձակ զինուորական գործողութեան մը ձեռնարկելու միտող Ատրպէյճանի (եւ Թուրքիոյ) այս քայլերը:
Գործի լծուելու ժամանակը հիմա է: Կոչ կ՛ընենք միջազգային համայնքին՝ պատրաստելու մարդկային իրաւունքները իրապէս պաշտպանող եւ Արցախը իր բնիկ բնակչութենէն պարպելու նպատակով ի գործ դրուած շրջափակումը վճռական քայլերով վերացնելու յստակ ծրագիր մը:
Կոչ կ՛ընենք նաեւ մեր համայնքի անդամներուն՝ ըլլալու միասնական՝ ազգին դիմագրաւած տագնապալի այս օրերուն եւ, օրինակ, այս հարցը ընտրուած պաշտօնատարներու եւ մարդկային իրաւանց պաշտպաններու ուշադրութեան հաւաքաբար յանձնելով՝ զայն հրատապ պահելու Արցախի մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն սիրոյն, մեր ազգի սիրոյն:
ՀՅԴ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ
15 Դեկտեմբեր, 2022
We realize that we have a true catastrophic emergency and a genocide in progress in Artsakh.
Short of ANCA and the Assembly, we see only articles in Armenian newspapers reporting the facts. Where are the Op-Ed’s in major World newspapers?
The world is silent about the planned Genocide by Azeri government.
Where are the massive street demonstrations in LA, Beirut, Paris, London Washington, Toronto?
Why are the Armenian parties passive?
The time to prevent Genocide is now.