15 Դեկտեմբերին, կէս գիշերէն ետք ժամը 1:10ի շուրջ, Ատրպէյճանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումները զանազան տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներով կրակ բացին Նորաբակի եւ Սրաշէնի ուղղութեամբ տեղակայուած հայկական դիրքերուն վրայ: Այս մասին հաղորդագրութեան մը միջոցաւ յայտնեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը:
Ըստ այդ հաղորդագրութեան՝ հայկական կողմը կորուստներ չունի:
Առաւօտեան ժամը 8:30ի դրութեամբ իրադրութիւնը յարաբերականօրէն կայուն է սահմանագիծին վրայ:
Իսկ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, թէ Հայաստանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումները 14 Դեկտեմբերի երեկոյեան ռմբակոծեցին ատրպէյճանական դիրքերը՝ Քարվաճարի եւ Լաչինի շրջաններուն մէջ, իսկ առաւօտեան Արցախի պաշտպանութեան բանակի զինուորները կրակ բացին Արցախի Մարտունիի շրջանին մէջ տեղակայուած ատրպէյճանական դիրքերուն ուղղութեամբ, եւ իբրեւ պատասխան «համարժէք միջոցներու ձեռնարկած են»:
Հայաստանի Պաշտպանութեան բանակը հերքեց ատրպէյճանական դիրքերուն ուղղութեամբ կրակ բանալու հաղորդումը: