
Freedom House միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը յայտարարեց, որ Ատրպէյճան պէտք է դադրեցնէ Լաչինի միջանցքի արգելափակումը, որ Արցախը արտաքին աշխարհին կապող միակ ուղին է՝ կոչ ուղղելով միջազգային հանրութեան՝ վերահաստատելու իր աջակցութիւնը առանց հարկադրանքի բանակցութիւններուն:
«Մեզ կ՛անհանգստացնեն տեղեկութիւնները այն մասին, որ Ատրպէյճան դարձեալ դադրեցուցած է կազամատակարարումը Արցախին: Freedom House-ը կոչ կ՛ուղղէ Ատրպէյճանի կառավարութեան՝ վերականգնելու կազի անխափան մատակարարումը տարածաշրջանի բնակիչներուն: Վերջապէս, մենք կը յորդորենք ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի երկիրները եւ 9 Նոյեմբեր 2020ի եռակողմ յայտարարութեան կողմերը՝ անհրաժեշտ քայլերու ձեռնարկելու Արցախի բնակչութեան իրաւունքները եւ ապահովութիւնը՝ ներառեալ տեղաշարժի ազատութիւնը, երաշխաւորելու համար», կը նշուի յայտարարութեան մէջ: