Արցախը Հայաստանին եւ աշխարհին կապող Լաչինի միջանցքը 8րդ օրն ըլլալով փակ կը մնայ ատրպէյճանցի ցուցարարներուն կողմէ: Ըստ Ստեփանակերտի տուեալներուն՝ 1100 քաղաքացիներ, որոնցմէ 270ը՝ անչափահաս, տուն վերադառնալու կարելիութիւն չունին. անոնք կա՛մ կը մնան ինքնաշարժներուն մէջ եւ կամ փոխադրուած են Գորիսի պանդոկներ:
19 Դեկտեմբերի կէսօրին, միջանցքը բացուեցաւ քանի մը վայրկեանով, երբ Արցախի շտապ օգնութեան ինքնաշարժը՝ Կարմիր Խաչին ընկերակցութեամբ, անցաւ ցուցարարներուն մէջէն, փոխադրելով 62ամեայ արցախցին, որ սիրտի հրատապ վիրահատութեան կարիք ունէր: Երեւանէն եկած շտապ օգնութեան ինքնաշարժը հիւանդին սպասեց Գորիսի մէջ՝ զայն Երեւանի «Նորք Մարաշ» բժշկական կեդրոնը տեղափոխուելու համար:
Ստեփանակերտի հանրապետական բժշկական կեդրոնի տնօրէն Մհեր Մուսայէլեան դիտել տուաւ, որ շրջափակման առաջին օրէն յայտարարուեցաւ, որ կան ծայրայեղ ծանր վիճակով հիւանդներ, որոնք անպայման պէտք է Երեւան փոխադրուին, սակայն ցարդ այդ գծով զարգացում չեղաւ, եւ այդ պատճառով ալ մահացաւ այդ հիւանդներէն մէկը: 19 Դեկտեմբերին փոխադրուած հիւանդը առաջինն էր, որ կրնար հասնիլ Երեւան:
Պաշտօնական Պաքուն ապատեղեկատուութիւն կը նկատէ Արցախի շրջափակումը՝ նշելով, որ հիւանդին տեղափոխութիւնը ապացոյց է, որ ճամբան ատրպէյճանցիները չեն փակած՝ հարնելով, որ ինչո՞ւ արցախցի հիւանդին տեղափոխութեան ընկերակցեցան ռուս խաղաղապահներու մէկ եւ Կարմիր Խաչի քանի մը ինքնաշարժներ:
«Այսօր մենք մեր չէզոք միջնորդի դերում օգնել ենք, որպէսզի մէկ հիւանդ տեղափոխուի Հայաստան: Ինչ այս իրավիճակը ստեղծուել է, մենք ամէն օր տարբեր մարդասիրական հարցերի շուրջ քննարկումներ էինք վարում ու կարող ենք արձանագրել, որ այսօր այդ մէկ հիւանդը տեղափոխուել է ու կարող ենք ասել, որ մենք պատրաստակամ ենք մնում աջակցելու նման խնդիրներին», ըսաւ Արցախի մէջ Կարմիր Խաչի Միջազգային Կազմակերպութեան առաքելութեան մամլոյ քարտուղար Էթերի Մուսայէլեան: Ան տեղեկութիւն չտուաւ այն մասին, որ արդեօք ատրպէյճանցիներուն հետ բանակցութիւններ տեղի կ՛ունենա՞ն, որպէսզի միւս հիւանդներն ալ փոխադրուին Երեւան:
Միւս կողմէ, Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ ռուս խաղաղապահներու հրամանատարութիւնը կը շարունակէ բանակցութիւնները հայկական եւ ատրպէյճանական կողմերուն հետ՝ Լաչինի միջանցքը ապաշրջափակելու համար:
Ասկերանի մէջ ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին Արցախի պետական նախարար Ռուբէն Վարդաեան շեշտեց, որ Արցախը պաշտպանելու, այս իրավիճակէն դուրս գալու ելքեր ստեղծելու համար աշխատանք կը տարուի թէ՛ ՄԱԿի, թէ՛ Ֆրանսայի, թէ՛ Միացեալ Նահանգներու եւ թէ Ռուսիոյ հետ: «Մեր ամենակարեւոր նպատակին հասնելու՝ Արցախը պահպանելու ու զարգացնելու համար պէտք է օգտագործենք բոլոր միջոցներն ու գործիքները: Արցախը հայկական պահելը ողջ հայ ժողովրդի արժանապատուութեան հարցն է», շեշտեց ան:
Որքան փակ մնայ Արցախը Հայաստանին կապող ճամբան, նոյնքան ալ փակ պիտի մնայ ատրպէյճանցիներուն մուտքը Քարվաճառ՝ Մարտակերտի շրջանով: Այս մասին կը հաղորդեն Արցախէն: «Իրենք էլ գան, չենք թողնելու, որ գան: Որ մենք ուզենք էլ, չի ստացուի, մէկ է՝ ժողովուրդը չի թողնելու, ինքնաբուխ ա լինում», «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց Գետաւանի համայնքապետ Արարատ Զաքարեան:
Ատրպէյճանական շարասիւները շաբաթը երեք օր՝ ռուս խաղաղապահներուն ընկերակցութեամբ, կ՛անցնին հայկական Գետաւանով, բեռներ կը տանին դէպի ատրպէյճանական դարձած Քարվաճար, սակայն 12 Դեկտեմբերէն ետք ատրպէյճանական ոչ մէկ ինքնաշարժ անցած է հոնկէ: «Ինչքան ժամանակ էնտեղ կանգնեցուած է, էդքան ժամանակ էլ իրենք չեն գալիս», աւելցուց Զաքարեան:
Ատրպէյճանական շրջափակումէն առաջ Արցախը Հայաստանէն ամէն օր քանի մը հարիւր թոն բեռ կը ստանար՝ ուտելիք, դեղորայք եւ մաքրութեան պարագաներ: Այժմ պաշարները կը սպառին առանց համալրման:
«Դեղերն է շատ դժուար գտնելը, գնում ես, ահագին հերթեր են, եւ չես կարողանում ուզածս դեղն առնել, որովհետեւ ասում են՝ վերջացել է: Շաքարաւազ, ձէթ, ալիւր, մի քանի օր է՝ խանութներում սահմանափակ քանակութեամբ են վաճառում, բանջարեղէնի տեսականին դանդաղ անհետանում է արցախեան վաճառակէտերից: Խանութում ամէն ինչ էլ պակաս է, մենակ խնձոր է, մէկ էլ հայաթինս է, կառալեօկը», ըսին արցախցիները:
Մարդիկ դժգոհ են նաեւ գիներու բարձրացումէն։ «Գների փոփոխութիւնը շատ ա, կարտոֆիլը 400-500 դրամ է, որ 300-350 դրամ է եղել», ըսին անոնք:
Արցախի հանրային ծառայութիւնները եւ տնտեսական մրցակցութիւնը կարգաւորող յանձնաժողովը քաղաքացիները յորդորեց «անբարեխիղճ ու անամօթ» վարքով տնտեսվարողներու մասին ահազանգել թէժ գիծին, որպէսզի համապատասխան քայլերու դիմուի: