Շուէտի Գերագոյն ատեանը մերժեց Թուրքիոյ խնդրանքով այլախոհ լրագրող Պիւլենտ Քենեսի արտայանձնումը՝ ըսելով, որ անոր վերագրուող յանցանքը «քրէականացուած չէ» սքանտինաւեան երկրին մէջ, կը տեղեկացնէ «Ա.Էֆ.Փէ.»ն։
Գերագոյն ատեանի յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի, որ «արտայանձնման խոչընդոտներ կան, որովհետեւ խօսքը, այսպէս կոչուած, քաղաքական յանցանքներու, այսինքն՝ հակապետական եւ քաղաքական բնոյթ կրող յանցանքներու մասին է»։
Ըստ Անգարայի՝ լրագրողը մեղսակցած էր 2016ին, Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած պետական յեղաշրջման փորձին։
55ամեայ Քենես, որ ապաստանած է Շուէտ, եղած է անգլիատառ Today’s Zaman թերթի խմբագիրը, զոր կը կապեն իսլամական քարոզիչ Ֆեթուլլահ Կիւլէնի շարժումին հետ։
Թերթը փակուած է Կիւլէնի շարժումին դէմ իշխանութիւններու բանեցուցած ճնշումներու ծիրին մէջ։ Թուրքիա Կիւլէնին կը մեղադրէ 2016ի ձախողած յեղաշրջման մէջ եւ անոր ցանցը կը համարէ «ահաբեկչական կազմակերպութիւն»։
Թուրքիա կը ձգձգէ ՆԱԹՕին անդամակցելու Շուէտի եւ Ֆինլանտայի յայտերու վաւերացումը՝ ճնշում բանեցնելով սքանտինաւեան երկու երկիրներուն վրայ, որպէսզի վերջիններս արտայանձնեն այն մարդիկը, զորս Անգարա «ահաբեկիչներ» կը համարէ։
Անցեալ ամիս Էրտողան Քենեսին յիշատակած էր Անգարայի մէջ Շուէտի վարչապետին հետ ասուլիսին ընթացքին՝ ըսելով. «Շուէտի մէջ կայ ահաբեկչական կազմակերպութեան անդամ մը, որուն անունը ես կը նշեմ՝ Պիւլենտ Քենես։ Օրինակ, այս ահաբեկիչի արտաքսումը Թուրքիա մեզի համար մեծ կարեւորութիւն ունի, եւ մենք, անշուշտ, կ՛ուզենք, որ Շուէտ աւելի նրբանկատ գործէ այս գծով»։
Քենես ողջունեց ատեանին որոշումը, սակայն պնդեց, որ զինք նոյնիսկ կասկածեալ կարելի չէ համարել։ «Անշուշտ, ուրախ եմ։ Բայց որոշումը սպասելի էր», ըսաւ ան շուէտական SVT կայանին՝ աւելցնելով. «Ես ընդհանրապէս որեւէ յանցանք չեմ գործած։ Այս մեղադրանքները ամբողջութեամբ յօրինուած են Էրտողանի վարչակարգին կողմէ»։
Սթոքհոլմի Գերագոյն ատեանը յայտարարեց, որ գոյութիւն ունի «հալածանքի վտանգ՝ հիմնուած անձին քաղաքական հայեացքներուն վրայ»։ «Այս գործին մէջ ակնյայտօրէն կան արտայանձնման քանի մը խոչընդոտներ եւ այդ պատճառով արտայանձնում չի կրնար կատարուիլ», ըսաւ Գերագոյն ատեանի դատաւոր Փեթեր Ասպի։
Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան եւ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու Երեքշաբթի օր խստօրէն դատապարտեցին ատեանին որոշումը՝ շեշտելով, թէ այդ մէկը «շատ բացասական զարգացում» մըն է Շուէտը ՆԱԹՕի անդամ դարձնելու գործընթացին մէջ։
Յիշեցնենք, որ Շուէտ այս ամսուան սկիզբը Անգարայի յանձնած էր քրտական կազմակերպութեան անդամ մը, որ կը հետապնդուէր Անգարայի կողմէ։