«Մենք կ՛ողջունենք դրացի երկիրներուն, մասնաւորաբար Ծոցի երկիրներուն հետ վստահութեան եւ շինիչ գործակցութեան վերակառուցումը», յայտնեց Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հուսէյն Ամիր Ապտոլլահեան:
Ան նշեց, որ Իրան պատրաստ է դրացի երկիրներուն եւ Արաբական ծոցը եզերող երկիրներուն հետ արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարներու մակարդակով երկխօսութեան` այդ երկիրներուն հետ գործակցաբար շրջանին մէջ ապահովութիւն հաստատելու համար:
«Իրան պատրաստ է Սէուտական Արաբիոյ հետ յարաբերութիւններու վերականգնման եւ երկու երկիրներուն դեսպանատուներուն վերաբացման, եթէ Ռիատ անոր պատրաստ է», ըսաւ Ապտոլլահեան` աւելցնելով. «Ռիատ պէտք է Թեհրանի նկատմամբ դրական քաղաքականութիւն վարելու որոշում որդեգրէ»:
Խօսելով Ուքրանիոյ տագնապին մասին` Ապտոլլահեան ըսաւ. «Ուքրանիոյ մէջ պատերազմի վերաբերեալ մեր սկզբունքային քաղաքականութիւնը տագնապը երկխօսութեան եւ քաղաքականութեան ճամբով լուծելը, բռնութեան օգտագործման մերժումը եւ երկու կողմերուն ապահովական օրինական մտավախութիւնները նկատի ունենալու կարեւորութիւնն է: Ռուսիոյ անօդաչու թռչող սարքեր յանձնելու վերաբերեալ մեզի ուղղուած ամբաստանութիւնը անհիմն է, եւ Արեւմուտքը կը փորձէ պատերազմին իր աջակցութիւնը ամբաստանութիւններով արդարացնել: Ամերիկա պէտք է հրաժարի հիւլէական համաձայնութեան վերաբերեալ իր քաղաքականութեան մէջ ստախօսութենէն եւ վերադառնայ համաձայնութեան: Մենք պատրաստ ենք հիւլէական համաձայնութեան հասնելու, եթէ Ուաշինկթըն մտադիր է գործնական եւ իսկական կերպով ատոր հասնելու»: