Հինգշաբթի, 15 Դեկտեմբերի առաւօտեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան այցելեց Մոնթեպելլոյի մէջ գործող Մեսրոպեան Ազգային վարժարանը, ընկերակցութեամբ Ս. Խաչ Մայր տաճարի հոգեւոր տեսուչ Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեանի, հովիւ Աշոտ քհնյ. Գամպուրեանի, Ազգային վարչութեան անդամ Ճեք Հաճինեանի, Հոգաբարձութեան անդամ տոքթ. Յակոբ Տիգրանեանի: Առաջնորդ սրբազանը եւ շքախումբը դիմաւորուեցան վարժարանի տնօրէն Դաւիթ Ղուկասեանի եւ Տնտեսական մարմինի անդամ Քրիս Կիւլճեանի, ուսուցիչներու եւ աշակերտներու կողմէ:
Վարժարանի մանկապարտէզ-մանկամսուրի վարիչ Անգին Իսկաճեանի գլխաւորութեամբ՝ աշակերտները աղ ու հացով ընդառաջ եկան սրբազան հօր եւ խնդրեցին, որ աչքերը փակ հետեւի իրենց՝ դէպի Ռան եւ Գոհարիկ Գաբրիէլ մանկամսուրի խաղավայրը: Մանկամսուրի շրջափակի մուտքին, սրբազանը կարմիր ժապաւէնի հատումով բացումը կատարեց խաղավայրին մէջ պատկառելի որմնանկարի մը, որ կը ներկայացնէր հայրենի աշխարհի «Մամիկ ու Պապիկ»ի կոթողը, Արարատեան դաշտը եւ այլ սրբավայրեր: Աշակերտները երգեցին Ս. Ծննդեան երգեր, իսկ սրբազանը մասնակցեցաւ «Լո՜ւռ Գիշեր» շարականով:
Այս առիթով ան բարձր գնահատեց մանկամսուր-մանկապարտէզի վարիչը եւ ուսուցչուհիները, ինչպէս նաեւ փոքրերուն հնչեցուցած հայերէն երգերն ու արտասանութիւնները, որոնք, տօնական օրերու նախօրեակին, ջերմութեամբ համակեցին այցելուներու սիրտերը:
Մեսրոպեան Ազգային վարժարանի միջնակարգ եւ երկրորդական կարգերու աշակերտները այս առիթով ներկայացուցին գեղարուեստական պատշաճ յայտագիր մը. խումբ մը աշակերտներ ասմունքեցին «Նարեկ»էն եւ հայ գրողներու գործերէ վերցուած՝ «Աշխարհի ցաւով հիւանդ է հոգիս» ընդհանուր թեմայով բանաստեղծական համադրում մը: Իր հայրական խօսքին մէջ, Առաջնորդ սրբազանը յորդորեց աշակերտները, որ իրենց անձերէն աւելի բարձր արժէքներու հետամուտ ըլլան եւ ուսման կողքին նաեւ զարգացնեն մարդկային առաքինութիւններ: Շեշտը դնելով գլխագիր Մարդ դառնալու եւ ծառայական ոգի ունենալու կարեւորութեան վրայ, Թորգոմ եպիսկոպոսը իր խօսքի աւարտին դրուատեց աշակերտներուն մատուցած գեղարուեստական յայտագիրը եւ գնահատանքի խօսքեր ուղղեց վարժարանի պատասխանատուներուն, ուսուցիչներուն, կրթական մշակներուն, աշակերտներուն եւ ծնողներուն, ապա մասնակցեցաւ այս առիթով կազմակերպուած սիրոյ սեղանին:
Հանդիպումը աւարտեցաւ վարժարանի տնօրէնին փակման խօսքով, որուն ընթացքին ան առաջնորդ սրբազանին նուիրեց աշակերտուհի Անահիտ Ստեփանեանի նկարած Կոմիտաս Վարդապետի դիմանկարը:
Պահը եզրափակուեցաւ առաջնորդ սրբազանին աղօթքով եւ «Կիլիկիա» մաղթերգի միահամուռ երգեցողութեամբ: