Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը ողջունեց Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի շրջափակման հարցի քննարկումը ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի արտակարգ նիստին։
«Այն, որ նման ազդեցիկ միջազգային կազմակերպութեան առանցքային մարմինն այդ հարցով արտակարգ նիստ է հրաւիրել, արդէն իսկ ցոյց է տալիս միջազգային հանրութեան լուրջ մտահոգուածութիւնը ստեղծուած իրավիճակով, ինչպէս նաեւ Ադրբեջանի ուխտադրուժ քաղաքականութեան առնչութեամբ», յայտարարեց նախարարութիւնը:
Ըստ պաշտօնական Ստեփանակերտի` միջազգային հանրութեան քննադատական դիրքորոշումը՝ Ատրպէյճանի քաղաքականութեան նկատմամբ, արտայայտուեցաւ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի անդամ երկիրներու ներկայացուցիչներու ելոյթներուն մէջ:
«Արցախի ժողովուրդն առերեսւում է մարդասիրական աղէտի, ինչը չի կարող եւ չպէտք է անտեսուի։ Յոյսով ենք, որ միջազգային հանրութիւնը կը ձեռնարկի նաեւ կոնկրետ (յստակ) քայլեր Արցախի ապաշրջափակման ուղղութեամբ: Ադրբեջանի նկատմամբ համապատասխան պատժամիջոցների կիրառմամբ է միայն հնարաւոր կայունացնել իրավիճակը տարածաշրջանում եւ ստեղծել նախադրեալներ տեւական խաղաղութեան համար», կ՛ըսուի նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:
ՌՈՒԲԷՆ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ ՈՒՐԱԽԱԼԻ ԿԸ ՆԿԱՏԷ ԱՅՍ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄԸ
Արցախի պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան «Ֆէյսպուք»ի իր էջէն ուղիղ եթերով ուրախալի նկատեց ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ Արցախի հարցի քննարկումը:
«Իսկապէս շատ կարեւոր է, որ նորից հնչեց Լեռնային Ղարաբաղի, Արցախի հարցը` ամենաբարձր կազմակերպութեան քննարկման օրակարգում, եւ շատ կարեւոր է, որ արձագանգը մի կողմանի էր` դա անընդունելի է, ինչը կատարւում է, 200 ժամից աւել արդէն փակ է Արցախի ճանապարհը, բլոկադայի (պաշարման) մէջ ենք, եւ ամբողջ աշխարհը, բոլոր երկրները, իրենց արձագանգը շատ կտրուկ էր եւ պարզ` սա անընդունելի է եւ պէտք է բացուի առանց նախապայմանների, կամ քննակումներով, բայց մէկ է` ընդհանուր որոշումն այդպիսին էր, որ սա անընդունելի իրավիճակ է», յայտարարեց Վարդանեան:
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց «բոլոր մարդկանց եւ կազմակերպութիւններին եւ պետութիւններին, որ արել են էդ ամէն ինչը, եւ նոյն Հայաստանի կառավարութեանը, որը զբաղուել է դրանով»: