Ատրպէյճանի մօտ Թուրքիոյ դեսպան Ճահիթ Պաղճը այցելեց Լաչինի միջանցքի այն հատուածը, որ Ատրպէյճանի այսպէս կոչուած «բնապահպանները» 12 Դեկտեմբերէն ի վեր փակած են` պահանջելով հասանելիութիւն տրամադրել Արցախի մէջ` ռուս խաղաղապահներու պատասխանատուութեան գօտիին մէջ գտնուող արդիւնաբերական հանքերը:
Այս մասին կը վկայեն թուրք դիւանագէտին «Թուիթըր»ի էջին վրայ հրապարակուած լուսանկարները: