ՆԱՊԼՈՒՍ, Արեւմտեան Ափ, «Էյ.Փի.».- Պաղեստինեան գրաւեալ հողերուն մէջ իսրայէլեան ուժերը Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 17ին հինգ պաղեստինցիներ եւս սպաննեցին:
Զոհերէն մէկը ցոյցի մը ընթացքին իսրայէլացի զինուորներ քարկոծող 16ամեայ պատանի մըն էր, իսկ 18ամեայ պաղեստինցի մը սպաննուեցաւ իսրայէլացի գաղտնի ոստիկաններու կողմէ, որոնք մահափորձի ենթարկեցին պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի «Ֆաթհ» կուսակցութեան անդամ զինեալ մը:
Նոյն օրը սպաննուեցան նաեւ «Իսլամական ճիհատ» կազմակերպութեան անդամ մը եւ պաղեստինցի քաղաքային մը:
Իսրայէլեան աղբիւրներ նաեւ հաղորդեցին, թէ Երեքշաբթի օր բացայայտած են Եգիպտոսը Կազային կապող ընդյատակեայ գաղտնի ճամբայ մը, որ շատ հաւանաբար զէնքեր մաքսանենգելու համար կ’օգտագործուէր պաղեստինեան զինեալ կազմակերպութեան կողմէ: