Արամ Ա. կաթողիկոսին հայրապետական օրհնութեամբ եւ հրամանաւ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Մայրավանքի տպարանէն լոյս տեսաւ հայ եկեղեցւոյ խորհրդակատարութիւններու գիրքը (ծիսարան)՝ «Մաշտոց»ը, քննարկուած եւ դարձեալ կարգաւորուած կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական վարչութեան Կրօնական ժողովին կողմէ, Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ սրբազան կանոններուն ու աւանդութիւններուն համաձայն։
Շուրջ 400 էջերու մէջ զետեղուած են եկեղեցւոյ խորհրդակատարութիւններու կանոնները՝ տաճար ընծայման, Ս. Մկրտութեան եւ Ս. Դրոշմի, Ս. Պսակի, թաղման, աղօրհնէքի, ջրօրհնէքի, նոր գործատեղի-բնակարանի, պատանի օրհնելու եւ ուխտի մազ կտրելու եւ այլն։
Այս կանոններուն առընթեր, նաեւ կը գտնենք այլ յատուկ կանոններ ու աղօթքներ (երաշտի, դիւահարներու եւ լուսնոտներու, ջրհոր օրհնելու, արտ, սերմնցու, արմտիք եւ հնձան օրհնելու, եկեղեցական զգեստ, սպաս, գիրք եւ սկիհ օրհնելու)։ Նկատառելի են յատկանշական երկու երեւոյթներ.- ա) աղօթքներու ու շարականներու գրաբար բնագիրին կողքին տեղադրուած է աշխարհաբար տարբերակը եւ բ) բոլոր շարականները ներկայացուած են եւրոպական նօթագրութեամբ։
Ստորեւ կը ներկայացնենք գիրքին սկզբնաւորութեան տեղադրուած Հայրապետական տնօրինման գիրը.
«Հոգեկան գոհունակութեամբ հրատարակութեան կը յանձնենք «Մաշտոց»ի վերատեսեալ ներկայ օրինակը։
«Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Կրօնական ժողովին կողմէ 1988 թուականին որոշ յապաւումներով եւ վերադասաւորումով, ինչպէս նաեւ աշխարհաբարի թարգմանութեամբ հրատարակուած էր «Մաշտոց»ը։
«Անցնող տարիներուն ընթացքին, մեր Սուրբ Աթոռի թեմերէն ներս հայրապետական տնօրինումով գործադրութեան դրուեցաւ յիշեալ հրատարակութիւնը թէ՛ մեր հոգեւորականներուն եւ թէ ժողովուրդին մօտ մեծապէս դրական արձագանգ գտնելով։
«Նկատի ունենալով, որ 1988ին հրատարակուած «Մաշտոց»ը սպառած է, եւ միւս կողմէ, նկատի ունենալով յիշեալ թարգմանութեան մէջ նկատուած կարգ մը փոքր յստակացումները, մեր թելադրութեամբ Կրօնական ժողովը անհրաժեշտ յստակացումները եւ սրբագրութիւնները կատարեց։ Այս առիթով մեր բարձր գնահատանքը կը յայտնենք Կրօնական ժողովի անդամներուն։
«Ներկայ հատորին մէջ ներառուած են 2014ին Սուրբ Էջմիածինի մէջ երկու վեհափառ հայրապետներու նախագահութեամբ եւ ներկայութեամբ գումարուած Եպիսկոպոսաց ժողովին կողմէ լայնօրէն քննարկուած եւ վեհափառ հայրապետներուն կողմէ վաւերացուած Սուրբ Մկրտութեան եւ Սուրբ Դրոշմի կանոններու բնագիրները։
«Այսու հայրապետական գիրով կը հրահանգենք Կիլիկեան Սուրբ Աթոռի բոլոր թեմերուն մէջ Սուրբ Մկրտութեան եւ Սուրբ Դրոշմի խորհուրդներուն վերոյիշեալ վերակարգաւորեալ բնագիրներու գործածութիւնը։
«Անհրաժեշտ է, որ մեր հոգեւորականները յատուկ հոգածութիւն ու նախանձախնդրութիւն ցուցաբերեն խոհրդակատարութիւններու հետեւողական ու բծախնդիր կատարման մէջ։
«Վստահ ենք, որ բարեփոխեալ եւ վերադասաւորումի ենթարկուած ներկայ հրատարակութիւնը՝ իր աշխարհաբար թարգմանութեամբ, առիթ պիտի ընծայէ մեր հաւատացեալ ժողովուրդին մասնակից եւ հաղորդակից դառնալու ընդհանրապէս մեր եկեղեցւոյ ծէսին ու յատկապէս խորհրդակատարութիւններուն, որոնք էական բաժինը կը կազմեն եկեղեցւոյ կեանքին ու առաքելութեան»։
«Մաշտոց»ը կարելի է ապահովել կաթողիկոսարանի գրատունէն կամ ապսպրել առցանց՝ այցելելով գրատան www.ciliciabookstore.com կայքը։
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ