Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան 30 Դեկտեմբերին ունեցաւ աշխատանքային խորհրդակցութիւն՝ ուժային կառոյցներու ղեկավարներուն մասնակցութեամբ: Քննարկուեցան Լաչինի միջանցքի փակման իբրեւ արդիւնք երկրին մէջ ստեղծուած իրավիճակը, ինչպէս նաեւ ոչ-աշխատանքային օրերուն հանրապետութեան մէջ կարգուկանոնի պահպանման վերաբերեալ հարցեր:
Այդ պարունակին մէջ, երկրի ղեկավարը յանձնարարեց պատկան մարմիններուն՝ շարունակելու կատարել իրենց պարտականութիւնները՝ աւելի խիստ դրութեամբ։
Խորհրդակցութեան մասնակցեցան շտաբի պետ, պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան, Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Վիտալի Բալասանեան եւ Արցախի նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Կարէն Շահրամանեան:
Այլ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Ռուբէն Վարդանեանի հրաւէրով, պետական մարմիններու ղեկավար կազմին մասնակցութեամբ: Ամփոփելով անցնող տարին` Վարդանեան զայն նկատեց բարդ եւ ծանր:
«Մենք բախուեցինք նոր իրականութեան` շրջափակման հետ: Միւս կողմից` այս տարին ցոյց տուեց, որ հասարակութիւնն իսկապէս պատրաստ է համախմբուելու, եւ երկու հանրահաւաքները ցոյց տուեցին կողք կողքի կանգնելու մարդկանց պատրաստակամութիւնը: Ուզում եմ շնորհակալութիւն յայտնել արցախցիներին, որոնք այս իրավիճակում չեն կորցնում իրենց ոգին, չեն փոխում իրենց պատկերացումներն Արցախի անկախութեան ու ապագայի վերաբերեալ եւ շարունակում են արժանապատիւ կանգնած մնալ իրենց հողի վրայ», ընդգծեց Վարդանեան:
Պետական նախարարը ընդգծեց, որ, հակառակ շրջափակման, նախաձեռնուած բարեփոխումները պիտի շարունակուին: «Ի հարկէ, այլ կերպ էինք նախատեսում իրականացնել այս ամէնը, սակայն նոր իրողութիւնները նոր մօտեցում են պահանջում: Պէտք է որոշումներ կայացնենք ու քայլ առ քայլ առաջ գնանք»:
Անդրադառնալով ֆինանսական-տնտեսական իրավիճակին` ան նշեց, որ 2022ը կ՛աւարտի պիւտճէական մեծ բացով: Բացի այդ, շրջափակման պատճառով ծանր վիճակի մէջ կը յայտնուի տնտեսութիւնը: Ան նկատել տուաւ, որ այսպիսի իրականութեան մէջ բնակչութեան բնականոն կենսագործունէութիւնը ապահովելու համար մեծ ջանքեր եւ առաւելագոյնս կազմակերպուած աշխատանք կը պահանջուի: «Չնայած այս դժուարութիւններին, մենք գնալու ենք առաջ, ուրիշ ճանապարհ չունենք», ընդգծեց ան։
Միւս կողմէ, Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէին միջնորդութեամբ երեք այլ ծանր վիճակի մէջ եղող հիւանդներ եւս կարելի եղաւ Արցախէն փոխադրել Երեւան։