
ՓԱՍՏԱԹՈՒՂԹԵՐ, ԹՈՒԱՅԻՆ ՔԱՆԱԿ ԵՒ ԱՅԼ ՏՈՒԵԱԼՆԵՐ
ՏԱՃԱՏ Ծ. ՎՐԴ. ԵԱՐՏԸՄԵԱՆ
ԱՐԵԱՆ ՃԱՄԲՈՎ…
1915ի Հայոց Ցեղասպանութիւնը անսահմանելի է իր բնոյթով, տարողութեամբ եւ անհերքելիութեամբ:
Մեզի այնպէս կը թուի, որ շա՜տ հեռու ենք այն դարերէն ու ժամանակաշրջաններէն, երբ «քրիստոնեայ» կոչուիլը համարժէք էր «արիւն թափելու»:
107 տարիներ առաջ, պետականօրէն մշակուած, ծրագրուած եւ գործադրուած այդ Ցեղասպանութեան տարողութիւնը եւ հետեւանքները անբաղդատելի են աշխարհի մէջ ապրող ժողովուրդներու պատմութեան հետ: Այդ Ցեղասպանութիւնը գործադրուեցաւ Օսմանեան կայսրութեան պետական վարչամեքենային կողմէ՝ իր բոլոր կառոյցներուն միջոցով եւ յատուկ հրահանգներով: Հայերու դէմ թուրքերու կողմէ գործադրուած զանգուածային այդ Ցեղասպանութիւնը կատարուեցաւ ցեղապաշտական հոգեբանութեամբ՝ հայկական հողերը գրաւելու եւ հարստութիւնները իւրացնելու հաստատ մտադրութեամբ:
Միացեալ Նահանգներու մօտ Իսրայէլի դեսպան Մայքըլ Օրէն, իր «Իշխանութիւն, Հաւատք Եւ Պատրանք» գիրքին մէջ, տասնեակ նշումներ կը կատարէ Հայաստանի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին տեղի ունեցած զանգուածային սպանութիւններու մասին: Ահաւասիկ հեղինակի ամէնէն ցայտուն միտքերէն մէկը, որ կը վերաբերի օսմանեան թուրքերու ցեղասպանական ցանկութիւններուն եւ հետապնդած ծրագիրներուն. «Օսմանեան ճնշումներուն եւ հայերու դէմ զայրոյթին կուտակումը վերջապէս պայթեցաւ 1894ի գարնան, երբ թուրքերուն զօրքերը ոտքի ելան ճզմելու տեղական ըմբոստութիւն մը եւ որմէ ետք առաջ գացին հիմնայատակ ընելու ամբողջ գիւղեր՝ սպաննելով անոնց բնակիչները: Շուրջ երկու հարիւր հազար հայեր սպաննուեցան եւ միլիոնաւոր տուներ կողոպտուեցան: «Հայկական Ողջակիզում» գոռաց «Նիւ Եորք Թայմզ»ին մէջ լոյս տեսած գլխաւոր վերնագիրներէն մէկը, Սեպտեմբեր, 1895ին, գործածելով այն բառը, որ յետագային հոմանիշը պիտի համարուէր Ցեղասպանութիւն բառին» (Սասունեան Յարութի կողմէ մէջբերուած, տե՛ս «Ասպարէզ» օրաթերթ, Լոս Անճելըս, Ուրբաթ, Յունիս 26, 2009, էջ 2):
Անգլիացի նշանաւոր քաղաքական գործիչ՝ Ուինսթըն Չըրչիլ, որ Համաշխարհային Առաջին պատերազմին լաւագոյն պատմաբաններէն մէկը կը համարուի, իր The World Crisis գիրքին մէջ կը կատարէ հետեւեալ պատմական հաստատումը. «Կասկած չկայ, որ այս ոճիրը՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը պատրաստուեցաւ եւ գործադրուեցաւ քաղաքական պատճառներով»:
Վերջին 40-50 տարիներու ընթացքին կատարուեցան լուրջ աշխատանքներ՝ Արեւմտեան Հայաստան այցելող լուսանկարիչներու եւ ճարտարապետական հիմնարկներու հայ եւ օտար գիտաշխատողներու կողմէ: Այդ աշխատանքները հրատարակուեցան: Իրենց աշխատութիւններուն մէջ անոնք հրատարակեցին չափագրութիւններ, հին ու ժամանակակից լուսանկարներ եւ պատմական որոշ տեղեկութիւններ եւ մենք վկաները դարձանք թուրքերու կողմէ իրագործուած ատելավառ բարբարոսութեան, քանդումի եւ բնաջնջումի ենթարկուած հայկական եկեղեցիներուն եւ վանքերուն ողբալի վիճակին:


Դժբախտաբար, կատարուած աշխատանքները բաւարար չեղան, որովհետեւ Թուրքիոյ զինուորական եւ ոստիկանական հսկողութիւնները թոյլատու չեն նման ներկայութիւններու: Ամէն քայլափոխի կը հանդիպիք ոստիկանի մը շուքին: Կայ տակաւին այն ցաւալի պարագան, որ 1915 թուականէն ետք եւ շարունակաբար, «քաղաքակիրթ» կոչուած երկիրներ եւ պետութիւններ անհոգ աչքերով կը դիտեն հայկական հարուստ քաղաքակրթութեան պատկանող եկեղեցիներուն եւ վանքերուն փճացումը:
1965էն սկսեալ, շատ աւելի յստակ դարձան մեր եկեղեցական ու կրօնական հաստատութիւններուն վիճակը: Կ. Պոլսոյ պատրիարքներէն՝ Շնորհք արք. Գալուստեան, 1969, 1977, 1985 եւ 1987 թուականներուն ահազանգ հնչեցուց՝ ներքին շրջաններ կատարած իր այցելութիւններէն ետք: Այդ թուականներէն սկսեալ, Հայկական Սփիւռքի զանազան մեծ գաղութներուն մէջ, հրատարակուեցան Թուրքիոյ մէջ հայկական մշակութային ցեղասպանութիւնը ներկայացնող գիրքեր, յօդուածներ, յուշամատեաններ եւ ուսումնասիրութիւններ:
Թուրք օսմանեան պետութեան կողմէ «քաղաքական նպատակներով գործադրուած» (Չըրչիլ), այսինքն՝ կանխամտածուած, ծրագրուած եւ գործադրուած Ցեղասպանութեան հետեւանքով, այսօր շատ քիչ բան կանգուն մնացած է մեր վանքերէն, եկեղեցիներէն, գերեզմանատուներէն ու խաչքարերէն, որոնց դիմաց քաղաքակիրթ մարդը զայրոյթ մը կ՛ապրի: Ցեղասպանութիւնը կը շարունակէ մնալ հայ Ժողովուրդին հաւաքական յիշողութեան մէջ:
Եկեղեցիներուն եւ վանքերուն աւերակները կը մնան միակ երաշխիքը՝ փաստելու համար, որ հայերս հոն ապրած ենք ու շնչած: Աւերակները կը պահեն տակաւին իրենց քաղաքակրթական եւ մշակութային բարձր արժէքը եւ անհրաժեշտ է հաւաքել, քով-քովի բերել, դասաւորել՝ հայ եւ թուրք ապագայ հաշուեյարդարի եւ բանակցութիւններու հեռանկարով:
Թրքական հալածանքն ու սարսափը ծանր մղձաւանջով ապրած մեր բացառիկ գրագէտներէն մէկը՝ Յակոբ Օշական, իր «Մնացորդաց», վէպին մէջ (հտ. Գ., Անթիլիաս, 1988) դիպուկ արտայայտութեամբ կը ներկայացնէ թուրք ժողովուրդին ունեցած վայրագութեան «յատկանիշ»ները. «Թուրքերը, որոնց մասնագիտութիւնը եղաւ քաղաքակրթութիւնները թաղել…: Իրենց պապերէն անդին անցնելու իրենց զայրոյթին մէջ՝ անոնք կը տաճկացնեն Հայաստանին երեսը» (էջ 11): «Թուրքերը «նոր» դառնալու իրենց մոլուցքին մէջ, կ՛ատեն հնութեան աւանդները, ինչպէս զանոնք ստեղծող ժողովուրդները կը չորցնեն հողի երեսէն» (էջ 12): «Քրիստոնեայ եկեղեցիներն ու գերեզմանատուները մինչեւ այսօր կը շարունակեն քակուիլ, մերկացուիլ իրենց պատմուճաններէն…: Աւերակը պատմութեան դասախօսէ մը աւելի կ՛արժէ» (էջ 18): «Թուրքը չի՛ բաւեր տեսնել: Պէտք է զայն զգալ: Ու անոր համար պարզ է ճամբան: – Գերութիւնը: Եւրոպական երկու մեծ ազգերէն (Անգլիան եւ Ֆրանսան) իրենք զիրենք բաւական թշուառականներ զգացին Իրաք ու Կիլիկիա: Անոնք պարտաւոր էին իրենց յուշերը գրել: Այն ատեն աշխարհ կը հասկնար Հայկական Ողբերգութիւնը» (էջ 20):
Որքա՜ն իրականութիւն կայ այս արտայայտութիւններուն մէջ: Մարդկային միտքը եւ երեւակայութիւնը ի վիճակի չեն պատկերացնելու ահաւորութիւնը այդ ողբերգութեան, որ տեղի ունեցաւ օսմանեան թուրքերու բռնատիրական կայսրութեան օրերուն: Ժողովուրդի մը բնաջնջումի կողքին՝ աւերակներու վերածուեցան քաղաքակիրթ ժողովուրդի մը արուեստի ու մշակոյթի կեդրոնները եւ անոնց մէջ կեդրոնացած արժէքները: Վահէ Օշական տեղ մը «Մարդկութեան եւ պատմութեան հերքումի թուական» կ՛որակէր 1915 թուականը, որովհետեւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, Թուրքիոյ մէկ ծայրէն միւսը, կրեց աւարառութեան, աւերումի, բռ-նաբարումի, ջարդ ու կոտորածի արեան հեղեղը: Թրքական գազանութիւնը բռնկած էր բոցով, հրդեհով եւ հայ ժողովուրդին արիւնով: Այս բոցը կլլեց ամբողջ Արեւմտահայաստանը եւ հայութիւնը: Մոռնա՞նք, որ «թուրքերու մասնագիտութիւնը եղաւ քաղաքակրթութիւնները թաղել»:
Բազմահազար տարիներու մշակութային արժէքները փճացան: Նիւթական արդիականացումի հետեւանքով՝ պատմական Հայաստանը, իր ժողովուրդով եւ մշակոյթով վերածուեցաւ գերեզմանատունի:


Հայութիւնը կորսնցուց հողային մեծ տարածք եւ մշակութային անբաւ ժառանգութիւն: Հայկական հողը դատարկուեցաւ իր ժողովուրդէն, անոր մշակութային բոլոր լծակներէն. եկեղեցիներ, վանքեր, վարժարաններ, գերեզմանատուներ, խաչքարեր, ճարտարապետական արուեստի կոթողներ եւ պատմական կեդրոններ քանդուեցան թուրք-օսմանեան կառավարութեան կողմէ: Պէտք չէ մոռնալ, որ ժողովուրդի մը եւ անոր բազմահազարամեայ մշակոյթին ոչնչացումով հարուած կը ստանայ համամարդկային քաղաքակրթութեան բերած անոր նպաստը, ներդրումը: Ամէն մէկ երկրի պատմական դիմագիծը ձեւաւորուած է իր մշակոյթով: Ազգային մշակոյթով է, որ հողային տարածքի մը վրայ բնակող ժողովուրդը կը բնորոշուի իբր «ազգ»: Մշակոյթն է, որ այդ տարածքը կը դարձնէ «հայրենիք»: Իսկ հայրենիքը, իր հողային տարածքով, չունի նիւթական գին ու արժէք…:
Թուրքերը բռնագրաւեցին Հայաստանը եւ ինքնաբերաբար բռնագրաւեցին նաեւ այդ հողատարածքը «հայրենիք» դարձնող բոլոր բանալի կենսագործօնները: Հողին տիրացումը վերածուեցաւ «մշակոյթի» առեւանգումի, վերածուեցաւ նաեւ քաղաքակրթութեան եւ արժէքային առեւանգումի: Ջնջեցին հետքերը հայ քաղաքակրթութեան, յատուկ ռազմավարութեամբ խաթարեցին դարաւոր փաստերը հայ ժողովուրդի պատմական ներկայութեան:
Ցեղասպանութիւնը, իբրեւ ոճիր, ցեղի մը, ժողովուրդի մը կամ կրօնքի մը պատկանողներու պետականօրէն նախամտածուած եւ կազմակերպուած բնաջնջումն է: Իրագործուած Ցեղասպանութեան հետեւանքով տեղի ունեցաւ նաեւ հայութեան հողային տարածքին բռնագրաւումը եւ պատմութիւն ու քաղաքակրթութիւն կերտած ժողովուրդի մը բնաջնջումը: Հայը յիշողութեամբ ապրող ժողովուրդներէն է: Ասոր համար երբեք պէտք չէ դադրի հայ ժողովուրդի Ցեղասպանութեան յիշեցումը եւ յիշողութեան փոխանցումը սերունդներուն: Եթէ եւրոպական երկիրները, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները եւ Խորհրդային Միութիւնը ատենին անտարբեր գտնուած չըլլային Հայոց Ցեղասպանութեան հանդէպ, շատ հաւանաբար Հրեաներու Ցեղասպանութիւնը տեղի չէր ունենար: Ճանչնալ եւ դատապարտել 1915 թուականին թուրք պետութեան կողմէ ծրագրուած եւ գործադրուած Ցեղասպանութիւնը՝ կը նշանակէ համայն մարդկութիւնը հեռու պահել քաղաքական եւ ռազմական չարիքներէ, բռնութիւններէ եւ ցեղասպանութիւններէ: Եթէ հայ ժողովուրդը իր յիշողութիւնը չմշակէ՝ ապագայ կրնայ չունենալ:
Քաղաքակիրթ երկիրներ եւ ժողովուրդներ լրջութեամբ դառնալու են յանձնառու՝ արգիլելու համար «ազգաջնջում»ներու կրկնութիւնը պատմութեան մէջ, որպէսզի ատելութեան մաշեցնող ազդեցութիւնը չդրսեւորուի որեւէ տեղ եւ որեւէ ժամանակ եւ աշխարհը չապականի նման չարիքներով, նախապաշարումներով եւ անհանդուրժողութեամբ:
Թուրքերը մոռցան հայութեան բերած նպաստը տեղական մշակոյթին: 1916-1920 թուականներու Թէոդիկի «Ամէնուն Տարեցոյց»ին մէջ շահեկան յօդուած մը կայ Թուրքիոյ արհեստներու եւ արհեստաւորներու մասին: Այս գրութենէն յայտնի կը դառնայ, որ Օսմանեան կայսրութեան պատկերագործութեան ասպարէզին մէջ, որ կ՛ընդգրկէր պղնձագործութիւնը (eching), փայտափորագրութիւնը, զինգատիպ լուսանկարչութիւնը (zincography) եւ վիմագրութիւնը (lithography), հայերը նշանաւոր վարպետներ տուած են Օսմանեան կայսրութեան. անոնք կը տիրէին շուկային եւ մանաւանդ արհեստի զարգացման: Արհեստի սէրը բացառիկ տեղ գրաւած էր Թուրքիոյ հայութեան մէջ: Նոյնն էր պարագան տպագրական արհեստին:
1913ի տուեալներուն համաձայն, Թուրքիոյ վաճառականութեան հարիւրէն 60ը հայերուն եւ յոյներուն ձեռքը եղած է, իսկ հարիւրէն 12ը միայն թուրքերուն ձեռքը:
Երբ աչքէ կ՛անցընէք հայերու շինարար ճիգը փաստող միայն այս քանի մը տուեալները, այն ատեն կը զգանք այն խոր ցաւը, թէ ինչպէս մէկ տարիէն միւսը այդ աշխատանքը ջնջուած է:
Մարդ սպաննելու համազօր բան մըն է անոր բարոյական ուժին եւ նիւթական արտադրութեան յանկարծական բնաջնջումը: Ողբերգական որակ մը կայ այս քանդումին մէջ, որ պէտք է աւելնայ մարդկային կորուստին, մշակութային կոթողներուն՝ եկեղեցիներու, վանքերու, մատուռներու, դպրոցներու, գերեզմանաքարերու, ձեռագիր մատեաններու փճացումին եւ կամ քանդումին, որմէ այնքան հաճոյք առած են թուրքերը եւ դեռ կը շարունակեն առնել: Եթէ լրջութիւն ունենային եւ զգային հայուն մեծ կարեւորութիւնը Թուրքիոյ մարդկայնացումին եւ իրենց ժողովուրդի քաղաքակրթումին մէջ, ատելութեամբ եւ նախապաշարումներով զինուած Ցեղասպանութեան եւ փճացումի չէին դիմեր… (Օշական Վահէ, «Ասպարէզ» օրաթերթ, Լոս Անճելըս, 1986, Մարտ 22, Շաբաթ):
Հայ ժողովուրդը միշտ ալ շարունակած է իր նպաստը բերել համաշխարհային քաղաքակրթութեան: «Մշակոյթ»ը կ՛ընդգրկէ ժողովուրդի մը ամբողջ կեանքը՝ իր կենցաղով, արուեստի իրագործումներով եւ տեսիլքներու հանդէպ հաւատքի ապրումով: Ճիշդ ասոր համար՝ «Մշակութային Ցեղասպանութիւնը» ունի իր ազգային եւ միջազգային հետեւանքները: Եթէ փոխադարձ հանդուրժողականութեան դրական աշխարհ մը պիտի ուզենք ստեղծել, անհրաժեշտ է յարգել եւ գիտակցիլ ամէն մէկ ժողովուրդի ազգային մշակոյթին եւ քաղաքակրթութեան յառաջխաղացքին՝ մէջտեղ բերելու համար հանդուրժողականութիւն եւ համերաշխութիւն:
ՎԱՆՔԵՐՈՒ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ ՓԱՍՏԱԹՈՒՂԹԵՐ ԵՒ ՏՈՒԵԱԼՆԵՐ
Հայ ժողովուրդի Ցեղասպանութեան յաջորդեց կազմակերպուած կողոպուտ եւ բռնագրաւում: Հայութեան անկրկնելի եւ անվերականգնելի ժառանգութեան կողքին, բարբարոսութեան ենթարկուեցան նաեւ մեր կրօնական-եկեղեցական բոլոր կեդրոնները, որոնք կողոպտուելէ յետոյ՝ ենթարկուեցան հրդեհի, քանդումի, փճացումի (ռմբակոծութեամբ կամ զինավարժութեան իբր թիրախ): Ուրիշ խօսքով, 1915ի Ցեղասպանութիւնը քանդեց, փճացուց Արեւմտահայաստանի մեր եկեղեցական առաքելութեան բոլոր հաստատութիւնները:
Յակոբ Ճ. Սիրունի, Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած իր մէկ յօդուածին մէջ պատմական ճշգրիտ նկատումներ կը կատարէ, նշելով. «Մարտիրոսացաւ նաեւ Հայ եկեղեցին: Դահիճը չխնայեց անոր: Ու շատ տրամաբանական էր: Պիտի չկարենար հայութիւնը խորտակել ի սպառ, քանի կանգուն էր Հայ եկեղեցին: Նախ, որ Հայ եկեղեցւոյ հովանիին տակ հայ ժողովուրդին վայելած որոշ իրաւունքները կը ջղայնացնէին Ֆաթիհ սուլթանը, որ հանդուրժողութեան վայրկեանի մը մէջ թոյլատրեր էր Յունաց պատրիարքութիւնը եւ Հայկական մըն ալ ստեղծեր էր անոր կողքին: Հայոց պատրիարքարանը, ինչպէս Յունականը, երկար ատենէ ի վեր աչքի փուշ էին թուրքին, այն օրէն ետք մանաւանդ, երբ երկու պատրիարքներն ալ տէր կանգնեցան իրենց ժողովուրդներու ազգային դատին, ինչպէս եւ կռուան հանդիսացան անոնց հոգեկան վերելքի ճիգերուն:
«Իթթիհատի համար, պատերազմը լաւագոյն առիթն էր Հայոց պատրիարքարանի լուծէն փրկուելու, հաշուեյարդարի ենթարկելով չարիքի այդ վտանգաւոր բոյնը: …Երիտասարդ թուրքերը մէկ հարուածով կը ջնջէին այսպէս կոչուած դարերու ընթացքին նուիրագործուած օրինական կացութիւն մը եւ կը ստեղծէին իրաւական նոր վիճակ մը, ուր հայ եկեղեցական իշխանութիւնը այլեւս խրտուիլակ միայն կը դառնար: Հայ եկեղեցին իր դիրքն ու հեղինակութիւնը կը կորսնցնէր այսպէս:
«Թուրքերը շատ լաւ գիտէին, որ Հայ եկեղեցին պատնէշի դեր է կատարած դարերով հայ ժողովուրդին համար, ո՛չ միայն տէր կանգնելով անոր իրաւունքներուն աշխարհի առջեւ, այլ նաեւ յոյսի վառարան մը դառնալով անոր: Եւ Հայ եկեղեցին պիտի շարունակեր այդ յոյսի օճախը մնալ, քանի հոգեւորականութիւն մը գտնուէր անոր գլուխը: Հօտը բնաջնջած ատեն, չխնայեց նաեւ հովիւին: Արդարեւ, Հայ եկեղեցին իր բովանդակ հոգեւորականութիւնը զոհ տուաւ հայաջինջ սարսափներուն» (Սիրունի Յակոբ Ճ., «Եղեռն Մը Եւ Իր Պատմութիւնը», «Էջմիածին», պաշտօնաթերթ, 1965, թիւ Բ-Դ, էջ 25):
Հետեւաբար, Ցեղասպանութեան գործադրութեամբ, թուրքը ծանրօրէն խոցեց նաեւ հայ ժողովուրդին հոգեւոր իրականութիւնը, հոգեւոր մշակոյթը: Հայկական եկեղեցիներու եւ վանքերու նիւթական փճացումի եւ ոչնչացումի կողքին, Հայ եկեղեցւոյ հոգեւորականներն ալ մատնեց կորուստի: Հայութիւնը դարձաւ հալածանք, աքսոր եւ սարսափ ճաշակած ժողովուրդ: Մինչեւ ե՞րբ աշխարհին ցոյց պիտի տրուի թուրքերու ժխտողական կեցուածքին անմարդկային եւ ապաբարոյական նկարագիրը:
Ոճրագործ Թալէաթ փաշան շատ լաւ ըմբռնած էր Հայ եկեղեցւոյ եւ հայ հոգեւորականութեան ուժը: Իր ստորադաս ղեկավարներուն հրահանգած եւ պարտադրած էր ոչնչացնել նաեւ Հայ եկեղեցւոյ նուիրեալները: Հալէպի թուրք նահանգապետին փոխանցուած ծածկագիր հրամանին մէջ Թալէաթ կ՛ըսէր. «Պէտք է նկատի առնուի, որ ամէնէն առաջ անհրաժեշտ է ոչնչացնել հայ եկեղեցականութիւնը: Մենք տեղեկութիւն ստացած ենք, որ եկեղեցականներ ղրկուած են կասկածելի վայրեր, ինչպէս Սուրիա եւ Երուսաղէմ: Նման զիջումներ աններելի զանցառութիւններ են: Աքսորը՝ անոնց համար պէտք է նշանակէ միայն ոչնչացում: Խորհուրդ կու տամ այս հրահանգին համաձայն գործադրել» (Մանուկեան Թորգոմ արք., «Հայ Եկեղեցւոյ Կորուստը Եղեռնին», Նիւ Եորք, 1972, էջ 3-4: Հմմտ. նաեւ Թէոթիկ, «Գողգոթա Թրքահայ Հոգեւորականութեան», Կ. Պոլիս, 1921: Թէոդիկի այս աշխատանքը վերահրատարակուած է Նիւ Եորք, 1985 «Գողգոթա Հայ Հոգեւորականութեան» անունով: Նաեւ Արզումանեան Զաւէն Ա. քհնյ., «Հայ Եկեղեցիները Զոհ Եղեռնին», տե՛ս հեղինակին «Ազգապատում», հտ. Դ., Ա. Գիրք, 1910-1930», Նիւ Եորք, 1995, էջ 150-151):
Մենք, մեր ուսումնասիրութիւններէն մէկը նուիրած ենք պատմական Հայաստանի վանքերուն. հետեւեալ խորագիրով. «Հայաստանի Վանքերուն Եւ Եկեղեցիներուն Մշակութային Կորուստը 1894-1896 եւ 1915-1925 տարիներուն» (Բ. տպագրութիւն, Վենետիկ, 2001, էջ 42-51): Փորձեր էինք ընդհանուր պատկեր մը ներկայացնել, որ Արեւմտահայաստանի մէջ քանի՞ վանքեր եւ եկեղեցիներ գոյութիւն ունէին 1915էն անմիջապէս առաջ: Մենք, այդ աշխատութեան մէջ, յատուկ գաղափար մը տալու համար վկայակոչեր էինք արժանահաւատ քանի մը փաստաթուղթեր, որոնց համաձայն 1858ին, օրինակ, միայն Վան քաղաքին եւ շրջակայ գիւղերուն մէջ կային 56 Վանքեր եւ 377 Եկեղեցիներ (տե՛ս՝ «Արծիւ Վասպուրականի» տարեգիրք, Վարագայ Վանք, Վան, հտ. Բ., 1858, թիւ 1, Տախտակ Ա. եւ Բ.):
Մեզի կը մնայ պատմութեան կարկինը քիչ մը աւելի լայն բանալ:
Մեր ներկայ աշխատանքը կը վերաբերի միայն Արեւմտեան Հայաստանի (այժմեան Թուրքիոյ տարածքին) մէջ գտնուող հայկական վանքերուն, անոնց թուային քանակին եւ ճակատագրին:
Արեւմտեան Հայաստանի տարածքին գտնուող մեր վանքերու մասին վիճակագրական տուեալներ սակաւաթիւ են՝ բայց արժանահաւատ: Ձեռքի տակ գտնուող վիճակագրական ամէնէն հիմնական տեղեկութիւնները ունին հետեւեալ վկայութիւնները՝ իրենց հրատարակութեան հերթականութեամբ.
1) Հրանտ Ասատուր, «Մեր Վանքերը», «Մասիս», շաբաթաթերթ, Կ. Պոլիս, 1893, թիւ 3962: Այս գրութիւնը վերահրատարակուած է «Հասկ», պաշտօնաթերթին մէջ, Անթիլիաս, 1986ին, թիւ 1, Յունուար, էջ 13-20:
Հեղինակը այս յօդուածով կը ծանօթացնէ «Թուրքիոյ մէջ 200ի չափ հայ վանքերը» (էջ 13), որոնց մասին ամփոփ տեղեկութիւններ կու տայ՝ հաւաքելով «զանազան մատեաններէ, տեղեկագիրներ, տեղագրութիւններ, ճամբորդական նկարագրութիւններ, պատմական գործեր» (էջ 13):
2) «Ընդարձակ Օրացոյց Կոստանդնուպոլսոյ Սուրբ Փրկիչ Հիւանդանոցի», Կ.Պոլիս, 1904. տպագրութիւն Յ. Մատթէոսեանի:
«Սուրբ Փրկիչ Հիւանդանոցի Օրացոյց»ին խմբագրութիւնը չէր խորհեր, որ 100 եւ աւելի տարիներ ետք, իր 1904ին հրատարակած վիճակագրութիւնները, ցուցակները եւ «Հայ եկեղեցւոյ եւ Կ. Պոլսոյ պատրիարքարանին մասին տեղեկութիւնները, պատմական արժէքաւոր փաստաթուղթ մը պիտի նկատուէին՝ Հայոց Ցեղասպանութեամբ ստեղծուած ահասարսուռ պատմութեան համար:
Այս պաշտօնական ցուցակագրութեամբ եւ տեղեկութիւններով կը տրուի 1904 թուականին՝ Արեւմտահայաստանի (ներկայ Թուրքիոյ) տարածքին գտնուող հայկական եկեղեցիներուն եւ վանքերուն անունները եւ անոնց թուային քանակը: Համաձայն այս ցուցակներուն, Օսմանեան կայսրութեան սահմաններուն մէջ կը գտնուէին 1958 հայկական եկեղեցիներ եւ 228 վանքեր (վանքերու եւ եկեղեցիներուն ցուցակները տեսնել էջ 349-385 էջերուն մէջ):
Հետաքրքրական է նաեւ ա՛յն վկայութիւնը, որուն համաձայն՝ 1893ին, Կարսի շրջանին մէջ կային գործօն հայկական 4 վանքեր եւ 70 եկեղեցիներ (տե՛ս՝ «Օրացոյց», 1894, Պաքու, 1893, էջ 22. տպարան «Արօր»):
3) «Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանին Կողմէ Թուրքիայի Արդարադատութեան Եւ Դաւանանքների Նախարարութեան Ներկայացուած Հայկական Եկեղեցիներուն Եւ Վանքերուն Ցուցակներն Ու Թաքրիրները, 1912-1913»: Արեւելահայերէնի թարգմանութիւն Ա. Խ. Սաֆրաստեանի: Ներկայիս այս ցուցակները կը պահուին Երեւանի Հանրային գրադարանի թրքերէն գիրքերու շարքին՝ 1-47 համարներու տակ:
«Թաքրիր» կոչուածները պաշտօնական գրութիւններ են, որոնք օսմանեան Բարձրագոյն դրան կամ նախարարութիւններուն ղրկուած են Հայոց եւ Յունական պատրիարքարաններուն կողմէ:
1912-1913 թուականներուն Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց պատրիարքարանին կողմէ պատրաստուած եւ օսմանեան կառավարութեան (կամ նախարարութիւններուն) ներկայացուած են ամբողջ օսմանեան Թուրքիոյ տարածքին վրայ գտնուող հայկական եկեղեցիներուն եւ վանքերուն ցուցակները՝ իրենց անուններով:
Այս ցուցակները օսմաներէն կամ արաբատառ թրքերէնով ներկայացուած են՝ շրջան առ շրջան, համաձայն «վիլայէթներու», «սանճաքներու» կամ «կազաներու»:
Այս թանկարժէք փաստաթուղթը բարեբախտաբար գտնուած է եւ արեւելահայերէնի թարգմանուած է Ա. Խ. Սաֆրաստեանին կողմէ (տե՛ս «Էջմիածին» պաշտօնաթերթ, 1965, թիւ Բ-Դ եւ թիւ Ժ.: 1966, թիւ Բ., թիւ Գ., թիւ Գ., թիւ Զ., թիւ Է., թիւ Ը. եւ թիւ Թ-Ժ):
Այս ցուցակները, համաձայն Սաֆրաստեանին, Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքարանի օրինակներն են:
Ցուցակներուն մէջ արձանագրուած տեղեկութիւնները վաւերական են, սակայն պակասաւոր: «Թաքրիր»ներու բովանդակութենէն յայտնի կ՛երեւի, որ Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարաքարանը մեր եկեղեցիներուն եւ վանքերու մասին իր տեղեկութիւնները ստացած է զանազան շրջաններու Հայոց առաջնորդարաններէն: Փոխանցուած բոլոր տեղեկութիւնները կ՛ընդգրկեն օսմանեան պետութեան մինչեւ Համաշխարհային Առաջին պատերազմին ժամանակները: Ցուցակներու թարգմանիչ Սաֆրաստեանի հաշուարկումով՝ «Ստացւում է աւելի քան 1500 եկեղեցի եւ վանք» (տե՛ս՝ «Էջմիածին» պաշտօնաթերթ, 1965, թիւ Ա., էջ 42): Անհասկնալի պատճառով՝ ցուցակներուն մէջ կը պակսին Վան նահանգին (վիլայէթին) եկեղեցիներն ու վանքերը (տե՛ս՝ նոյն, էջ 41):
Ուրիշ վստահելի աղբիւրէ մը կ՛իմանանք, որ Վանի շրջանին մէջ կային 377 Եկեղեցիներ եւ 56 վանքեր (տե՛ս՝ «Արծիւ Վասպուրական»ջ տարեգիրք, Վարագայ վանք, Վան, հտ. Բ., 1858, թիւ 1, Տախտակ Ա. եւ Բ.):
Եկեղեցիներու եւ վանքերու թուային քանակի մասին, Ցեղասպանութեան մասնագէտներէն մէկը կը գրէ. «Պետականօրէն ծրագրուած եւ պատմութեան մէջ նմանը չունեցող աւազակութեան զոհ դարձած են Արեւմտահայաստանի 83 թեմեր, 1860 եկեղեցիներ եւ մատուռներ, 229 վանքեր» (Պաղճեան Գէորգ դոկտ. «Հայերը Լքեալ Գոյք Չունին», (տե՛ս՝ «Հորիզոն», շաբաթաթերթ, Գանատա, Մարտ 15, 1999):
1912-1913 տարիներուն (Համաշխարհային Առաջին պատերազմի նախօրեակին), Թուրքիոյ բոլոր հայկական եկեղեցիներուն եւ վանքերու մասին (անոնց վայրերուն, թիւերուն ու վիճակին վերաբերող) տեղեկութիւններուն հաւաքումով, օսմանեան կառավարութեան դիտումնաւոր ուշադրութիւնը եւ հետապնդումը յայտնապէս կապուած էր իրագործուելիք արեւմտահայութեան Ցեղասպանութեան քաղաքական ծրագրին հետ: Եւ այդ ծրագիրէն ներս՝ հայ Ժողովուրդը բնաջնջելու քայլին հետ, անոնք փճացուցին նաեւ մեր ժողովուրդին դարերու ընթացքին ստեղծած քաղաքակրթական բազմաթիւ ու բազմատեսակ իրագործումները եւ արժէքները՝ պատմական կոթողներ, եկեղեցիներ, վանքեր, վարժարաններ, գերեզմանատուներ, խաչքարեր…: Եկեղեցիները եւ գերեզմանատուները մինչեւ այսօր կը շարունակուին քանդուիլ…: Ինչպէ՞ս մոռնալ, որ «աւերակը» պատմութեան դասախօսէ մը աւելի կ՛արժէ:
Հոս կարեւոր է արձանագրել կարեւոր իրողութիւն մըն ալ: Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց պատրիարքարանին կողմէ 1919ին Թուրքիոյ զինուորական ատեանին փոխանցած վկայութեան համաձայն, մինչեւ Հոկտեմբեր 1918ի զինադադարը, Ցեղասպանութեան իբր արդիւնք, ամբողջովին քանդուած էին 1036 Եկեղեցիներ, իսկ կիսականգուն վիճակի մէջ գտնուող 691 Եկեղեցիներ դարձեր էին անգործածելի (Կարպիս Արմէն, «Մեր Մշակութային Կորուստները», «Ազատ Օր», թերթ, Աթէնք, 1995, Յուլիս, 24):
Կոստանդնուպոլսոյ Սուրբ Փրկիչ հիւանդանոցի 1904ի օրացոյցին տուած տեղեկութիւնները՝ եկեղեցիներու եւ վանքերու թիւերուն վերաբերող, պակասաւոր են, եթէ բաղդատենք Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի ցուցակներուն հետ: Տեղեկութիւններու տարբերութիւններ կան. օրինակ՝ Սուրբ Փրկիչ հիւանդանոցին օրացոյցը Երզնկայի սանճաքին մէջ ցոյց կու տայ 46 եկեղեցի եւ վանք, իսկ Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքարանին ցուցակը՝ 77 (տե՛ս «Էջմիածին» պաշտօնաթերթ, 1965, թիւ Ա. էջ 46-47):
Բաւական դժուար է ունենալ օսմանեան պետութեան սահմաններուն մէջ գտնուող հայկական եկեղեցիներուն եւ վանքերուն ճշգրիտ եւ ամբողջական թիւերը: Սակայն, մեզի հասած փաստաթղթային արժէք ունեցող ա՛յս տեղեկութիւններով, կարելի է բաւական որոշ գաղափար եւ պատկերացում ունենալ:
4) Օրմանեան Մաղաքիա արք., «Հայոց Եկեղեցին», Գ. տպագր., Կոստանդնուպոլիս, 1913. ցանկերը՝ էջ 261-269: Օրմանեանին այս աշխատութիւնը ունի անգլերէն թարգմանութիւն մը, ուր կը գտնուին նաեւ նոյն ցուցակները. տե՛ս՝ Malachia Ormanian, The Church of Armenia, թրգմ. G. Marcar Gregory, 2nd ed., London, 1955, էջ 205-212:
Օրմանեան սրբազանին այս արժէքաւոր աշխատութեան մէջ, որ իբր հրատարակութեան տարեթիւ ունի 1913ը, Հայ եկեղեցւոյ դաւանանքին, առաքելութեան եւ կազմակերպութեան վերաբերող նիւթերէն ետք, հատորի վերջաւորութեան, հեղինակը զետեղած է նաեւ ցուցակները՝ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ հովանիին տակ ապրող եւ գործող եկեղեցիները եւ վանքերուն, իրենց անուններով եւ տեղանուններով: Նկատի ունենալ, որ հատորը հրատարակուած է 1913ին, այսինքն՝ պատրաստուած եւ հրատարակուած է Հայոց Ցեղասպանութենէն անմիջապէս առաջ:
5) Կոստանեանց, «Կ. Հայոց Վանքերը», Մոսկուա, 1886:
Հեղինակը, իր այս համառօտ աշխատանքի վերջաւորութեան (էջ 98) ընթերցողը տեղեակ կը պահէ, որ աշխատանքը պատրաստած է 1872 թուականին եւ ներկայացուցած է Ս. Էջմիածնի Գէորգեան Ճեմարանին մէջ՝ 1883 թուականին: Կոստանեանց իր տեղեկութիւնները պատրաստած է 1915 թուականի Ցեղասպանութենէն շուրջ 30 տարիներ առաջ: Հեղինակը, իր հրատարակութեան էջ 98-99 էջերուն մէջ կը ներկայացնէ պատմական Հայաստանի տարածքին կանգուն եւ գործող հայկական 74 վանքեր, անոնց մասին տալով պատմական հակիրճ տեղեկութիւններ: Ցանկը, անշուշտ, ամբողջական չէ: Ան անդրադարձած է միայն իր օրերուն ամէնէն հանրածանօթ վանքերուն: Տակաւին չէին գործադրուած Համիտեան ջարդերը եւ Հայոց համընդհանուր Ցեղասպանութիւնը:
6) Tableau approximatif des re՛paration et indemnite՛ pour les dommages subis la Nation Arme՛nienne en Arme՛nie de Turque…, Paris, 1919, էջ 8:
1919 թուականին Նուպար Փաշային եւ Աւետիս Ահարոնեանին կողմէ ստորագրուած ֆրանսերէն յուշագիր մըն է, ուր կը յիշուին Թուրքիոյ տարածքին վրայ գտնուող 1860 եկեղեցիներ եւ 229 վանքեր:
7) Գէորգ Մեսրոպ, «Թուրքիոյ Հայոց Կորուստները, 1915-1922», «Արեւ», Գահիրէ, 1931, Յուլիս 16, թիւ 3792. Յուլիս 17, թիւ 3793. Յուլիս 18, թիւ 3794. Յուլիս 19, թիւ 3795. Յուլիս 21, թիւ 3796. Յուլիս 22, թիւ 3797: Նոյն յօդուածը արտատպուած է նաեւ Ամերիկայի մէջ, տե՛ս «Հայաստանի Կոչնակ», շաբաթաթերթ, Պոսթըն, 1931, թիւ 25, էջ 777:
Հայաստանի պատմական վանքերու մասին ընդհանուր տեղեկութիւններ տալէ յետոյ, հեղինակը կու տայ նաեւ՝ «Թուրքիոյ հայ վանքերուն վիճակը եւ թիւը 1914 թուականին» հատուածը: Հեղինակը կը տեղեկացնէ, որ 1919ին պատրաստած իր մէկ ցուցակէն «կը տեսնուի, որ Թուրքիոյ մէջ հայոց ունեցած վանքերուն թիւը 210 կ՛անցնէր: Այս թիւին մէջ չէին հայ կաթոլիկներու հիմնած վանքերը», որոնք, համաձայն ֆրանսացի զինուորականի մը վկայութեան, ունէին միայն 9 վանքեր (տե՛ս՝ Ղազարեան Հայկազ Գ., «Ցեղասպան Թուրքը», Պէյրութ, 1968, էջ 220): Գէորգ Մեսրոպ կ՛աւելցնէ. «Միմիայն 1880-1914 տեւող ժամանակամիջոցին՝ հայ կործանած վանքերուն թիւը 200ը կ՛անցնէր»:
Ուրիշ տեղ մը ան կ՛աւելցնէ, որ իր պատրաստած մէկ ցուցակէն «կ՛երեւի, որ ամբողջ Թուրքիոյ հայ վանքերուն թիւը 1914ին էր 210, իսկ եկեղեցիներուն թիւն էր 1639: Վերոյիշեալ վանքերէն եւ եկեղեցիներէն աւելի քան 1000ը հիմնայատակ կործանած է, 641ը կիսակործան վիճակի մէջ են, … ամբողջապէս եւ անխնայ կողոպտուած են թուրք պետութեան եւ ժողովուրդին կողմէ» (տե՛ս՝ «Հայաստանի Կոչնակ», նշուած հրատարակութիւն, 1931, թիւ 26, էջ 809):
Հեղինակը հիմնուած է Կ. Պոլսոյ պատրիարքարանի Վանօրէից խորհուրդի վիճակագրական տախտակներու եւ այլ աղբիւրներու վրայ: Ան կը տեղեկացնէ նաեւ, որ 1915էն առաջ գոյութիւն ունէին 310 եկեղեցիներ, որոնցմէ 23 ներկայիս (1913ին) կը գործածուէին իրենց նպատակին («Հայաստանի Կոչնակ», շաբաթաթերթ, Պոսթըն, 1931, թիւ 25, էջ 809):
8) Ղազարեան Հայկազ Գ., «Ցեղասպան Թուրքը», Պէյրութ, 1968, էջ 210-218 եւ 220:
Թէեւ այս գիրքը հրատարակուած է 1968 թուականին, սակայն հեղինակը ծնած է 1892ին: Համաձայն իր տուած անձնական տեղեկութիւններուն, ան երեք տարի գտնուած է անգլիական բանակին մէջ: Անգլիական սպաներու հետ գտնուած է Էսքի Շեհիր, Աֆիոն Գարահիսար եւ Գոնիա: 1920 թուականի Մարտ ամսուան սկիզբը, անգլիացիներու հետ հեռացած է Գոնիայէն եւ Կ. Պոլսոյ մէջ ղրկուած է թրքական ծովային հրամանատարութեան կեդրոնը: Հոն, կը գրէ հեղինակը. «Ինծի համար աներեւակայելի առիթ եղաւ, որ այնտեղ ծանօթանամ կարգ մը փաստաթուղթերու, որոնք կը վերաբերէին հայերու հալածանքին, հայ սպաներու եւ զինուորներու տարագրութեան եւ սպանութեան, անոնց ընտանիքներու տարագրութեան, պաշտօնեաներու արտաքսման, զինուորականներու կողմէ հայոց տուներու գրաւումին, եւայլն, ինչպէս նաեւ միջնախարարական շրջաբերականներու: Այդ պարագան կը պարտիմ անգլիացի Պրայընի, որուն հետ կ՛աշխատէին: Թրքական «էվրագ օտասի»ի (արխիւ) թուղթերը մեր առջեւ էին» (տե՛ս՝ հրատարակութեան յառաջաբանը, գրուած Ս. Վրացեանին կողմէ, էջ 6):
Համաձայն իր ունեցած փաստագրական տեղեկութիւններուն՝ ան կը գրէ. «Պետական գրաւոր հրամանագրերու համաձայն, Թուրքիա 1914-1918ին բռնագրաւեց եւ կողոպտեց հայոց պատկանող բազմաթիւ շէնքեր, նաեւ 2050 հայ եկեղեցիներ ու 203 վանքեր եւ աւերեց զանոնք» (էջ 210): «Մանրամասն քննելով եւ հաշուելով հայկական նահանգներուն եւ Փոքր Ասիոյ միւս վայրերուն մէջ գտնուած եկեղեցիները, կողոպտուած, կիսով կամ ամբողջովին աւերուած եկեղեցիներուն գումարն է 2050 եւ վանքերունը՝ 203» (էջ 217):
Ղազարեան կը յիշատակէ ֆրանսացի Ռ. Հիւպէռ անունով հազարապետ մը, որ երկար ժամանակ ուսումնասիրած է Թուրքիոյ մէջ հայերուն եւ յոյներուն եկեղեցական եւ մշակութային հաստատութիւնները եւ անոնց ունեցուածքը: 1898 թուականին, այդ ֆրանսացին պատրաստած է վիճակագրական տեղեկագիր մը, որուն համաձայն հայ առաքելականները ունեցած են 1740 եկեղեցիներ եւ 218 վանքեր, իսկ հայ կաթողիկէները՝ 120 եկեղեցիներ եւ 9 վանքեր (էջ 220):
Ղազարեան, իր գիրքին մէջ, «Թրքական Ցեղասպանութիւնը Եկեղեցական Ճակատի Վրայ» խորագիրով կը ներկայացնէ մեր եկեղեցիներն ու վանքերը, իրենց աշխարհագրական-տեղագրական վայրերու անուններով (էջ 210-218):
Ցաւով պէտք է յիշել նաեւ հայկական Նախիջեւանի տարածքին վրայ գտնուող հայկական պաշտամունքային կառոյցներուն ցաւալի վախճանը նորագոյն ժամանակներուն:
Հայաստանի յուշարձանագէտներէն Սամուէլ Կարապետեան, Նոյեմբեր 13, 2012ին յայտնած է, որ «Նախիջեւանի մէջ նախապէս գտնուած են թիւով 219 հայկական վանքեր, եկեղեցիներ եւ մատուռներ, որոնք այժմ հիմնայատակ քանդուած են»:
Այս յայտարարութիւնը ան կատարած է Նախիջեւանի նոր քարտիսագիրքի մը պատրաստութեան առիթով (տե՛ս՝ «Ասպարէզ» օրաթերթ, Լոս Անճելըս, Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 14, 2012, էջ 4: Տեսնել նաեւ Կարապետեան Սամուէլ, «Հայ Մշակոյթի Յուշարձանները Խորհրդային Ադրբեջանին Բռնակցուած Շրջաններում», Երեւան, 1999: Julfa, The Annihilation of the Armenian Cemetery by Nakhijevan’s Azerbajiani Authorities, Beirut, Lebanon, 2006):
Պատմական փաստաթուղթերու օգտագործումը ունի իր կարեւորութիւնը եւ նշանակութիւն:
ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆ
Հայ ժողովուրդը ենթարկելէ յետոյ Ցեղասպանութեան, թուրքերը բարբարոս կիրքով իրագործեցին նաեւ հայ ժողովուրդի պատմական եւ մշակութային ժառանգութեան փճացումը, քանդումը, անհետացումը:
Հայկական ճարտարապետութեան պատկանող կառոյցները ամէնէն շօշափելի ժառանգութիւնը կը կազմեն հայկական քաղաքակրթութեան: Այդ նիւթական կառոյցները «պատմական վաւերագրութիւններ են» եւ «վկաները», որոնք նոյնքան արժէք ունեցող փաստեր են:
Թուրքիա այսօր պէտք է խօսի 1915-1922 թուականներուն բռնագրաւած քրիստոնեայ հայութեան պատկանող հազարաւոր եկեղեցիներու եւ վանքերու մասին: Ինչո՞ւ Թուրքիոյ պետութիւնը որոշած է փոքրամասնութիւններուն վերադարձնել միայն 1936էն ասդին բռնագրաւած կալուածները եւ գիտակցաբար կ՛անտեսէ 1915-1922ի ընթացքին բռնագրաւած հողային անթիւ կալուածները՝ ներառեալ եկեղեցիներն ու վանքերը… (տե՛ս՝ Յարութ Սասունեանի մէկ յօդուածը, «Ասպարէզ» օրաթերթ, Լոս Անճելըս, Ուրբաթ, 23, Դեկտեմբեր, 2011, էջ 2): Ինչպէ՞ս կարելի է անտեսել փաստագրուած վկայութիւնները, որ Թուրքիան բռնագրաւած է հայութեան պատմական հայրենիքին մեծագոյն բաժինը՝ Արեւմտահայաստանը եւ Հայկական Կիլիկիան եւ կողոպտած հայութեան նիւթական եւ մշակութային ամբողջ հարստութիւնը:
Փրոֆ. Վահագն Տատրեան, իր մէկ ուսումնասիրութեան մէջ կը յիշեցնէ զուիցերիացի պատմաբան՝ Samuel Zurlinden-ը, որ Ցեղասպանութեան մանրամասն ուսումնասիրութեան մը մէջ, կը մէջբերէ «գերմանական հաւաստի» աղբիւր մը, որ իր կարգին կը հաստատէր. «Ինչ որ իրապէս պատահեցաւ ամենալայն տրամաչափի վրայ՝ սեփականազրկութիւնն էր 1.5 միլիոն քաղաքացիներու»:
Իսկ Հալէպի մէջ, Ամերիկայի հիւպատոս Ճեքսըն, մատնանշած է Ցեղասպանութեան մէջ թրքական կառավարութեան ունեցած մեծագոյն դերը՝ ստացուածքներու գրաւումը եւ անոնց իւրացումի աշխատանքները: Ճեքսըն այս Ցեղասպանութիւնը ներկայացուցած է իբր «կողոպուտի հսկայական ծրագիր մը եւ միաժամանակ վերջնական հարուած մը է՝ ոչնչացնելու համար հայկական ցեղը» (տե՛ս՝ «Նոր Օր» շաբաթաթերթ, Լոս Անճելըս, Հինգշաբթի, Յուլիս 26, 2012, էջ 2 եւ 11):
Ցեղասպանութիւնը ո՛չ միայն ազգի մը կամ կրօնական խումբի մը վերացումն ու անոր ֆիզիքական բնաջնջումն է, այլ նաեւ անոր ազգային եւ մշակոյթին ոչնչացումը: Այսօր, բազմաթիւ վկայութիւններուն կու գայ միանալու նաեւ փրոֆ. Քլոտ Արմէն Մութաֆեանի հեղինակաւոր ձայնին, որուն համաձայն. «Under Turkish domination per the Treaty of Lausanne of 1923, practically no Armenian monuments remain» («1923ի Լօզանի դաշնագրով թրքական տիրապետութեան տակ դրուած շրջաններուն մէջ գրեթէ ոչ մէկ հայկական յուշակոթող մնացած է») (տե՛ս՝ «Yergir 2 Երկիր», տպգր. հայերէն, անգլերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով, Հայաստան, անթուական, էջ 34):
Ոչնչացնել ժողովուրդ մը՝ կը նշանակէ նաեւ խախտել մարդկութեան հոգեւոր ներդաշնակութիւնը:
Հետեւաբար, հիմնուելով վերը ներկայացուած պատմական փաստաթուղթերուն վրայ, 1893-1919 տարիներու շրջանին՝ Արեւմտահայաստանի տարածքին վրայ կային թիւով շուրջ 200-229 գործօն վանքեր եւ մօտաւորապէս 1639-2050 եկեղեցիներ: Սակայն, այս թիւերը ամբողջական չեն, նկատի ունենալով, որ Հայաստանի վանքերը յաճախ ունեցած են մէկէ աւելի եկեղեցիներ. օրինակ՝ Վարագայ վանքը (Վան քաղաքին մօտակայքը) ունեցած է 7 եկեղեցիներ, Իննակնեան կամ Սուրբ Կարապետ կոչուած վանքը (Մուշ գաւառին մէջ) ունէր 3-4 եկեղեցիներ կամ Նարեկի վանքը (Վան նահանգին մէջ) ունէր երկու եկեղեցիներ (Հմմտ. Մելիքբախշեան Ստեփան, «Հայոց Պաշտամունքային Վայրեր», Երեւան, 2009): Վարագ լերան վրայ գտնուող նշանաւոր Սուրբ Նշան վանքը ունէր եօթը եկեղեցիներ, իսկ Կամախի մէջ՝ Սեպուհ լերան վրայ գտնուող Աւագ վանքը (կոչուած նաեւ Տէրէվանք) ունէր երեք տաճարներ (Հրանտ Ասատուր, «Մեր Վանքերը», «Հասկ», պաշտօնաթերթ, Անթիլիաս, 1986, թիւ Յունուար, էջ 13 եւ 17):
Հետեւաբար, յայտնի է, որ վանքերուն կամ եկեղեցիներուն վերաբերող թիւերը մեզի կու տան միայն մօտաւոր գաղափար մը:
Մեր յիշած փաստաթուղթերը իսկապէս պատմական արժէք ունին, որոնք կը յիշեցնեն հռոմէական այն ասացուածքը, որ իր մէջ կը խտացնէ համայն մարդկութեան փոխանցուած պատմական դասը, թէ «Contra factum non valet argumentum», այսինքն՝ իրականութեան դիմաց՝ պատճառաբանութիւնները արժէք չունին:
Մեզի կը մնայ որոնել եւ օգտագործել բոլոր միջոցները, որպէսզի ամբողջանայ հայութեան պահանջատիրութեան թղթածրարը եւ իրաւական փաստարկումներով հետապնդուի անոր արդար իրաւունքը: Միաժամանակ, ցոյց տրուի աշխարհին, որ Թուրքիոյ ձեռքով գործադրուած ժողովուրդի մը Ցեղասպանութեամբ տեղի ունեցաւ նաեւ հայութեան «Մշակութային Ցեղասպանութիւն»ը, որուն իրագործումով՝ փճացումի, քանդումի եւ ոչնչացումի ենթարկուեցաւ նաեւ հայկական հարուստ ու դարաւոր քաղաքակրթութիւնը, որուն հետեւանքով տուժած է նաեւ մարդկային քաղաքակրթութիւնը: Այս իմաստով, համոզուած ենք, որ «Մշակութային Ցեղասպանութիւնը» միաժամանակ ունի ազգային եւ միջազգային ժխտական հետեւանքներ: Այսինքն՝ հայութեան «Մշակութային Ցեղասպանութիւնը» ահաւոր կորուստ մըն է ո՛չ միայն հայ ժողովուրդին, այլ միաժամանակ նաեւ համայն մարդկութեան:
Ակնկալելի է, որ հայ-թուրք պետական բանակցութիւններու ընթացքին, պատրաստ գտնուինք արծարծելու նաեւ մեր դարաւոր վանքերուն եւ եկեղեցիներուն «Մշակութային Ցեղասպանութեան» հարցը, ցոյց տալու համար, որ այդ հողային տարածքին վրայ ապրած եւ ստեղծագործած է հայ ժողովուրդը:
Միւս կողմէ, հարկ է մտածել, որ ժողովուրդի մը մարդկային եւ մշակութային ոչնչացումը, անկասկած, պիտի ունենայ նաեւ իր ժխտական անդրադարձը նոյնինք այդ Ցեղասպանութիւնը գործադրողին վրայ:
Հայոց Ցեղասպանութեան ահաւոր իրականութեան դիմաց, New York Times թերթը, իր Նոյեմբեր 9, 1919 թիւին մէջ, քաղաքական համոզում եւ կեցուածք ճշդեց՝ քաջաբար յայտարարելով. «Turkey is not reformable. It is most revolting tyranny that history has known» («Թուրքիան բարեփոխել չէ: Անիկա պատմութեան ծանօթ ամէնաատելի բռնապետութիւնն է»):
Պատմութիւնը պէտք է լաւ սերտել՝ դասեր քաղելու եւ արդարութիւն հետապնդելու նպատակով:
ՕԳՏԱԳՈՐԾՈՒԱԾ ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ
1) Հրանտ Ասատուր, «Մեր Վանքերը», «Մասիս», շաբաթաթերթ, Կ. Պոլիս, 1893, թիւ 3962: Այս գրութիւնը վերահրատարակուած է «Հասկ», պաշտօնաթերթին մէջ, Անթիլիաս, 1986ին, Յունուար:
2) «Ընդարձակ Օրացոյց Կոստանդնուպոլսոյ Սուրբ Փրկիչ Հիւանդանոցի», Կ.Պոլիս, 1904. տպագրութիւն Յ. Մատթէոսեանի:
3) «Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանին Կողմէ Թուրքիայի Արդարադատութեան Եւ Դաւանանքների Նախարարութեան Ներկայացուած Հայկական Եկեղեցիներուն Եւ Վանքերուն Ցուցակներն Ու Թաքրիրները», 1912-1913. Արեւելահայ թարգմանութիւն Ա. Խ. Սաֆրաստեանի: Ներկայիս այս ցուցակները կը պահուին Երեւանի Հանրային գրադարանի թրքերէն գիրքերու շարքին՝ 1-47 համարներու տակ:
4) Օրմանեան Մաղաքիա արք., «Հայոց Եկեղեցին», Գ. տպ., Կոստանդնուպոլիս, 1913. ցանկերը տեսնել էջ 261-269: Օրմանեանին այս աշխատութիւնը ունի նաեւ անգլերէն թարգմանութիւն մը, ուր կը գտնուին նաեւ այդ ցուցակները, տե՛ս Malachia Ormanian, The Church of Armenia, թրգմ. G. Marcar Gregory, 2nd ed., London, 1955, էջ 205-212:
5) Կոստանեանց Կ., «Հայոց Վանքերը», Մոսկուա, 1886:
6) Tableau approximatif des re՛paration et indemnite՛ pour les dommages subis la Nation Arme՛nienne en Arme՛nie de Turque…, Paris, 1919:
7) Թէոդիկ, «Գողգոթա Թրքահայ Հոգեւորականութեան», Կ. Պոլիս, 1921:
8) Գէորգ Մեսրոպ, «Թուրքիոյ Հայոց Կորուստները, 1915-1922», «Արեւ», օրկան, Գահիրէ, 1931, Յուլիս 16, թիւ 3792: Նոյն յօդուածը տպագրուած է նաեւ Ամերիկայի մէջ, տե՛ս «Հայաստանի Կոչնակ», շաբաթաթերթ, Պոսթըն, 1931, թիւ 25:
9) Ղազարեան Հայկազ Գ., «Ցեղասպան Թուրքը», Պէյրութ, 1968:
10) Տէր Խաչատուրեան Արտաշէս, «Հայ Մշակութային Եղեռնը», Պէյրութ, 1993:
11) Գէորգեան Ռեմոն Յ. եւ Բապուճեան Փօլ Պ., Les Arme՛nian dans l’Empire Ottoman a la Veille du Genocide, Paris, 1992.
12) Կարպիս Արմէն, «Մեր Մշակութային Կորուստները», «Ազատ Օր», թերթ, Աթէնք, 1995, Յուլիս, 24:
13) Կարապետեան Սամուէլ, «Հայ Մշակոյթի Յուշարձանները Խորհրդային Ադրբեջանին Բռնակցուած Շրջաններում», Երեւան, 1999:
14) Եարտըմեան Տաճատ Ծ. Վրդ., «Հայաստանի Վանքերուն Եւ Եկեղեցիներուն Մշակութային Կորուստը 1894-1896 Եւ 1915-1925 տարիներուն», Բ. տպգր. Վենետիկ, 2001:
15) Մելիքբախշեան Ստեփան, «Հայոց Պաշտամունքային Վայրեր», Երեւան, 2009: