ՊՈՒԷՆՈՍ ԱՅՐԷՍ, «Ռոյթըրզ».- Հազարաւոր արժանթինցիներ Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 17ին Պուէնոս Այրէսի փողոցները լեցուցին, իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու նախկին նախագահներէն Խուան Փերոնի, երբ անոր դագաղը կը փոխադրուէր նոր դամբարան մը։ Փերոնի երրորդ թաղման արարողութիւնն էր այս՝ իր մահէն ի վեր (1974)։
Արժանթինցիները ծաղիկներ նետեցին զինուորական ինքնաշարժի մը վրայ, որ կը փոխադրէր Փերոնի փայտեայ դագաղը՝ Արժանթինի դրօշակով ծածկուած։
«Վիվա Փերոն» աղաղակներ բարձրացան, մինչ Փերոնի աճիւնները կանգ առին յատուկ դամբարանին մօտ, որուն կառուցման համար ծախսուած էր 1.3 միլիոն տոլար։
Այս արարողութեան ընթացքին նաեւ բախումներ տեղի ունեցան, որոնց հետեւանքով վիրաւորուեցաւ 46 հոգի: