
Արհիապատիւ տէր Միքայէլ եպիսկոպոս Մուրատեան, առաջնորդ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Կաթողիկէ թեմին,
Գերապատիւ հայր Բարսեղ Ծայրագոյն վարդապետ Պաղտասարեան, ժողովրդապետ,
Արժանապատիւ տէր Վիգէն Աւագ քահանայ Վասիլեան,
Պատկառելի միութեանց ներկայացուցիչներ,
ՀՕՄի «Մայր» մասնաճիւղի վարչականներ եւ անդամուհիներ,
Համազգայինի «Անի» պարախումբի ղեկավարներ եւ անդամներ,
«Ասպարէզ»ի խմբագրութիւն, գործակիցներ, պաշտօնէութիւն,
Խօսք առնողներ, սգակիր բարեկամներ,
Եւ Շաքէի թաղման անհրաժեշտ բոլոր գործերը կատարող Մովսէս եւ Յասմիկ Փանոսեաններ,
Ի սրտէ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ բոլորիդ, որ յարգելով քրոջս՝ Շաքէին յիշատակը, ներկայ եղաք իր թաղման։
1948 թուականի Մայիս 6ին, երկինքէն ինկաւ ծաղիկ մը մեր տան մէջ, եւ եղաւ՝ Շաքէն, մշտաժպիտ եւ վառվռուն աչքերով։
Շաքէն մեծցաւ, դպրոց գնաց, աւարտեց եւ անցաւ գործի։ 1964ին երբ մեկնեցայ Պարսկաստան, Շաքէն 16 տարեկան էր, այնպէս որ լաւ չէի ճանչնար։ 1971ին կորսնցուցինք մեր մայրը։ Շաքէն շատ ծանր տարաւ մօր կորուստը։ Նոյն տարին ես փոխադրուեցայ Փարիզ։
1975ին սկսաւ Լիբանանի պատերազմը. ես մտահոգ էի եղբօրս եւ ընտանիքին, Շաքէի կեանքի ճակատագիրով։ Ինծի լուր հասաւ, որ Շաքէն կը զբաղի վիրաւորներու, հիւանդներու, կարիքաւորներու հիւանդանոց փոխադրութեամբ, ոմանց վէրքերը կապելով եւ այլն։
Ես սարսափեցայ, անմիջապէս կարգադրութիւն ըրի, որ Շաքէն գայ Փարիզ։ Սկիզբը չէր ուզեր, առարկելով որ ի՞նչ պիտի ընէր Փարիզ, իսկ Լիբանան մնալով կրնար օգնել հիւանդներու, կարիքաւորներու։ Ստիպուած՝ 1977ին եկաւ։
Երկու տարի ետք Շաքէն ղրկեցի Լոս Անճելըս, հոն ապրող մօրաքրոջս քով։ Շաքէն քանի մը տարի աշխատելէ ետք UCLA-ի քարտուղարական բաժինին մէջ մտաւ «Ասպարէզ» օրաթերթի ծանուցումներու բաժինը։ Այդ տարիներուն քոյր-եղբայր կապը հեռաձայնն էր եւ նամակը։
1988ին ամուսնացայ եւ մնայուն կերպով հաստատուեցայ Լոս Անճելըս։ Այսպիսով առիթ կ՛ունենայի նաեւ աւելի մօտ ըլլալու քրոջս եւ աւելի լաւ ճանչնալու զինք։ Եւ այդ ճանչնալը երկար չտեւեց։
Շաքէն Լոս Անճելըս հաստատուելով՝ անդամագրուած էր ՀՕՄի «Մայր» մասնաճիւղին, ՀՄԸՄին, Համազգայինի «Անի» պարախումբին եւ կ՛աշխատէր «Ասպարէզ» օրաթերթին մէջ։ Դարձած էր հռչակաւոր։
Ասիկա հաստատելու համար տամ օրինակ մը։ Լոս Անճելըս հաստատուելէս ետք, օր մը ներկայ եղայ ՀՕՄի հաւաքոյթի մը, ինքզինքս ներկայացուցի զոյգի մը՝ «Հրանդ Աճէմեան» ըսի, զոյգը զարմացած ինծի նայեցաւ, քովը կանգնած կին մը աւելցուց՝ «Շաքէին եղբայրն է»։ Օ՜, եղաւ պատասխանը։ Ու այսպէս՝ տարիներ։
Ուր որ ըլլայի, զիս կը ճանչնային իբրեւ «Ասպարէզ»ի կամ ՀՕՄի Շաքէին եղբայրը։
Եւ այսօր մշտաժպիտ քոյրս Շաքէն հոգեկան ժպիտով կը հեռանայ այս կեանքէն՝ մտնելով երկնային կեանքի դարպասէն ներս, իբրեւ իր ազգին, հայրենիքին եւ ժողովուրդին անսակարկ ծառայած անձ։
Ու ես կը յայտարարեմ, որ հպարտ եմ Շաքէի եղբայրը ըլլալուս համար։
……….
Հրաժեշտի Գազել
ՎԱՀԱՆ ՏԷՐԵԱՆ
Ամէն վայրկեան սիրով տրտում ասում եմ ես մնաս բարով.
Բորբ արեւին իմ բոց սրտում ասում եմ ես մնաս բարով:
Մնաք բարով ասում եմ ես բոլոր մարդկանց չար ու բարի,
Տանջվող ու որբ Ադամորդուն ասում եմ ես մնաս բարով:
Մնաք բարով ասում եմ ես ընկերներիս՝ մօտ ու հեռու,
Ոսոխներիս՝ չար ու արթուն ասում եմ ես մնաք բարով:
Երկնի մովին, կանաչ ծովին, անտառներին խոր ու մթին,
Գարնան ամպին լոյս ոլորտում ասում եմ ես մնաք բարով:
Ոսկեշղթայ իմ յուշերին, իմ գիշերին, իմ փշերին,
Արտոյտներին ոսկի արտում ասում եմ ես մնաք բարով:
Ծաղիկներին դեռ չբացուած, դեռ չկիզուած հոգիներին,
Մանուկներին վառ-խլրտուն ասում եմ ես մնաք բարով:
Գնում եմ ես մի մութ աշխարհ, հեռու երկիր,
էլ չեմ գալու,
Բարի յիշեք ինձ ձեր սրտում, մնաք բարով, մնաք բարով: