
Յարգելի Սգակիրներ՝
Դժուար է հրաժեշտի խօսք արտասանել մեծարժէք ընկերուհիի մը մահուան առիթով։
Դժուար է եւ տխրալից՝ հետեւիլ թաղմանական արարողութեան, որուն ընթացքին կը լսուի «Ի Վերին Երուսաղէմ»ը։
Հրաժեշտի այս տխուր պահուն, սրտի խոր կսկիծով, մեր յարգանքի վերջին տուրքը կը մատուցենք՝ խոնարհելով Հայ Օգնութեան Միութեան «Մայր» մասնաճիւղի հաւատաւոր եւ վաստակաւոր ընկերուհիներէն Շաքէ Աճէմեանի անշնչացած մարմինին առջեւ։
Յանուն ՀՕՄի «Մայր» մասնաճիւղի բոլոր անդամներուն՝ խորազգաց վշտակցութիւններս եւ ցաւակցութիւններս կը յայտնեմ հանգուցեալի եղբօր եւ հարազատներուն, «Ասպարէզ»ի տնօրէնութեան եւ խմբագրական կազմին, Համազգայինին եւ ՀՄԸՄին։
Ընկերուհի Շաքէն, ինչպէս միշտ, լուռ կ՛աշխատէր եւ նոյնապէս լուռ հեռացաւ առյաւէտ, իր ետին ձգելով իր ընտանիքը, իր սիրելիները եւ ընկեր-ընկերուհիները։
Ան իր խոնարհութեամբ, ազնուութեամբ եւ բծախնդիր ՀՕՄուհիի նկարագիրով, իր կեանքի օրերը անցուց անձնուէր ծառայութեամբ։
Ընկերուհի Շաքէն, հաւատալով Հայ Օգնութեան Միութեան բարեսիրական աշխատանքներուն՝ 1980ին անդամակցած էր «Մայր» մասնաճիւղին. ան երդուած էր ջանք չխնայել իր պատկանած միութեան վերելքին եւ անոր նպատակներու իրականացման։ Աւելի քան չորս տասնամեակներ ծառայած է իր ազգին եւ պատկանած միութեան՝ ստանձնելով զանազան պաշտօններ, տարած վարչական աշխատանքներ, մեծ ներդրում ունեցած էր Շրջանայինի եւ մասնաճիւղի յանձնախումբերու աշխատանքներուն, ի մասնաւորի ՀՕՄի «Մայր» մասնաճիւղի Մարկօ Սերոբեան շաբաթօրեայ վարժարանի յանձնախումբին։
Այս բոլորը ետին ձգած՝ ֆիզիքապէս յոգնած կեանքի պայքարէն, այսօր դուն կը փոխադրուիս անդէնական, սակայն, գործերովդ կը մնաս միշտ կենդանի մեր մէջ եւ օրինակ՝ յաջորդներուն։
Սիրելի ընկերուհի Շաքէ՝ ճիշդ է, որ անգութ մահը եկաւ եւ խլեց քեզ սիրելիներէդ, հարազատներէդ եւ ընկերուհիներէդ, որոնցմէ առյաւէտ պիտի բաժնուիս, սակայն քու անհատականութեան վեհութեամբ մեր յիշողութեան մէջ պիտի յաւերժանաս, անունդ անմահ պիտի մնայ եւ յիշատակդ՝ խնկելի։
Սիրելի ընկհերուհի, այսօր մենք մարմինիդ միայն հրաժեշտ կու տանք, սակայն քու հայատրոփ հոգին եւ ազգային գաղափարները մեզի հետ պիտի մնան առյաւէտ՝ իբրեւ լուսաւոր փարոս։
Երթաս բարով, սիրել ընկերուհի, ննջես խաղաղ, թող որ այս օտար հողը թեթեւ գայ վրադ, եւ այս տողերը արդար յիշատակիդ ու վաստակիդ համար ըլլան ափ մը խունկ եւ ծունկ մը աղօթք։
Յարգանք վաստակիդ։
Աղօթք յիշատակիդ։
Թող Աստուած քեզ արժանացնէ երկինքի արքայութեան եւ հոգիդ հանգչեցնէ իր լուսեղէն յարկերուն տակ։
Հողը թեթեւ ըլլայ վրադ, ընկերուհի Շաքէ։
Յիշատակդ անթառամ։
ՀՕՄ-Ի «ՄԱՅՐ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ